
Harout Ekmanian reports about the recent events in Syria and their implications. At the end of the report reference is made to the attitudes prevailing within the Armenian community in Syria, especially in the social networking circles. Azad-Hye Special.
Յարութ Էքմանեան
Ազատ-Հայ կայքին յատուկ
Բոլոր անոնք? որոնք կը կարծէին? թէ Սուրիան զերծ պիտի մնայ Միջին Արեւելքի մէջ ծայր առած բողոքի ալիքէն? մեծ զարմանքով տեսան անցեալ շաբաթ Սուրիոյ հարաւային Տարաա քաղաքին մէջ սկսած ցոյցերն ու պատահած դէպքերը, որոնցմէ ետք աւելի փոքր ցոյցեր կատարուեցան Դամասկոսի եւ Հոմսի մէջ, ապա մեծ ցոյցեր եւ բախումներ տեղի ունեցան ծովեզերեայ Լաթաքիա քաղաքին մէջ:
Հակառակ բոլոր նախապաշարումներուն, թէ ցոյցերը կրնային սկսիլ մայրաքաղաքէն կամ միւս մեծ քաղաքներէն, ինչպէս ութսունականներու սկիզբը Հալէպի կամ Համայի մէջ, անոնք սկսան հարաւային Տարաա քաղաքէն, որ կը գտնուի յորդանանեան սահմանին մօտ: Շատեր այս շրջանին մէջ սկսած խնդիրները կը վերագրեն անոր աշիրէթական բնոյթի յատուկ պատճառներուն: Իսկ պետական պաշտօնական յայտարարութիւնը պատահածները կը վերագրէ ?արտաքին ուժերու? միջամտութեան ու անոնց խառնակչութեան: Ամենայնդէպս, շրջանի քաղաքացիները ընդհանրապէս կը տառապին շարք մը խնդիրներէ, ինչպէս՝ սահմանային անշարժ գոյքերու վաճառքի մասին օրէնքի հարուցած բարդոյթները, ընկերային եւ տնտեսական զանազան դժուարութիւններ եւայլն:
Տարաայի ցուցարարներէն ոմանք լրատուամիջոցներու մէջ կատարած իրենց յայտարարութիւններով կը հաստատեն? թէ իրենք դէմ չեն նախագահին կամ վարչակարգին, այլ անոնց պահանջածը պարզապէս բարեփոխումներ են, ինչպէս՝ արտակարգ իրավիճակներու դրութեան վերացումը: Սակայն այդ մէկը չի ժխտեր ժողովուրդին մօտ յառաջացած աւելի մեծ ազատութիւններու եւ բարեկարգումներու պահանջքին հասունացումը: Ցոյցերը ի սկզբանէ չունէին խաղաղ բնոյթ: Ցուցարարները այրեցին շարք մը պետական եւ անձնական շէնքեր ու կալուածներ, անոնց շարքին շրջանի արդարադատութեան պալատը: Այս պատահածներուն պատճառով իրաւապաշտպան մարմինները միջամտեցին: Ըստ նախագահի խորհրդական Պուսայնա Շաապանի անցեալ շաբթուան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին կատարած յայտարարութեան, նախագահը խստիւ արգիլած է քաղաքացիներու դէմ կենդանի փամփուշտներու գործածութիւնը, անգամ եթէ ոստիկանութեան շարքերէն զոհեր ըլլան: Ամենայնդէպս նախքան այս յայտարարութեան՝ ցուցարարներու շարքերէն արդէն տասնեակ զոհեր արձանագրուած էր: Արաբական թէ արեւմտեան լրատուամիջոցները չյաջողեցան Սուրիոյ մասին վերջին լուրերը բոլորովին անաչառ կերպով ներկայացնել: Բրիտանական ?Պի-պի-սի?ն, Սաուդիական ?