Moushegh Ishkhan (Armenian: Մուշեղ Իշխան) (born as Jenterejian, 1913 Damascus – 1990 Beirut) was an Armenian Diasporan poet and writer. Orphaned during the Armenian Genocide at the age of two, Ishkhan was raised in Beirut, Lebanon. He graduated from the local Armenian schools and went to Belgium to study in the University of Brussels in 1938, but World War II interrupted his studies and in 1940 he returned to Beirut.
His first book of poems was published in 1936. He also published plays, novels, and a series of textbooks on Armenian literature in addition to his well-known poetry.
An Ishkhan Museum is opened at Yerevan school No. 5 and the school is named after him.
Below is a selection of his poetry in Armenian.
ՀԻՆՆ ՈՒ ՆՈՐԸ
Մեր գրկին մէջ, մեր աչքին դէմ մեղմօրէն
Կը մահանայ վաստակաբեկ Հին Տարին.
Կէս-գիշերուան զարկերն ահա կը թաղեն
Ժամանակի փակեալ դագաղ Հին Տարին։
Մա՞հ թէ ծնունդ՝ խորհրդաւոր այս պահուն…
Նոյն յարկերէն կը մտնէ ներս Նոր Տարին.
Սրտերն ամէն կ՚ըլլան յանկարծ հարսնետուն
Եւ կը գրկեն կեանքով յորդուն Նոր Տարին։
Մերն էր երէկ, մեր կուրծքերուն հեւքին պէս,
Մեզ բախտակից, մեզ ուղեկից Հին Տարին.
Յուշ է այսօր, մէգ ու մշուշ մահամերձ
Յաւերժութեան անդարձ ժառանգ Հին Տարին։
Կու գայ փառքով, զէն ու զարդով յաղթական
Աստեղաշող, մեծահանդէ՜ս Նոր Տարին.
Երգ է պայծառ եւ ցնծութիւն տօնական
Զանգերու ձայն, փողերու կանչ Նոր Տարին։
Որքա՜ն սէրեր ու երազներ լուսալիր
Տարաւ իր հետ անդունդն ի վար Հին Տարին.
Ժպիտն՝ արցունք եւ կրակներն ալ մոխիր
Ըրաւ, աւա՜ղ, սա անողոք Հին Տարին։
Թող գայ բարի՜ եւ բարբառի ամենուն
Նոր յոյսերու աւետաբեր Նոր Տարին։
Երկնի բոցէն վառէ մոմեր գոյնզգոյն
Շողշողուն ծառ ու լուսաբա՜ր Նոր Տարին
ԸՆԿԵՐՆԵՐ ԿԱՆ
Որքա՜ն անուշ հոգիներ կան ամէն տեղ,
Սարի քնքուշ ծաղիկներուն պէս բուրեան.
Սարէն հոսող ջուրերուն պէս դիւթական՝
Որքա՜ն կեանքեր կը կարկաչեն սիրազեղ։
Քաղցրալեզու եւ քաղցրասիրտ ո՛վ մարդիկ,
Աղն էք երկրին եւ լոյսը՝ մութ երկինքին.
Ձեզմով հարուստ եւ ձեզմով միշտ երջանիկ՝
Կարօտագին ես կը վազեմ այս կեանքին։
Որքա՜ն բարի ընկերներ կան ամէն դի՝
Ինչպէս խոնարհ պտղատու ծառ թեւաբաց.
Հովերուն դէմ կանգնած իբրեւ սէգ կաղնի՝
Որքա՜ն ձեռքեր կը բարեւեն քեզ յանկարծ։
Ո՛չ մէկ գինի, բարեկամնե՛ր աննման,
Ձեր բարութեան, ձեր արութեան համն ունի.
Օր մը գուցէ այս աշխարհէն կշտանամ,
Բայց ձեր կարօտն իմ մէջ յաւէտ կ՚արիւնի։
Որքա՜ն անձեր, որքա՜ն գանձեր կան մեր
շուրջ, Ճառագայթի եւ աղօթքի պէս արդար.
