Unhappy start of 2013 in the city of Aleppo

Unhappy start of 2013 in the city of Aleppo

In a city deprived of the basic requirements of a normal life (bread, electricity, fuel, gas, communication means, security and human rights), could New Year celebrations or the birth of Jesus Christ carry any meaning?


Aleppo Armenians and the population of Aleppo in general bid farewell to 2012, leaving behind a year marked with blood, wounds and ruins, without having the least indication that the New Year would alleviate their pain and would bring substantial change to their beloved country.


Until this moment there is no glimpse of hope.


On the night of 31st December nobody celebrated the New Year. The majority of the city, including the Armenian and Christian populated neighboorhoods, was deprived of electricity. The streets were completely dark and empty. In apartments devoid of any heating, there were only some candles lit. The acute crisis of bread continued, telephone and internet were generally not functioning and some areas of the city did not have even drinking water. Outside, the shootings did not stop and the tanks continued to bombard the areas where “armed terrorist groups” were hiding according to the unalterable official explanation. 


Unemployment and various pressing concerns did not allow the inhabitants to think about the New Year. Those who dared to prepare a “festive” table were satisfied with the minimum. New Year Eve was really sad. Even the children were not able to smile. They did not receive gifts.


This pessimism was not without reason. From 1st January 2013 and onwards the living conditions continued to deteriorate. There is escalation of foodstuff prices. The Syrian pound continues to be devalued, scoring 95 pounds for one dollar, from a 52 pounds level at the beginning of the events. The most unbearable is the lack of electricity. Many central neighborhoods that used to receive earlier 4-6 hours of electricity lost this opportunity as well. In such a harsh winter this means that people are not able to heat themselves, as there is no fuel at all and electricity has been the only way for heating. On 9th January 2013 snow fall down and everything was in white.


Schools operating under the Armenian Prelacy's patronage started the school year on 26th December 2012, after months of delay. All school children (of Sahagian, Zavarian, Haigazian and Gulbenkian elementary schools and Karen Jeppe high school) started their classes in the premises of Gulbenkian school, in Suleimanieh neighborhood, which is considered to be relatively “safe”. Kindergartens however did not start. Intensive classes will be conducted in order to cover the past semesters, in order not to miss the school year. Other schools (AGBU, Grtasiradz, Evangelical Bethel and Catholic Zvartnots and Mekhitarist schools, Cilicia School) continue to operate, sometimes in locations different than the original. There is, however, a huge decrease of the number of students in all schools. 


Parents are satisfied that the schools have reopened, but they are worried about the tuition. How many of them can afford to pay school fees in such a massive state of poverty and bankruptcy? Hopefully donations made abroad could give a solution to this issue by covering the educational expenses and paying for the salaries of the school teachers.


The aid distribution is continued in the Armenian community in Aleppo through various unions and committees. Few days before the end of the year the Syrian Armenian Emergency Committee provided 4.000 Syrian pounds (about US $45) to thousands of Armenian families. 


In order to be fair, it should be admitted that the distribution of aid has been marred with administrative discrepancies, thus creating chaos and disorder, sometimes even non-civilized scenes, during which, the naturally noble and generous Aleppo Armenians, have found themselves in the unenviable situation of beggars.


From “Marmara”, Istanbul, 11 January 2012


Published in Azad-Hye with the consent of the original reporter. 






TEXT IN ARMENIAN


Երազային Հալէպի տխուր տարեմուտը


Կաղանդը աննշմար անցաւ, Ս. Ծննդեան տօնը աւետիս չբերաւ, իսկ յոռետեսութիւնը կը մթագնէ 2013 թուականը


Քաղաքի մը մէջ, ուր բնականոն կեանքի մը նուազագոյն ու ամէնէն տարրական պահանջները (հաց, ելեկտրականութիւն, վառելանիւթ, կազ, հաղորդակցութեան այլազան միջոցներ, ապահովութիւն եւ մարդու իրաւունք) գոյութիւն չունին այլեւս, Կաղանդը իմաստ մը կ'ունենա՞յ, Ս. Ծնունդը աւետաբեր կրնա՞յ ըլլալ:


Հալէպ ու հալէպցիք հրաժեշտ տուին 2012-ին՝ իրենց ետին ձգելով արիւնով, վէրքերով ու աւերներով յատկանշուած դժխեմ տարի մը, առանց սակայն ունենալու նուազագոյն ապահովութիւնը՝ թէ բացուող Նոր Տարին կրնայ փարատել իրենց ցաւերը կամ հիմնական ու արմատական փոփոխութիւն մը բերել իրենց սիրելի երկրին քաղաքական, ապահովական, տնտեսական, ընկերային ու կենցաղային անընդունելի իրավիճակին։ Քանզի, տակաւին, յոյսի նշոյլ մը տեսանելի չէ հորիզոնին վրայ։


Դեկտեմբեր 31-ի գիշերը ո՛չ ոք Կաղանդ տօնեց։ Քաղաքին մեծագոյն մասը, ներառեալ՝ հայաբնակ կամ քրիստոնէաբնակ թաղամասերը, զրկուած էին ելեքտրական հոսանքէ։ Փողոցները կատարելապէս մութ ու ամայի էին։ Ջեռուցումէ զուրկ բնակարաններուն մէջ պարզապէս մոմեր կը պլպլային։ Հացի սուր տագնապը կը շարունակուէր, հեռաձայնները ու համացանցը ընդհանրապէս չէին բաներ, որոշ թաղերու մէջ ըմպելի ջուր անգամ չկար։ Դուրսը, կրակոցներու ձայները դադար չէին առած ու բանակին ծանր հրետանիները կը շարունակէին կուրօրէն հարուածել այն շրջանները, ուր ?զինեալ ահաբեկչական խմբակներ? ապաստաներ էին, ըստ պաշտօնական կաղապարեալ անփոփոխ բացատրութեան։ Գործազրկութիւնն ու առտնին ճնշող մտահոգութիւնները չէին արտօներ որ մարդիկ մտածեն Կաղանդի մասին, զոր այնքա՜ն խանդավառութեամբ ու աւանդապահ եղանակով կը դիմաւորէին տարիներէ ու տասնամեակներէ ի վեր։ Իսկ անոնք որոնք համարձակեր էին Կաղանդի աւանդական սեղան մը սարքել՝ այս տարի գոհացեր էին նուազագոյնով։ Փաստօրէն, եօթնէն մինչեւ եօթանասուն տարեկան բոլոր հալէպցիներուն համար՝ այս տարուան Դեկտեմբեր 31-ի գիշերը ի՛սկապէս աննախընթաց էր. տխուր Կաղանդ մըն էր ասիկա։
Երեխաներուն դէմքին վրայ իսկ ժպիտ կամ խանդ չկար։


Արդէն անոնք նուէրներ ալ չստացան։


Մարդոց յոռետեսութիւնը անհիմն չէր։ Արդարեւ, Յունուար 1-էն սկսեալ կենցաղային տագնապները շարունակեցին իրենց տիրապետութեան տակ պահել բովանդակ Հալէպը, տեղ-տեղ ցոյց տալով նաեւ սաստկացումի նշաններ։ Սննդամթերքի գիները յարաճուն վերելք կ'արձանագրէին, մինչ սուրիական դրամանիշը օրէ օր շեշտակի անկում կը կրէր։ Տագնապէն առաջ 1 տոլարը համազօր էր 52 թղթոսկիի, հիմա՝ 95 թղթոսկիի։ Սակայն ամէնէն անհանդուրժելին կը մնար ելեքտրականութեան պարագան։ Բազմաթիւ կեդրոնական թաղամասեր, որոնք գէթ օրական 4-6 ժամ ելեկտրական հոսանք կը ստանային նախապէս, հիմա տակաւ այդ քիչն ալ կը կորսնցնէին։ Քաղաքին մեծագոյն բաժինը տարեմուտէն ի վեր երկա՜ր ընդհատումներով տեւաբար զրկուած կը մնար կենարար հոսանքէն։ Ելեկտրականութիւնը աչքակապուկ կը խաղար քաղաքացիին հետ։ Եւ ասիկա կը նշանակէր՝ ձմրան խստաշունչ այս եղանակին ԶՐԿՈՒԻԼ ՋԵՌՈՒՑՈՒՄԷ, որովհետեւ վառելանիւթի բացարձակ չգոյութեան ներկայ պայմաններուն մէջ՝ ելեկտրական հոսանքը կը մնար ջեռուցումի միակ աղբիւրը: Չորեքշաբթի, Յունուար 9-ի կանուխ առաւօտուն, առատ ձիւն տեղացեր էր արդէն Հալէպի վրայ ու ամէն դի սպիտակ սաւանով ծածկուեր էր։
 
Ելեկտրականութեան այս անհանդուրժելի տագնապին մասին առ այսօր կը տրուի միշտ հիմնական երկու հակասական բացատրութիւն.- Պաշտօնական կամ իշխանամէտ շրջանակին պնդումով՝ ելեքտրածին մայր կայանները շարունակ խափանարարութեան կ'ենթարկուէին ?ահաբեկչական խմբակներ?ու կողմէ։ Իսկ ընդդիմադիր շրջանակներու (նաեւ՝ ժողովրդային լայն խաւերու) համոզումով՝ տագնապը մեծաւ մասամբ արուեստակեալ էր ու կը միտէր ?հաւաքական պատիժ?ի ենթարկել ըմբոստ ժողովուրդը։


Այս արտասովոր ու ձգտեալ մթնոլորտին մէջ հալէպահայոց համայնքային կեանքը սահմանափակուած մնաց նպաստաբաշխումի աշխատանքներով, մասամբ նաեւ՝ դպրոցական կեանքով։
 
Արդարեւ, Ազգ. Առաջնորդարանի հովանաւորութիւնը վայելող վարժարանները, աւելի քան երեք ամիսներու հարկադրեալ յապաղումէ ետք, միասնաբար, Դեկտեմբեր 26-էն սկսեալ դասաւանդութիւններու ձեռնարկեցին՝ համախմբուելով Սիւլէյմանիէ թաղամասի Ազգ. Կիւլպէնկեան վարժարանի երդիքին տակ։ Թաղն ու դպրոցաշէնքը յարաբերաբար ?ապահով? կը նկատուին։ Հիմա հո՛ս համախմբուած է թէ՛ Քարէն Եփփէ Ճեմարանի ուսանողութիւնը, թէ՛ ալ Հայկազեան, Սահակեան, Զաւարեան եւ անշուշտ Կիւլպէնկեան (տանտէր) նախակրթարաններու երկսեռ աշակերտութիւնը, ի բացառեալ մանկապարտէզներէն, որոնք առ այսօր վերամուտ չունեցան։ Պատասխանատուները պիտի ջանան կիրարկել խտացեալ դասընթացք մը բոլոր կարգերուն համար, հիմնական նպատակ ունենալով փրկել կրթական տարեշրջանը, որուն Ա. կիսամեակը մօտեցած է արդէն իր աւարտին։


Ազգային վարժարաններու վերաբացումով՝ հալէպահայ բոլոր դպրոցները անխտիր լծուած եղան իրենց այնքա՜ն օգտաշատ առաքելութեան։ Վերամուտի իսկական թուականին՝ անցնող Սեպտեմբերի վերջին շաբաթը, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Լ. Նաճարեան-Գ. Կիւլպէնկեան երկրորդական վարժարանը արդէն իսկ բացեր էր իր հարազատ տան դռները։ Անոր հետեւեր էին Կրթասիրացը, Հայ Աւետարանական Բէթէլը, Հայ Կաթողիկէ Զուարթնոցը, Մխիթարեանը, աւելի ուշ՝ Կիլիկեանը։ Այս վերջինը ապահովական նկատառումներով մինչեւ այսօր չի կրնար օգտագործել Թիլէլ պողոտային մերձակայ իր դպրոցաշէնքերը, եւ հարկադրաբար՝ դասաւանդութիւնները փոխադրած է առժամեայ այլ վայրեր։ Բոլոր դպրոցներէն ներս ալ աշակերտական թիւի շատ մեծ անկում մը կայ անշուշտ։


Ծնողներ գոհ են դպրոցներու վերաբացումէն։ Բայց անոնց համար մտահոգիչ հեռանկար մը կը պարզէ կրթաթոշակներու պարագան։ Համատարած թշուառութեան ու սնանկութեան սա հանգրուանին՝ քանի՞ ծնողք ի վիճակի պիտի ըլլայ կրթաթոշակ վճարելու՝ եթէ ատիկա պահանջուի իրմէ։ Թերեւս, արտասահմանեան հանգանակութիւններն ու օժանդակութիւնները կարենան բարերար լուծում մը բերել այս հարցին, թէ՛ գոցելով կրթաթոշակներու բացերը, թէ՛ ալ ապահովելով կրթական մշակներու ամսականները։?


Միւս կողմէ, նպաստաբաշխումի աշխատանքները կը շարունակուին գաղութին մէջ, զանազան միութիւններու կամ յանձնախումբերու ճամբով։ Այս ծիրին մէջ, Կաղանդի անմիջական նախօրէին ու յաջորդող օրերուն՝ Սուրիահայոց Շտապօգնութեան Մարմնին կողմէ նիւթական հնչուն նպաստներ (4000 սուրիական թղթոսկի = 45 տոլար) յանձնուեցան քանի մը հազար հայ ընտանիքներու։


Բայց արդար ըլլալու համար հարկ է խոստովանիլ, թէ նպաստաբաշխումի այս գործը յաճախ կը կաղար կազմակերպչական թերութիւններու պատճառով՝ յառաջացնելով խառնաշփոթութիւն կամ իրարանցում, երբեմն՝ ոչ-քաղաքակիրթ պատկերներ ալ՝ երբ ի բնէ առատաձեռն ու վեհոգի հալէպահայը կը դրուէր մուրացկանի աննախանձելի դիրքին մէջ։?


?Մարմարա?, Պոլիս, 11 Յունուար 2013


Կը հրատարկուի ?Ազատ-Հայ?ի մէջ իսկական թղթակիցին հաւանութեամբ:

  1. rita kouyoumjian gharibian January 13, 2013, 1:56 am

    ի՞նչ մեկնաբանել երբ արդէն ամէն ինչ յստակ է: Երբ մեր ?ՄԵԾ?երը արդէն պարպուած են իրենց էութենէն:

     

     

Comments are closed.