Ալ-Արաբիա?ն, անգամ հռչակաւոր ?Ալ-Ճազիրա?ն եւ շարք մը այլ լրատուական ցանցեր կատարուածները երբեմն կը ներկայացնէին մեծ չափազանցութիւններով, շատ անգամ վկայակոչելով անանուն ?տեղացի ականատեսներ?ու վկայութիւնները: Անոնք երբեմն կը յիշէին քաղաքներու անուններ, ուր ոչ մէկ ցոյց տեղի ունեցած է, իսկ երբեմն կը հաղորդէին լուրեր՝ իրական գետնի վրայ տեղի ունենալէն ժամեր առաջ:
Փոխարէնը սուրիական պաշտօնական մամուլի օրկանները խնդիրը կը ներկայացնեն բոլորովին այլ ուղղութեամբ: Ըստ անոնց՝ Սուրիան շրջանի միակ արաբ պետութիւնն է? որ Միջին Արեւելքի տաքնապին լուծման գործընթացին մէջ միշտ ալ որդեգրած է աւելի սկզբունքային մօտեցումներ, իսկ միւս կողմէն դրացի արաբ պետութիւնները ընդհանրապէս եղած են աւելի զիջողական, ոմանք նոյնիսկ խաղաղութեան պայմանագիրներ կնքած են Իսրայէլի հետ: Ինչպէս նաեւ Իրան-Սուրիա-Հիզպալլահ հակա-իսրայէլեան եւ հակա-ամերիկեան դաշինքի մը գոյութիւնը առաւել եւս կը տարբերէ Սուրիան զինք շրջապատող արաբ երկիրներէն, ուր ծերացած արաբ ղեկավարները կը վայելեն իրենց ժողովուրդներուն հակակրանքը կամ ատելութիւնը, հակառակ Սուրիոյ երիտասարդ նախագահին, որ տակաւին կը վայելէ իր ժողովուրդի մեծամասնութեան համակրանքը: Ան իշխանութիւնը ստանցնած օրէն ցարդ կատարած է շարք մը բարելաւումներ եւ կրցած է որոշ չափով նուազեցնել երկրին մէջ տիրող սահմանափակումներուն մակարդակը:
Երեքշաբթի, 29 Մարտին, Սուրիոյ մեծ քաղաքներուն հրապարակներուն մէջ հարիւր հազարաւոր քաղաքացիներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցան նախագահին զօրակցութեան ցոյցեր: Յաջորդ օրը, նախագահ Ասատ զինք զօրակցող բազմութեան մէջէն անցնելով մտաւ խորհրդարան ու խնդիրներու ծագումէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով վերջին դէպքերուն մասին ելոյթ ունեցաւ: Նման սէնարիօ մը տեղի ունեցած էր 2005 թուականի Մարտին, Լիբանանի վարչապետ Ռաֆիկ Հարիրիի ահաբեկման յաջորդող շրջանին, երբ Սուրիան նոյնպէս միջազգային ճնշման տակ էր: Այդ ժամանակ երբ խօսք կար ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդին որոշումի մը որդեգրումով սուրիական բանակին Լիբանանէն դուրս գալուն մասին, նախագահը նման արարողակարգով եւ սատարող բազմութիւններու ներկայութեամբ, խորհրդարանի բեմահարթակէն յայտարարեց բանակը Լիբանանէն դուրս բերելու մասին իր որոշումը՝ գորգը քաշելով հակա-սուրիական տրամադրուած ուժերու ոտքերուն տակէն:
Նախագահ Ասատ, որպէս առաջին քայլ, իր ելոյթէն մէկ օր առաջ ընդունեց երկար ժամանակէ ի վեր քննադատուող սուրիական կառավարութեան հրաժարականը, որուն յաջորդող օրը կազմուեցաւ իրաւաբանական յանձնախումբ մը? որ պիտի քննէ արտակարգ իրավիճակներու դրութեան վերացման կարգաւորումներն ու անոր փոխարէն արդարատադութեան դերակատարութեան հզօրացման մասին ծրագիր մը: Յանձնախումբը աշխատանքները պիտի աւարտէ 25 Ապրիլին: Իսկ բազմակուսակցական համակարգի ստեղծման, ազատ մամուլի օրէնքի եւ շարք մը այլ բարեփոխումներու մասին Նախագահը իր ելոյթին ընթացքին յայտնեց? թէ արդէն իշխող Պաաս կուսակցութեան սեղանին վրայ կան անոնց սեւագիրները: Ըստ նախագահին? խնդիրը կը կարօտի յաւելեալ քննարկաման եւ հանրային կարծիքի շօշափման անհրաժեշտութեան: Անցեալ շաբաթ նախագահական հրամանագիրներու շնորհիւ բոլոր պետական պաշտօնեաները ստացան 20% աշխատավարձի յաւելումներ, ինչպէս նաեւ կրթական համակարգի եւ սահմանային անշարժ գոյքերու առուծախին վերաբերեալ շարք մը դիւրութիւններ:
Ընդհանուր առմամբ, բաղդատած Միջին Արեւելքի միւս երկիրներուն մէջ տիրող պայմաններուն, Սուրիոյ հիմնական քաղաքներուն մէջ իրավիճակը տակաւին կը մնայ աւելի կայուն: Հակառակ անոր որ Ա.Մ.Ն. կոչ ուղղած է բոլոր իր քաղաքացիներուն լքել Սուրիան տիրող ?անապահով իրավիճակին? պատճառով, երկրին մէջ մարդիկ կը շարունակեն իրենց սովորական առօրեան՝ ինչպէս միշտ:
Սուրիացիներուն մեծամասնութիւնը, տեսնելով Լիպիոյ, Եմէնի, Եգիպտոսի եւ այլ արաբական երկիրներու մէջ կատարուած վայրագութիւններն ու անորոշ ապագան, աւելի զգոյշ կը վերաբերին իրենց պահանջներու արտայայտման մէջ: Ժողովուրդին մօտ տիրող մտայնութիւնը տակաւին կը գերադասէ ապահովութիւնն ու կայութիւնը՝ ազատութիւններու եւ աւելի լայն իրաւունքներու դիմաց: Գալով հայ համայնքին, որ կեդրոնացած է Հալէպի մէջ եւ աւելի նուազ թիւերով մայրաքաղաք Դամասկոսի, Լաթաքիոյ, Քեսապի, Քամիշլիի եւ այլ շրջաններու մէջ, անոնք կը շարունակեն գործել իրենց բնական ընթացքով: Նկատելի է? որ սուրիահայ երիտասարդութեան մեծամասնութիւնը սոցիալական ցանցերու մէջ աշխուժօրէն կը զօրակցին նախագահին եւ սուրիական վարչակարգին, որ, ըստ իրենց, կ'երաշխաւորէ երկրի ապահովութիւնն ու զարգացումը:
Հայկական համայնքի պաշտօնական եւ կրօնական ներկայացուցիչները միշտ ալ մտերիմ յարաբերութիւններ ունեցած են պետութեան հետ եւ կը շարունակեն մնալ այդպէս:
Առայժմ կարելի է ըսել? թէ ?արաբական գարնանային յեղափոխութիւններու? մեծ ալիքը Սուրիան չէ հեղեղած, ասոնք թերեւս պղպջակներն են տակաւին: Սակայն յստակ է? որ վերջին շրջանին Սուրիան ապրեցաւ անշրջանցելի փոփոխութիւններ: Թերեւս յետագայ զարգացումները աւելի շատ կախում ունին կառավարութեան առնելիք քայլերէն եւ կատարուած խոստումներու գործադրութենէն, որովհետեւ որեւէ ժխտական զարգացում կրնայ աւելի յուսախաբ ընել վարչակարգի կողմնակիցները? նախքան անոր ընդդիմախօսներն ու քննադատողները: