
The children of the Ohannesian Armenian School in Sharjah took part in the pan Armenian Telethon 2010 with a symbolic donation of AED 15 per student. Principal Nishan Basmajian in the below letter thanks all participants and asks parents to explain their children the meaning of pan Armenian fund raising campaigns.
26 Նոյեմբեր 2010
Սիրելի Ծնողներ,
Ուրախութիւնն ունիմ յայտնելու, որ աշխարհացրիւ հայութիւնը ՆԵՐԿԱՅ պատասխանեց ?Ջուրը Կեանք Է? Թէլէթօնին՝ հանգանակելով ամերիկեան մօտ 21 Միլիոն Տոլար: Որեւէ հայու հոգին հպարտութեամբ կը փքուի ի տես այսօրինակ երեւոյթներու: Օհաննէսեան Հայկական Վարժարանը ոչ անցեալ ոչ ալ այս տարի անմասն մնաց այս հանգանակութենէն: Դպրոցի հոգաբարձութիւնը, տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը հետամուտ են այսպիսի ձեռնարկներու աշակերտական մասնակցութեան որ, ինչպէս քանիցս յայտնած ենք, նիւթականէ աւելի դաստիարակչական հանգամանք կը ներկայացնէ: Գումարը չէ այստեղ չափանիշը այլ մասնակցութիւնը: Մարդկային այս դաստիարակութեան տուած արդիւնքները անմիջապէս շօշափելի չեն ըլլար, սիրելի ծնողներ. արդիւնքը կը տեսնենք երբ մեր երեխաները մեծ մարդ դառնան եւ ուզեն մասնակից դառնալ բարենպատակ ծրագիրներու՝ ահա այն ատեն է որ մեր տուած դաստիարակութեան գործնական արդիւնքը կը վայելենք:
Ուստի, կը խնդրենք բոլոր ծնողներէն որ երկու վայրկեան տրամադրեն եւ բացատրեն իրենց զաւակներուն թէ ինչու պէտք է ընդհանրապէս մասնակցիլ ազգային ձեռնարկներուն, ըլլան անոնք հանգանակութիւններ կամ հանդիսութիւններ :
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, խօսք առնելով թէլէթօնի ընթացքին ըսաւ, որ Գոհաբանութեան օրը (Thanksgiving Day) մեզի համար դարձաւ Միաբանութեան օր: Իրօք՝ երեկ միաբանութեան օր էր եւ միաբանութեան առիթ: Մեր դպրոցի նպատակներէն մին է միաբան սերունդներ պատրաստել՝ կերտելու համար վաղուան միաբան Հայը :
Այս առիթով յանուն Հոգաբարձութեան, Տնօրէնութեան եւ Ուսուցչական Կազմին խորին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեզի բոլորիդ ձեր ցուցաբերած գիտակցութեան եւ աջակցութեան համար:
Յարգանօք՝
Նշան Պասմաճեան
Տնօրէն Օհաննէսեան Հայկական Վարժարանի