Հոգեճաշակ համբոյրի պէս սրբաշունչ՝
Որքա՜ն նայուածք քեզ կը գրկեն գաղտնաբար…
ՀԱՅ ՀՈԳԻՆ
Հրաշագործ, հրաշալի՛ հայ հոգին,
Յաւերժական լոյսի մը պէս շողշողուն,
Օր մը իջաւ Արարատի բարձունքին
Եւ նուաճեց խաւարն անթիւ դարերուն:
Հայոց աշխարհ իրմով դարձաւ բուրաստան,
Փոքրիկ ածու, բայց գերազանց բոլորէն,
Ուր ծաղկեցան վսեմ գործեր արութեան
Եւ ուր փառքի նոր ընձիւղներ կը ժայթքեն:
Երկնապարգեւ շնորհ ու շունչ հայ հոգին,
Մեզ սկիզբէն վառեց բոցովն աստղերուն
Եւ նուիրեց Ազատութեան տաճարին՝
Հայկէն մինչեւ վերջին ժառանգն հայկազուն:
Ամէնուրեք, ապառաժէն իսկ դաժան
Բխեցուց ջուրն անմահական գորովի,
Տառապանքէն քամեց գինին խնդութեան,
Վէրքերը մեր փոխեց անուշ սրինգի:
Հայ վանքերու խուցերուն մէջ մթամած
Ինքն էր հեղեղն աղօթքներուն նարեկեան,
Կանթեղը վառ որ դարէ դար պլպլաց
Էջին վրայ մեր ոսկեղէն դպրութեան:
Սիրագորով, գանձերու ծո՛վ հայ հոգին
Երգ ու տաղով բարբառեցաւ ամէնուն՝
Եւ իր անյայտ, աստղանուագ մեղեդին
Դարձաւ համերգ Կոմիտասի շրթներուն:
Բաշխուեցաւ հանճարներուն մեր բոլոր,
Քնարակիր գուսաններուն վաղեմի,
Շեփորահար քերթողներուն թեւաւոր
Եւ այդ մեր մէջ եւ մեր վերեւ կը ծագի:
Բազմաչարչար, անյիշաչար հայ հոգին,
Քանի՜ սուրով զինք խոցեցին վատաբար,
Քանի՜ շղթայ զարկին իր սէգ թռիչքին,
Բայց ինք մնաց կենսանորոգ ու դալար:
Իր հարազատ պատկերն է սուրբ մեր լեզուն,
Որ կը հնչէ զանգերուն պէս Յարութեան,
Իր տեսիլքէն կը կրէ կեանք եւ արիւն
Ամէն տաճար, ամէն գմբեթ հայկական:
ԿՏԱԿ
Դեռ չհասած իմ վաստակիս վախճանին,
Կտակս ահա քեզի ընծայ գերագոյն
Կը ծրարեմ անցեալս ամբողջ այս պահուն
Եւ գալիքին ոսկեղէն յոյսն ալ անդին…
Երբ զայն քակես օր մը ձեռքով դողահար,
Հոն չգտնես գուցէ ինչ որ յուսացիր,
Բայց ես կ'ուզեմ որ դուն ըլլաս ջահակիր
Հօրենական մեծ աւանդի մը պայծառ:
Ո՛չ գանձ ունիմ, ոչ պարտէզներ ու պալատ,
Ո՛չ իսկ խրճիթ եւ կամ խոպան ափ մը հող,
Այլ կը յանձնեմ քեզի երազ մ'այգաշող
Եւ փառքն անբիծ Հայ անունին հարազատ…
Կտակս ահա…շա'տ աւելին դուն ունիս
Քան աշխարհի բոլոր գանձերն անցաւոր.
Հայ դարերու փոթորիկէն ահաւոր
Կը ժառանգես դուն ալեկոծ իմ հոգիս…
Քուկդ է, մանչուկ, շքեղ տեսիլքը մեր մեծ,
Որ ծովերուն դէմ արցունքի եւ արեան
Շողաց իբրեւ նորոգ կեանքի ծիածան,
Որուն յառած՝ հայրս աչքերն իր փակեց:
Աւարտ մարտի խոնջ պսակին փոխարէն՝
Ոգեծփուն ու վառ դրօշ մը քեզի,
Որ զայն պարզես քո'ւ բազուկով քաջարի
Յաղթանակիդ լերան ազատ կատարէն:
Մեր տառերուն աստղերն ըրած ճակտիդ թագ
Եւ շրթներուդ՝ աղօթքն անմահ Հայ երգին,
Եղի՛ր միշտ տէր իմ սրբաշունչ կտակին-
Հաւատքի սիւն եւ նոր Ուխտի Տապանակ…
ԵՐԳԸ ԽՂՃԻ
Վախցիր երբ սիրտդ կ'արիւնի,
Վէրքը խղճի չունի դարման,
Օր ու գիշեր պիտի բանի.
Մինչեւ հատնի կեանքի ճամփան:
Քեզ չեն կարող էլ վշտակցել,
Խիղճդ ծակող ցաւի համար,
Խղճի արեան ամէն կաթիլ
Կ'իյնայ ծածուկ եւ աննշմար:
Վախցիր երբ սիրտդ անբասիր,
Մեղապարտի պես կարիւնի,
Եւ կ'դառնայ տեր ու դպիր
Կեանքն արիւնող ամեն ցաւի:
Աչքերիդ դէմ խղճահարի,
Պիտի յորդի մեղքը մարդոց,
Պիտի քայլի զօրքը չարի.
Աշխարհի մեջ տառապակոծ:
Վախցիր երբ դեմքդ է միշտ ժպտուն,
Բայց կ'արիւնի խիղճդ ներսէն
Երբ կը կիսես հացը մարդուն
Բայց արեան համ կըգայ հացէն:
ԴՈՒՆ ՄԻԱՑԱՐ ՄԵՐ ՀՈՂԻՆ
Մայր իմ` արեւ ու հեռանուշ լուսնկայ,
Դարձար նշխար ու միացար մեր հողին,
Եւ հողն անուշ հայրենիքին հնամեայ,
Քիչ մ?աւելի անուշցաւ?
Մայր իմ` երկինք եւ առաւօտ սրբալոյս,
Դուն մեր հողին տուիր հոգիդ խնկաբոյր
Եւ հողը սուրբ` լուսապսակ պապերուս`
Քիչ մ?աւելի սրբացաւ?
Մայր իմ, դուն գանձ եւ անսպառ ոսկեհանք,
Դարձար խորհուրդ եւ հողակոյտ աննշան,
Բայց գանձն անխոյզ մեր հողերու լանջքին տակ`
Քիչ մ?աւելի աճեցաւ?
Մայր իմ` աղբիւր անհաս հրաշքին,
Գացիր ննջել Լուսաւորչի աստղին տակ
Եւ սիրտն անհուն Հայաստանի մայր հողին
Քիչ մ?աւելի մայրացաւ ?
Մայր իմ` երդիք, մայր իմ` սեղան տոհմական,
Հարազատ բառ եւ սուրբ բարբառ մայրենի,
Քեզմով հիմա աշխարհն հայոց աննման
Քիչ մ?աւելի հայացաւ?
ՄԵՐ ՏՈՒՆԸ
Ամէն իրիկուն, պտոյտէն դարձին,
Երբ կը մօտենանք մեր տան փողոցին,
Գառնուկի մը պէս որ կ'երթայ փարախ՝
Դուն թեւըդ պարզած կ'աւետես ուրախ.
-Հո՜ն է, տե'ս, հայրիկ, մեր տունը սիրուն…
Սիրտըս կ'արիւնի թախիծով անհուն,
Բայց մունջ է լեզուս, իմ անտուն իշխան.
Անտեղեակ հայու քու բախտիդ դաժան՝
Չես գիտեր դեռ դուն որ խրճիթ մ'անգամ
Չունիս շէնքերու շարքին մէջ փարթամ:
Այն դրան սեմին, ուր կ'երգես անհոգ,
Այսօր իսկ յանկարծ կրնայ գալ իրօք
Մարդ մը մեծազօր եւ իբրեւ տանտէր՝
Կրնայ մեր գլխուն արձակել շանթեր
Ու խլել ձեռքէդ բոյնըդ սիրասուն:
Ժպիտով օծուն ո՜վ ողբերգութիւն…
Ինչպէ՜ս պատմել քեզ որ չունինք մենք տուն,
Որ մեր հայրենի երդիքը զուարթ
Մարդիկ բարբարոս ըրին քար ու քանդ
Գիւղի մը դալար բարտիներուն տակ…
Դուն, տղա՛ս, մեր տան ճրագը միակ,
Ես կը հաւատա՛մ որ պիտի կանգնես,
Սասունցի անյաղթ նոր Դաւիթ մ'ինչպէս,
Տնակըդ աւեր մեր հողին վրան
Եւ թեւըդ պարզած ըսես յաղթական.
-Հո՜ն է, տե՛ս, հայրիկ, մեր տունը սիրուն…
ՏԱՂ ԼԻԲԱՆԱՆԻՆ
Հալածական ու տարագիր որբ մանուկ՝
Հեռուներէն քեզի եկայ, Լիբանա՛ն.
Եւ դուն ինծի բացիր քու գիրկդ տաքուկ
Գուրգուրանքով մայրական:
Հայ տուներու, հայ գիւղերու հրդեհէն
Այրած բիբերս ագահօրէն ըմպեցին
Անդորրն անհուն եւ ժպիտներն ոսկեղէն
Քու կապուտակ երկինքին:
Ու ես գտայ իմ ծառաւիս դէմ անծիր
Կարկաչն անուշ քու լուսաբուխ ջուրերուն.
Իմ սովատանջ քաղցիս առջեւ դուն բացիր
Մրգաստաններդ բեղուն:
Երկի՜ր լոյսի եւ սիրառատ բարութեան,
Օրհնեա՜լ երկիր հնադարեան հաւատքի,
Ուր գեղակերտ լեռներ երկինք կ'ամբառնան
Իբրեւ աղօթք վիթխարի…
Յաւերժական մայրիներուդ շուքին տակ,
Շոճիներուդ կանանչին մէջ թաւշային,
Վերագտայ իմ սէրերուս հետ անյագ
Կեանքի վսե՜մ մեղեդին:
Ծով ու արեւ՝ երկու աստուած, երկու սէր,
Քեզ կը գգուեն, քեզ կը ցանկան յաւիտեան.
Եւ դուն անոնց տարփանքին մէջ տարուբեր՝
Յաւերժահա՜րս դիւթական…
Քա՜ղցր է շնչել, մայրիներուդ բոյրին պէս,
Քու համասփիւռ ազատութիւնդ ամէն օր,
Զոր ես կը զգամ դէմքիս վրայ եւ կարծես
Սարերուդ շունչն է հզօր:
Ես կը սիրեմ ճակատը սէգ Սանինի,
Հայրենական ինչպէս իմ լեռն Արարատ
Եւ հողդ սուրբ այդ իմ սրտիս կը խօսի
Հայ հողին չափ հարազատ:
Քեզ արեւող ամէն մէկ փառք ու ժպիտ
Իմ օրերուս եւ իմ վրաս կը ծագին
Եւ ամէն վէրք որ կը բացուի քու կուրծքիդ՝
Կ'արիւնէ սիրտըս ուժգին:
Զի ես ահա, իմ բազուկով շինարար,
Քու պատմութեան ճամբուն վրայ, Լիբանա՛ն,
Զաւակներուդ հետ կը կերտեմ քար առ քար
Քու լուսաշող ապագան:
ՁԵՌՔ ՁԵՌՔԻ
Թաթիկըդ ափիս, մենք հայր ու տղայ,
Կ'անցնինք փողոցէն շքերթի՜ մը պէս.
Նոր իջած գրկէս, այս ճամբուն վրայ,
Առաջին դողդոջ քայլըդ կը նետես:
Ես քեզ հովանի՞, թէ դուն ինձ նեցուկ,
Իրարմով հպարտ՝ երբ կ'երթանք կեանքին,
Կ'ուզեմ որ մարդիկ դառնան կամացուկ
Եւ մեզ երջանիկ տեսնեն միասին:
Չունեցայ ես հուրն ափերուն իմ հօր,
Ո՛չ ալ իր թեւին շուքը պահապան.
Գոնէ դուն, տղա՛ս, ըլլաս բախտաւոր
Եւ բռնած ձեռքէս՝ քալես անսասան:
Մաքուր են անոնք, ձեռքերս դալար,
Զոր ահա սիրով կ'երկարեմ քեզի.
Հերկեցին դաշտեր վաստակի արդար,
Ցանեցին սերմեր ոսկեղէն յոյսի:
Բայց, տե՛ս, կը դողան անոնք այս պահուն.-
Քեզ ի՞նչպէս տանին ծաղկաւէտ ճամբան,
Ուրկէ անսայթաք եւ շուրջըդ գարուն՝
Քալես դէպի վեր, պայծառ ապագան: