“The role of the Armenian student in the struggle for the Armenian Cause”

“The role of the Armenian student in the struggle for the Armenian Cause”








AMBASSADOR VAHAN DER GHEVONTIAN
Ambassador of Armenia to Lebanon Vahan Der Ghevondian


?



?


A conference organized by the A.R.F. Zavarian Student Association


?


On the 14th of May 2006, the A.R.F. (Tashnak) party?s Zavarian Student Association, based in Lebanon, organized a conference on “The role of the Armenian student in the struggle for the Armenian Cause”, where representatives of Armenian schools? secondary classes, Armenian student associations and clubs in Lebanese universities and, Armenian youth and student organizations participated in the event. His Excellency Mr. Vahan Ter Ghevondian, Ambassador of Armenia in Lebanon, and father Mesrob Kerkezian, representing the prelate of the Armenian Apostolic Chair in Lebanon, Bishop Kegham Khatcherian, were invited as guests of honor.


?


Prior to the opening, the memory of 1.5 million innocent victims of the Armenian Genocide was honored with a moment of silence. Then, after the opening statement by Miss Salpy Kurkjian, the Ambassador and father Kerkezian pronounced their message, after which a slide show was aired, presenting the different stages the Armenian Cause has crossed throughout the history. Afterward, the conference proceeded in two agendas.


?


The first part consisted of two lectures: “The Armenian Cause today” presented by H.E. Hagop Pakradounian, a member of the Lebanese Parliament, and The process of conservation of the Armenian Diaspora and the patriotic education in our environment” presented by Dr. Megerdich Megerdichian.


?


Mr. Pakradounian, who focused on “The Armenian Cause today”, clearly divided the concept of the Armenian Cause into five broad categories: the recognition of the Armenian Genocide, the material compensation, the territorial rights, the foundation of a “Free, Independent and United Armenia” as defined by the Treaty of S?vres (1921), and the repatriation of the Armenians worldwide in the “Free, Independent and United Armenia”.


?


GROUP PHOTO: ZOM MEMBERS AND PARTICIPANTSIn the second lecture on “The process of conservation of the Armenian Diaspora and patriotic education in our environment”, Dr. Megerdichian stated that the family, the school, the church, the club, the organizations and the cultural institutions play a key role in safeguarding the continuity of communities against cultural dilution. “Today, when physical contact with the Motherland has become possible more than ever, the Armenian youth has to employ it in the course of its struggle” he said.


?


After a lunch break, the conference proceeded into its second agenda, which was a panel discussion on three topics: “How to engage the Armenian youth in the struggle for the Armenian Cause”, presented by Dr. Hovannes Taslakian, “The role of the Armenian youth in strengthening the Diaspora – Motherlands relations” presented by Mr. Hagop Havatian, and “The propaganda of the Armenian Cause to non-Armenian students” presented by Dr. Nora Arissian.


?


Talking about “How to engage the Armenian youth in the struggle for the Armenian Cause”, Dr. Taslakian said that the Armenian youth should not only carry and live the memory of the Armenian Genocide, but it must also stand as a defender of the Armenian Cause by conceptualizing ideas, forming the leadership of the future and moving the masses worldwide.


?


In the second part of the panel discussion, Mr. Havatian presented ” The role of the Armenian youth in strengthening the Diaspora – Motherlands relations”. He first made an overview of the past experiences in the relations between Armenia and the Armenian Diaspora, and then he summarized the works to undertake in few points: activating the Diaspora-Motherland youth and student links, harmonizing the propaganda on local ground, strengthening the existing concrete relations with Armenia, implementing patriotic political thinking, and creating informational and communicational specialized networks.


?


The third topic was about “The propaganda of the Armenian Cause to non-Armenian students”, presented by Dr. Nora Arissian, who started by saying that each environment has its unique features and conditions that must be taken into consideration when developing tactics and strategies for the propaganda actions to undertake. She insisted on the fact that the youth must be in a perpetual self-education process, so that, through this self-education, it can be able to transfer the knowledge surrounding the issue of the Armenian Cause to non-Armenian youth. She conceived crucial that the Armenian youth becomes highly politicized, to serve its Cause to the highest extent. Finally, Dr. Arissian briefly listed numerous direct and indirect tactics to present the Armenian Cause and the Armenian culture to non-Armenians in an optimal manner.


?


In this second agenda, each topic was followed by a 30 minutes discussion with the participants who enriched the issue by their questions, ideas and suggestions.


?


After a second break, the central ideas of the lectures and the discussions by the speakers and the participants were summarized in a working paper, and lectured at the end of the conference. The working paper clearly defined the tasks and the responsibilities of the Armenian youth toward their Cause. It declared that, along with technological developments and globalization, contemporary means must be employed to expand the limits of the Armenian Cause to the international level; the anti-Armenian propaganda by the Turks must be faced by enlarging the number of informative web sites on the Armenian Cause, to thwart Turkish attempts of historical falsification; the Diaspora-Motherland relations must get activated, since it is only by mutual cooperation and complementary efforts that the aim we are longing for becomes reachable; concerning the propaganda of the Armenian Cause to non-Armenians, the participants agreed that the self-education plays a key role in creating solid intern foundations that can help in presenting the Cause in other circles.


?


Finally, all the participants affirmed that the actions and the objectives of the Armenian Cause can become attainable only by implementing collective ideas, harmonized approaches and mutual collaboration.







ARMENIAN TEXT (FROM AZTAG LEBANESE ARMENIAN DAILY, 17 MAY 2006)?




ՀԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂՈՒԹԵԱՆ ԴԵՐԸ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՊԱՅՔԱՐԻՆ ՄԷՋ” ՆԻՒԹՈՎ ՄԻՕՐԵԱՅ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԷՆ ԵՏՔ


?


ԶՈՄԸ ՄԷԿ ԴԱՏԻ ԳԱՂԱՓԱՐԻՆ ՇՈՒՐՋ ԿԱՐՈՂԱՑԱՒՀԱՄԱԽՄԲԵԼ ԳԱՂՈՒԹԻ ՈՒՍԱՆՈՂՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ


?


Կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Զաւարեան Ուսանողական Միութեան, Կիրակի, 14 Մայիս 2006ին կէսօրէ առաջ ժամը 11:00ին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երիտասարդականուսանողական խորհրդաժողով մը, որուն նիւթն էրՀայ ուսանողութեան դերը Հայ Դատի պայքարին մէջ”:


?


Խորհրդաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու, համալսարաններու հայկական համախմբումներու եւ հայկական երկրորդական վարժարաններու պատուիրակութիւնները: Ներկայ էին նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահան Տէր Ղեւոնդեան, Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեանի ներկայացուցիչ Մեսրոպ քհյն. Քէրքէզեան, Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի պատուիրակութիւնը եւ կարգ մը վարժարաններու տնօրէններ ու ուսուցիչներ:


?


Մասնակցող միութիւններն էին` Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողական Միութիւնը, Հայ Կաթողիկէ Համալսարանականներու Միութիւնը, Ս.Դ.Հ.Կ. “Տխրունի” ՈւսանողականԵրիտասարդական Միութիւնը, Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը., Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու Ընդհանուր Վարիչ Մարմինը, Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Երիտասարդական Միութիւնը եւ Հ.Յ.Դ. Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը:


?


Նաեւ կը մասնակցէին ներկայացուցիչներ հետեւեալ համալսարաններէ` Հայկազեան համալսարան, Լիբանանի Ամերիկեան համալսարան, Լիբանանեան համալսարան, ՀԷյ. Եու. Էս. Թի., Նոթր Տամիլ համալսարան, Պէյրութի Արաբական համալսարան, Լիբանանեան Ամերիկեան համալսարան, Էլ. Այ. Եու. Պէյրութ, Սաժէսի համալսարան եւ Սէն Ժոզէֆ համալսարան:


?


Իսկ հայկական վարժարաններու ու կրթօճախներու պատուիրակութիւնները եկած էին հետեւեալ վարժարաններէն` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարան, Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլէճ, Հայ Կաթողիկէ Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարան, Հայ Աւետ. Կեդրոնական Բարձրագոյն վարժարան, Հայ Աւետ. քոլէճ, Հայ Աւետ. ՇամլեանԹաթիկեան երկրորդական վարժարան, Ազգ. ՅառաջԳ. Կիւլպէնկեան երկրորդական Վարժարան, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն երկրորդական վարժարան, Հայ Կաթողիկէ Գ. Հարպոյեան վարժարան, Մխիթարեան Միաբանութիւն եւ Սբ. Միքայէլ դպրեվանք:


?


Խորհրդաժողովի բացման նախօրեակին ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին մէկուկէս միլիոն զոհուածներու եւ Հայ Դատի նահատակներու յիշատակը: Ապա Հ.Յ.Դ. Զաւարեան Ուսանողական Միութեան անունով խօսք առաւ Սալբի Քիւրքճեան, որ ըսաւ. “Ազգային ազատագրական պայքարի ոգին, նպատակի համար ցցուած բռունցքը, զարթօնքի ճիչով խայտացող հաւաքական կամքը կը սուրան` միասնականութեան ջահը բարձրացուցած դէպի այն դրօշը, որուն ներքեւ կը խոնարհի հայ երիտասարդը` իր կեցուածքն ու ըմբռնումը պարտադրելով, արդարութեան ու անսակարկ ծառայութեան իմացական աշխարհով”:


?


Ան շեշտեց, թէ արդարութեան պարտադրանքն է, որ յանձնառութեան տակ կը դնէ իւրաքանչիւր հայ՝ ճանչնալու եւ լաւապէս պաշտպանելու ազգային ամէն արժէք:


?


Խօսքի աւարտին, Սալբի Քիւրքճեան եզրափակեց՝ դիտել տալով, որՀայ Դատը այսօր, աւելի քան երբեք, դարձեալ կը համախմբէ ու յանձնառութեան տակ կը դնէ մեզ, երբ թշնամին տակաւին իր ուսերուն կը կրէԵղեռնապաշտ չարիք”ը ու ամէն ջանք կը թափէ մաս կազմելու Եւրոպայի ընտանիքին: Մեր քաղաքները արդարութեան վճիռով միայն կ'ոռոգուին, մեր զօրութիւնը արդարութեան կնիքով միայն կը սնի, մեր արեգակնային Երկիրը Հայ Դատի յաղթանակով կը ճառագայթի?”:


?


Հանդիսութեան բացման առիթով իր սրտի խօսքը փոխանցեց Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեանի ներկայացուցիչ Մեսրոպ քհնյ. Քէրքէզեանը, որ դիտել տուաւ, թէ Հայ Դատը արդարութեան ու ճշմարտութեան դատն է, որուն հետապնդումը ամբողջովին օրինական է. ան աւելցուց, թէ Հայ Դատի հետապնդումը կը կարօտի ներքին թէ արտաքին ճակատի վրայ կազմակերպուած պայքարի եւ յարատեւ աշխատանքի:


?


Մեսրոպ քհնյ. Քէրքէզեան խօսքը աւարտեց՝ ըսելով, թէԵրիտասարդութիւնը եւ ուսանողութիւնը Սփիւռքի մէջ Հայ Դատի հետապնդման գծով հայ ժողովուրդի ջրվէժն է: Պէտք է իջնել ջրանցքին մէջ ու այդ ջրանցքին կտակի ամբողջական իրագործումին հասնիլ”:


?


Օրուան երկրորդ պատգամը փոխանցեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահան Տէր Ղեւոնդեան, որ առաջին հերթին ըսաւ, թէ նմանօրինակ համալիբանանահայ երիտասարդական եւ ուսանողական սեւեռակէտ ունեցող խորհրդաժողովներու կազմակերպումը ողջունելի է:


?


Արժեւորելով երիտասարդութեան դերը Հայ Դատի պայքարին մէջ Վահան Տէր Ղեւոնդեան շեշտեց, թէ պէտք է լուրջ աշխատանք տարուի, որպէսզի, կարելի ըլլայ ստեղծել այնպիսի միասնական ցանց մը, որ Հայ Դատը կը ծանօթացնէ օտարներուն: Վերոնշեալ պրիսմակէն մեկնած ան առաջարկեց ստեղծել լիբանանահայ ուսանողական եւ երիտասարդական միաւորներու պատկանող հաւաքական կայք մը, որ իբրեւ նիւթ պիտի ունենայ Հայ Դատն ու հայ ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը:


?


Ապա ներկաները դիտեցին տեսաերիզ մը, որ կը կրէրՀայ Դատի հետապնդման հոլովոյթը” վերնագիրը: Տեսաերիզը յստակօրէն փոխանցեց այն հանգրուանները, որոնք ծառայած են ի նպաստ Հայ Դատի գործունէութեան ծաւալման ու ընդարձակման:


?


Տեսաերիզի ցուցադրութենէն ետք օրակարգերու առաջին բաժինին մէջ առաջին դասախօսն էր երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ ներկայացուցՀայ Դատը այսօր” նիւթը: Ան Հայ Դատը սահմանեց հիմնական հինգ կէտերու մէջ` Ցեղասպանութեան ճանաչում, նիւթական հատուցում, բռնագրաւեալ հողերու վերադարձ, Ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կերտում եւ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի մէջ հայութեան մէկտեղում:


?


Յակոբ Բագրատունի աւելցուց. “Մեզի համար հիմնական է Սեւրի դաշնագիրով ճշդուած հողատարածքի ամբողջութիւնը”: Դասախօսը խօսքի աւարտին նշեց, թէ ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիրը եւ այդ իմաստով Հայաստանի պետութեան կատարած աշխատանքը տուին իրենց արդիւնքը, որուն ենթահողը Սփիւռքի Հայ Դատի կառոյցները արդէն իսկ ստեղծած էին:


?


Առաջին բաժնի երկրորդ դասախօսն էր դոկտ. Մկրտիչ Մկրտիչեան, որ ներկաներուն փոխանցեցՀայապահպանման գործընթացը եւ ազգային դաստիարակութիւնը մեր շրջապատին մէջ” նիւթը:


?


Մ. Մկրտիչեան ըսաւ, թէ գաղութներու ինքնապահպանման գործընթացին մէջ տունը, դպրոցը, եկեղեցին, ակումբը, հայրենակցական միութիւնները եւ մշակութային միաւորները մեծ դերակատարութիւն ունին եւ կը շարունակեն ունենալ:


?


Ան նշեց, թէ “1965էն անդին սկսած է Սփիւռքի ուժական ինքնապահպանման ընթացքը” ու աւելցուց. “Այսօր երբ հայ երիտասարդութիւնը կարելիութիւն ունի հայրենիքի հետ ֆիզիքական հաղորդակցութիւն ստեղծելու, պէտք է օգտագործէ այդ մէկը՝ ի նպաստ իր պայքարին”:


?


Դասախօսութիւններէն ետք խորհրդաժողովի երկրորդ բաժնին մէջ տոքթ. Յովհաննէս Թասլաքեան զեկուցուց, թէՀայ ուսանողութիւնը ի՞նչպէս կարելի է մասնակից դարձնել Հայ Դատի աշխատանքներուն”: Ան մատնանշեց, թէ առողջ դարձած, բնական յառաջընթաց ապահովող եւ յուսադրող հայրենիքը պիտի հանդիսանայ այն կռուանը, որ պիտի կարողանայ բոլոր կարողականութիւնները ի գործ դնել՝ ի նպաստ հայրենիքի զարգացման ու Հայ Դատի նպատակներու իրականացման:


?


Յ. Թասլաքեան ըսաւ, թէ ուսանողութիւնը ոչ միայն Հայկական Ցեղասպանութեան յիշողութիւնը կրողն ու ապրողը պէտք է ըլլայ, այլեւ նաեւ ան պէտք է նախաձեռնելու կարողութեամբ ու քաղաքական ու առարկայական մտածողութեամբ տէր կանգնի Հայ Դատին՝ մտայնութիւններ ձեւաւորելով, վաղուան ղեկավարութիւնը կազմելով եւ արտաքին աշխարհի մէջ ուժերը շարժելով:


?


Տեղին է նշել, որ իւրաքանչիւր զեկուցումէ ետք, մասնակիցները իրենց լուսաբանական հարցումներով ու տեսակէտներով կը զարգացնէին նիւթը:


?


ԻսկՀայ ուսանողութեան դերը Սփիւռքհայրենիք կապի ամրացման մէջ” նիւթին անդրադարձաւ Յակոբ Հաւաթեան, որ նախ ճշդորոշելու համար լիբանանահայ երիտասարդութեան դերն ու նշանակութիւնը, ներկայացուց ՍփիւռքՀայաստան կապերու անցած հանգրուաններու հոլովոյթն ու աշխատանքային ուղեգիծը:


?


Յ. Հաւաթեան ըսաւ. “Արցախեան գոյապայքարը եւ Հայաստանի վերանկախացումը նոր հորիզոն մը բացաւ համայն հայութեան դիմաց եւ ազգային գաղափարախօսութեամբ տոգորուած ու հայկական անշեղ դիմագիծով կազմաւորուած սփիւռքահայ սերունդները յաջողեցան ըստ արժանւոյն գնահատել պահը եւ հայրենիքի հետ կապերու խորացման ու զարգացման իմաստով յայտնել իրենց անսակարկ պատրաստակամութիւնը”:


?


Արժեւորելով երիտասարդութեան եւ ուսանողութեան ունենալիք դերը՝ ան տասը կէտերու մէջ ներկայացուց ձգտումներ, որոնց շարքին է հայրենիքՍփիւռք երիտասարդական եւ ուսանողական կապերու աշխուժացումը, տեղական մակարդակի վրայ համակարգուած քարոզչութեան ծաւալումը, հայրենիքի հետ շօշափելի կապերու ամրացումը, ազգային քաղաքական մտածողութեան արմատացումը եւ հաղորդակցական մասնագիտական ցանցերու ստեղծումը:


?


Խորհրդաժողովի երկրորդ բաժնի վերջին զեկուցաբերն էր դոկտ. Նորա Արիսեան, որՀայ Դատի քարոզչութիւնը օտար ուսանողութեան մօտ” նիւթով սահմանեց, թէ իւրաքանչիւր միջավայր ունի իրեն համապատասխան պայմանները ու այդ պայմանները ի մտի ունենալով պէտք է ճշդորոշել այն մարտավարութիւնը, որ ուղղուած պիտի ըլլայ օտար ուսանողութեան:


?


Ն. Արիսեան հաստատեց, թէ ուսանողութիւնը պէտք է մնայուն ձեւով ինքնադաստիարակման ենթարկուի ու այդ դաստիարակութեան ընդմէջէն առած գիտութիւնն է, որ պիտի փոխանցէ շրջակայ օտար ուսանողութեան:


?


Վերջին զեկուցաբերը դիտել տուաւ, թէքաղաքականացած ուսանող եւ երիտասարդութիւն ունենալու հրամայականին դէմ յանդիման կը գտնուինք եւ այս խորհրդաժողովը այն առիթներէն է, որուն ընթացքին կարելի կ'ըլլայ ստեղծել վերոնշեալ նպատակին իրականացման ծառայող համապատասխան մթնոլորտը”:


?


Խորհրդաժողովի աւարտին ընթերցուեցաւ մասնակիցներուն կողմէ պատրաստուած ու խորհրդաժողովի քննարկումները ներառնուած համադրուած բանաձեւեր, որոնց մէջ յստակօրէն կը բնութագրուի երիտասարդութեան եւ ուսանողութեան ունեցած դերը եւ պատասխանատուութիւնները:


?


Մասնակիցները շեշտեցին, թէ ուսանողութիւնը պէտք է գործածէ արդիական բոլոր միջոցները, որպէսզի կարելի ըլլայ ներկայի համաշխարհային պայմաններուն մէջ տարածել Հայ Դատի պայքարը:


?


Ուսանողութիւնը մերժելով Թուրքիոյ դադար չունեցող հակահայ քաղաքականութիւնը՝ բնորոշեց՝ հակազդել թրքական ոտնձգութիւններուն ծաւալելով հակադիր քարոզչական ցանցեր:


?


Խորհրդաժողովին մասնակիցները նաեւ շեշտեցին, թէ Թուրքիոյ մէջ թրքացած հայերու մօտ աշխատանք պէտք է տարուի՝ անոնց մէջ արթնցնելու համար հայկական ոգին։


?


Ուսանողները նաեւ միացան զեկուցաբերներու այն տեսակէտներուն, թէ պէտք է զարկ տալ Սփիւռքհայրենիք կապերու ամրացման, այն մեկնակէտով՝ թէ փոխադարձ գործակցութեամբ ու մէկզմէկու լրացնելով միմիայն կարելի կ'ըլլայ իրականացնել հեռանկարը:


?


Իսկ օտար ուսանողութեան մօտ կատարուող քարոզարշաւին անդրադառնալով՝ խորհրդաժողովին մասնակիցները առաջին հերթին մատնանշեցին հայ ուսանողութեան ներքին ամուր պատրաստուածութեան կարեւորութիւնը ու անոնց առողջ ազգային հայեցի դաստիարակութեան հաստատուն հիմքերու գոյութիւնը, որոնք ի սպաս կրնան ծառայել արտաքին ճակատին վրայ կատարուելիք քարոզչութեան, ուր պէտք է Հայ Դատը ներկայացուի իր ամբողջութեան մէջ:


?


Շեշտը դրուեցաւ նաեւ հայ ուսանողութեան նկարագրին վրայ, թէ ան պէտք է ամուր հաւատքի տէր ու ազգային վեհ գաղափարներով օժտուած ըլլայ՝ զօրավիգ կանգնելու համար ե'ւ հայապահպանման գործընթացին, եւ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն եւ հայրենիքի հզօրացման:


?


Վերջապէս, ԶՈՄի կազմակերպածՀայ ուսանողութեան դերը Հայ Դատի պայքարին մէջ” նիւթով խորհրդաժողովին բոլոր մասնակիցները եկան հաստատելու, թէ միմիայն հաւաքական գաղափարներով, միասնակամ մօտեցումներով եւ փոխադարձ գործակցութեամբ կարելի կ'ըլլայ իրականացնել Հայ Դատի աշխատանքներն ու նպատակները:


?


Խորհրդաժողովը փակուեցաւ երեկոյեան ժամը 6:30ին:


?












HAGOP PAKRADOUNI HAGAOP HAVATIAN MGUERDICH MGUERDICHIAN
Hagop Pakradouni Hagop Havatian Dr. Mguerdich Mguerdichian












HOVHANNES TASLAKIANNORA ARISSIAN
Dr. Hovhannes TaslakianDr. Nora Arissian


?