Parochial visit to Rahva, Gyardabad and Urmia in North-West Iran

Parochial visit to Rahva, Gyardabad and Urmia in North-West Iran

Catholicosal Vicar of the Armenian Prelacy of Azarbaijan (Aderbadagan), Tabriz – Iran, Very Reverend Father Krikor Chiftjian paid a parochial visit to the villages of Rahva and Gyardabad and to the city of Urmia, where Armenians live.


Father Chiftjian was accompanied by the Chairman of the Prelacy Council Mr. Ruben Jananian and member Azat Matevosyan. The first stop was the Saint Mary (Surb Astvatsatsin) historical church in Rahva. The visitors were greeted with traditional “salt and bread”.


Parish priest of Urmia Father Nerses Pasilian and members of the church bodies joined them. Member of Parliament Samvel Batalian gave a brief presentation about the past and present of the village. The church has been renovated for the last time in 1892 and needs immediate attention. Head of the Church Committee Mr. Hamo Mkrtchian provided information about the population and showed photos of famous people from the village. He showed a photo taken in 1913, a year after the Titanic incident, when one of the Rahva inhabitants sent a group photo from America taken with relatives in order to show that he had survived the Titanic incident.  A second survivor of Titanic was an inhabitant of Gyardabad village.


The Very Reverend blessed the population and talked about the 40 days of the Lent period during the pre-Easter time. Then he referred to the condition of the Armenians living in remote places such as these villages and underlined the need to keep the Armenian spirit alive. He referred also to the role of parents in educating the new generation thus being their first teachers. Before his departure the Very Reverend met with the population in the central square.


Father Chiftjian then moved with his entourage to the village of Gyardabad, where they were welcomed warmly by the local population. 


After doing the prayers in the historical church of Saint Gevorg, Father Chiftjian was briefed by Church Committee's Chairman Mr. Nejdhik Papayan, who gave information about the renovation work and the details related to the huge plot of land owned by the church in the neighbourhood.


The last stop was in the city of Urmia, where religious ceremony was conducted in the Saint Stephanos Church. The meeting with the local population was an opportunity to discuss the civil rights that Armenians in general enjoy in this country.  He encouraged the members of the church to participate actively in the upcoming elections in Iran, thus practicing their rights and to make their voice heard in the Parliament of the country.


After going through various issues on the agenda, Reverend Father was hosted by Etik and Sandra Mejloumian?s, who were the major sponsors of the renovation of Saint Stephanos Church several years ago.
After the parochial visit, Father Chiftjian returned back to Tabriz.


Press Release by the Armenian Prelacy of Azarbaijan, Tabriz – Iran, March 2012


Up-left photo: Very Reverend Father Krikor Chiftjian welcomed with “salt and bread” in Rahva.


English text by Azad-Hye






TEXT IN ARMENIAN


ԱՏՐՊԱՏԱԿԱՆԻ ԹԵՄ


ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱԿԱՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՐԱՀՎԱ ԵՒ ԿԻԱՐՏԱՊԱՏ ԳԻՒՂԵՐԸ ԵՒ ՈՒՐՄԻԱ ՔԱՂԱՔԸ


Ազգային Առաջնորդարան, Թաւրիզ – Մեծ Պահքի առիթով, Ատրպատականի Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Գրիգոր Ծ. Վրդ. Չիֆթճեան, հովուական այցելութեամբ եղաւ Րահվա եւ Կիարտապատ գիւղերու ժողովուրդին հետ, եւ ապա այցելեց Ուրմիա հայահոծ քաղաքը:


Հայր Սուրբին կ'ընկերանային Թաւրիզէն՝ Թեմական Խորհրդի Ատենապետ Պրն. Ռուբիկ Ջանանեան եւ անդամ Պրն. Ազատ Մաթեւոսեան: Այցելութեան առաջին հանգրւանը եղաւ Րահվա գիւղի Ս. Աստուածածին պատմական եկեղեցին: Դարպասին առջեւ տեղի ունեցաւ ժողովրդային դիմաւորութիւն եւ ?Աղ ու Հաց?ի աւանդական օրհնութիւն: Ապա, ?Ուրախ լեր? շարականի երգեցողութեամբ Հայր Սուրբը առաջնորդուեցաւ դէպի Ս. Խորան:


Դիմաւորութեան համար Րահվա եկած էին նաեւ Ուրմիայի հոգեւոր հովիւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Պասիլեանը, ազգային երեսփոխաններ եւ հոգաբարձական կազմի անդամներ: Բարի գալստեան խօսքով հանդէս եկաւ շրջանի երեսփոխան՝ Պրն. Սամւէլ Բադալեանը, որ նաեւ գիւղի անցեալն ու ներկան ներկայացուց ամփոփ գիծերու մէջ: Հնամենի եկեղեցւոյ պատմութեան անդրադառնալով, ան ըսաւ, որ 1892-ին եկեղեցին վերջին անգամ վերանորոգուած է, եւ ներկայիս ալ կարիք ունի վերանորոգութեան: Գիւղապետ եւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ պրն. Համօ Մկրտչեան տեղեկութիւններ տուաւ գիւղի բնակչութեան մասին, եւ պատմական լուսանկարներու ճամբով ծանօթացուց Րահվացի ականաւոր անձերը: Ան ցոյց տուաւ նաեւ այն լուսանկարը, որ 1912 թւին ընկղմած ?Թայթէնիք? նաւուն վրայ գտնւող Րահվացի հայը, յաջորդ տարին՝ 1913-ին լուսանկարուած էր Ամերիկայի մէջ ապրող իր հայրենակիցներուն հետ եւ ուղարկած էր Րահվա գտնուող իր հարազատներուն, ապացուցելու, թէ ինք փրկուած է այդ աղէտէն?: Յայտնենք, որ նոյն աղէտէն փրկուած երկրորդ հայն ալ Կիարտապատ գիւղէն եղած էր, որուն մասին ծանօթութիւն փոխանցեցին Գեարդապատցի հայերը:


Հայր Սուրբը իր օրհնութեան խօսքը փոխանցեց գիւղաբնակ փոքրաթիւ համայնքի անդամներուն: Ան խօսեցաւ քառասնորդաց պահեցողութեան մասին, եւ ապա անդրադարձաւ հեռաւոր այդ շրջաններուն հայկական ոգին պահպանելու կարեւորութեան: Տան դաստիարակութիւնը կենսական նկատեց Հայր Սուրբը, յատկապէս շեշտելով ծնողներուն դերակատարութիւնը նոր սերունդի հայեցի կրթութեան աշխատանքին մէջ, իբրեւ առաջին ուսուցիչ: Ապա, գիւղի կեդրոնատեղիին մէջ հաւաքուած ժողովուրդի հետ հանդիպում ունենալով, անոնց կեանքին եւ առհասարակ մտահոգութիւններուն մասին տեղեկացաւ Հայր Սուրբը, միաժամանակ իր թելադրութիւնները կատարելով:


Րահվայէն Կաթողիկոսական Փոխանորդը ուղղուեցաւ Կիարտապատ գիւղը, ուր դարձեալ ժողովրդային դիմաւորութիւն տեղի ունեցաւ: Ս. Գէորգ հնամենի եկեղեցւոյ կամարներուն տակ կանոնական աղօթք կատարելէ ետք, Հայր Սուրբը Աստուածաշնչական դրուագներով ինքնահայեցողական կեանքի մասին բացատրութիւն տուաւ: Գիւղապետ եւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ պրն. Նժդիկ Պապայեան տեղեկութիւններ փոխանցեց գիւղի անցեալի եւ ներկայի մասին, եկեղեցւոյ վերանորոգութեան աշխատանքներուն եւ շրջակայ հսկայ հողատարածքին մասին ծանօթութիւն տալով: Ապա, եկեղեցւոյ խնամակալ տիկնանց պատրաստութեամբ, Հայր Սուրբը իր շքախմբով հիւրասիրուեցաւ տէր եւ տիկին Արբակ եւ Ժագլին Սեդրակասակներու բնակարանին մէջ, գիւղի պատասխանատուներուն հետ խորհրդակցութիւն ունենալով:


Կիարտապատ գիւղէն Կաթողիկոսական Փոխանորդը իր ընկերակիցներով ուղղուեցաւ Ուրմիա քաղաքը, ուր դարձեալ, Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ տեղի ունեցաւ եկեղեցական արարողութիւն: Յաճախ շրջանները այցելութիւն տալու իր խոստումը յարգած ըլլալու հաւատարմութեամբ, Կաթողիկոսական Փոխանորդը իր խօսքը ուղղեց ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդին: Ան անդրադարձաւ պահեցողութեան իմաստին, եւ յատկապէս քառասնօրեայ պահեցողութեամբ Ս. Յարութեան տօնին նախապատրատուելու քրիստոնէական ուսանելի կեանքին:


Ժողովուրդին հետ հանդիպումը նաեւ առիթ հանդիսացաւ Հայր Սուրբին համար, անդրադառնալու քաղաքացիական պարտաւորութիւններուն, յատկապէս խորհրդարանական ընտրութեանց այս շրջանին: Քուէարկելու քաղաքացիական պարտաւորութիւնը նաեւ մեր քրիստոնէական-հայկական փոքրամասնութեան համար դրական որոշում նկատելով, Կաթողիկոսական Փոխանորդը քաջալերեց մեր ժողովուրդի զաւակները, ուղղուելու դէպի քուէատուփեր, եւ ազգային մեր ձայնը իւրաքանչիւրին քուէով հասցնելու խորհրդարան: Ժողովրդային դիմաւորութենէն եւ եկեղեցական արարողութենէն յետոյ, Հոգաբարձութեան հետ խորհրդակցական հանդիպում տեղի ունեցաւ, որու ընթացքին քննարկուեցան տեղւոյն կրօնական, եկեղեցական, իրաւական, կալուածային եւ կառավարական յարաբերութեանց հետ առնչուած հարցեր:


Երեկոյեան, Հայր Սուրբը ընթրիքի հիւրը եղաւ ազգային բարերար տէր եւ տիկին Էդիկ եւ Սանտրա Մէջլումեաններուն, որոնց իշխանական նուիրատուութեամբ մի քանի տարիներ առաջ հիմնովին կառուցուած էր Ուրմիայի Ս. Ստեփանոս եկեղեցին:  Ապա ուշ գիշերին Հայր Սուրբը վերադարձաւ Առաջնորդարան՝ Թաւրիզ:


Ազգային Առաջնորդարան Ատրպատականի Հայոց Թեմի
Թաւրիզ
Մարտ 2012


























In Rahva village



In Saint Mary Church in Rahva



In front of Saint Gevorg Church in Gyardabad



In Saint Stephanos Church in Urmia



With Mejloumian dynasty

  1. Կցանկանայի հայտնել իմ շնորհակալությունը Ազատ-Հայ հրապարակման այս հոդվածը. Ես գտնում եմ, Ձեր կայքը շատ տեղեկատվական եւ լավ աղբյուր բազմազան նորություններին ողջ հայ բնակչության կենտրոններում: Պահպանեք լավ աշխատանքը:

    Ես ծագումով Ուրմիա քաղաքից եւ Րահվա գյուղի անձամբ եւ այդպես է եղել իմ ծնողներն ու նրանց համապատասխան ծնողները.

    Մեծ հարգանքով ձեր բոլոր ջանքերում,
    Արա Փանոսյան
    Անգլիա
    27/04/2012

Comments are closed.