• Home
  • About
  • Contact
  • Social Media
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • Pan-Armenian News
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • القسم العربي
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Ճեմարանի արմատները պեղելով

December 5, 2008
A+ A-
Email Print
Ճեմարանի արմատները պեղելով








Hartioun: Congestion

Congestion



?


?


?


Հարցազրոյց Յարութիւն Թնկրեանի հետ


?


Հարցազրոյցը վարեց՝ Պերճուհի Աւետեան


?


Ազատ-Հայի Յատուկ


?


Յարութիւն Թնկրեան.- Շրջան մը Մարիթա, ներկայիս Յարթիւն ստորագրութեամբ հանրութեան ներկայացող արուեստագէտ` կը ստեղծագործէ Նիու– Եորքի մէջ։


?


?Մանհաթըն արդ? ամսաթերթին մէջ Միլզ Անկըր իր յօդուածին մէջ հետեւեալը կը գրէ անոր մասին,- ?Երբ արուեստագէտ մը կու գայ ուրիշ երկրէ, անոր գործերուն մէջ կը գտնենք օտար մշակոյթի բնութեան քնքշութիւնը..?


?


Իսկապէս երբ հատիկը կը ծլարձակէ, անոր դողդոջ բայց աննկուն ցողունը կը ճեղքէ հողին մակերեսը եւ գլուխը դուրս կը ցցէ փաստելով իր ներկայութիւնը։ Յարութիւն Թնկրեան տակաւին աշակերտական գրասեղաններուն վրայ իր տաղանդով կը գրաւէր ձեռային, գծագրութիւն դասաւանսող ուսուցիչներու ուշադրութիւնը։ 1969-1972 ժամանակաշրջանին Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանի պատի թերթերու եւ??Ծիլեր? աշակերտական պարբերաթերթի մէջ Թնկրեանի երգիծանկարները իրենց ուշագրաւ տեղը կը գրաւէին, տաղանդի շողարձակումը աւետելով։


?


Անոր գեղանկարները, քանդակները, երգիծանկարներ կը ցոլացնեն իր արուեստի աշխարհը։ Իւրայատուկ ոճով, տեւական փնտռտուքով կլանուած այս արուեստագէտը կը ձգտի հասնիլ լաւագոյնին։


?


Հարցազրոյցի ընթացքին պատասխանները կը յստակացնեն անոր ներաշխարհը։


?


Ներկայիս կը ստեղծագործէք Նիու– Եորքի մէջ իսկ յետադարձ անկարկով ձեր ծննդավայրը Հալէպ է, յաճախած էք Հայկազեան վարժարան ու Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարան, կը կարծեմ որ ձեր ստեղծագործութիւններուն վրայ այդ միջավայրի տպաւորութիւնը կամ անդրադարձը կայ։


Անդրադարձ .. ամենայստակը երգիծական բաժինն է իսկ կապուածութիւնը ըլլայ Հայկազեան վարժարանին կամ ճեմարանին առաջին փորձերուն հետ առընչուած է … պատրաստած առաջին (portrait) դիմանկարը Քաջ Վարդանի դիմանկարն էր երբ 2րդ դասարանի աշակերտ էի: Կը յիշեմ Տիկ. Սիհանը, անոր բարձր գնահատականը այդ օրերու աշակերտական իմ համեստ կարողութեան ի տես… իսկ 5րդ–ին Զարեհ Կաթողիկոսին դիմանկարը պատրաստեցի, 6րդ–ին մասնակից դարձայ ցուցահանդէսի։


?


Ասոնք առաջին քայլերս էին: Ճեմարանի մէջ 10րդ կարգէն սկսեալ ?Ծիլեր?ու մէջ լոյս տեսած են երգիծանկարներս, նաեւ պատի թերթերու համար երգիծական բնոյթ ունեցող նկարազարդումներ կը կատարէի? հետեւաբար կրնանք ըսել թէ դիմանկարի, քանդակի, երգիծանկարի ազդեցութեան ակունքը Հայկազեանն ու Ճեմարանն են։


?


Արուեսրագէտի ուղին` առաջին գործերը որպէս սկսնակ եւ աստիճանաբար զանոնք կատարելագործելու աշխատանքը ի՞նչպէս ընթացաւ։


Երբ աւարտեցի Ազգ. Ք. Եփփէ ճեմարանը ուսումս շարունակեցի որպէս Հալէպի երկրաչափական համալսարանի շինարարական բաժնի ուսանող, սակայն զիս խթանող մարմաջը արուեստի հետեւիլն էր, Հալէպի մէջ պարզապէս արուեստի ուսումնարան մը կար (Ֆնուն դաշքիլիէ فنون تشكيلية) միակ միջոցը արուեստի ուսուցման հետեւելու: Հոն ունեցայ Ապտըլ-Րահման Մուաակատ անունով ուսուցիչ մը, որ կը քաջալերէր վերացական արուեստը, անշուշտ այս ուսուցումը որոշ չափով նախաքայլ էր։


?


Նիու–Եոր






Hartioun: My Clean Cat

My Clean Cat

քի մէջ ես վերացականը զարգացուցի, ինծի համար վերացականը գոյներու եւ ձեւերու (formes) ստեղծումն ու ներկայացումն էր, որ պէտք է ըլլար գեղեցիկ եւ տպաւորիչ, անոր մէջ իմ զգայարանքս կը գործածէի իբր պիագուլիս (չափագործիք) գեղեցկութիւնը չափելու։


?


Ապրուստ ապահովելու առընթեր կը փորձէի մնալ հաւատարիմ արուեստին, այս մարզին մէջ 1985-ին Esquire ամսաթերթին մէջ The new America սիւնակին տակ լոյս տեսնող գրութիւններու կողքին երգիծական սրամիտ, փոքրիկ պատկերներ կը ներկայացնէի, որոնք հրամցուած նիւթին հետ առընչութիւն ունէին։


?


Նիու–Եորքի մէջ կայ նաեւ A.S.A հայկական աշակերտական միութիւն մը, որ տարին անգամ մը կը կազմակերպէր ցուցահանդէս, այդ ցուցահանդէսներուն մասնակցած եմ երկու անգամ առաջնութեան մրցանակ ու գնահատական ստացած։


?


Ընդհանրապէս ապրուստ ապահովելու միջոցներուն մէջ ընտրած եմ արուեստի մօտիկ աշխատանքներ (արձանիկներ շինել, մանրակերտեր model պատրաստել), անոնց կողքին կը զարգացնէի նաեւ արուեստի աշխատանքները եւ ինչու չէ կ՛արտադրէի քանդակներ եւ գեղանկարներ.. այդ շրջանին ունեցայ անձնական ցուցահանդէս մը։


?


Արձաններ շինելու ընթացքին մարդակազմութիւնը իմանալու անհրաժեշտութիւնը շեշտուեցաւ մէջս, հետեւաբար հետեւեցայ դասական արձանագործութեան (New York Academy of Figurative Art) ակադեմիայի երրամեայ դասընթացքներուն։


?


Ձեր կարծիքով արուեստի ո՞ր դպրոցին կը պատկանիք։


Դժուար հարցում է, որուն պատասխանելու համար կարելի է երկար խօսիլ։


?


Արուեստը անցած է զանազան հանգրուաններէ, իմ պարագայիս ինչպէս նախապէս յիշեցի նիւթերս եղած են երգիծական։ Ես երգիծականին հետ կը ջանամ վերացականը միաւորել, ուրեմն կարելի է ըսել, ինծի համար ամենամօտիկ դպրոցը սուրիալիզմն է։


?


Գեղանկարներու, երգիծանկարներու, քանդակներու այս հարուստ ժողովածոյին մէջ որպէս նախընտրութիւն՝ ո՞ր մէկն է սրտի ամենամօտիկ գործը։


Սրտի ամենամօտիկ գործը պիտի ըսեմ միշտ յաջորդն է։


?


Իսկ գոյներու նախընտրութիւն եղա՞ծ է։


Ընդհանրապէս ուրախ գոյներ սիրած եմ, յատկապէս վերացականի մէջ, իսկ երգիծականի ու գեղեցիկի միաձուլման մէջ կը փնտրեմ ներդաշնակ գոյներ, որոնք կը պատշաճին նիւթին հետ։


?


Ձեր գործերուն մէջ ունիք նաեւ նշանաւոր անձնաւորութիւններու դիմաքանդակներ, ի՞նչը մղած է ձեզ իրագործել այս դիմաքանդակները։


Անոնք ինծի ծանօթ անձերու դիմաքանդակներն են, ընդհանրապէս նշանաւոր ճարտարապետներու, որոնք կը գնահատեն արուեստը, կար նաեւ յատկանշական դէմքեր քանդակելու եւ փորձառութիւն ձեռք բերելու մղումը։


?


Արուեստագէտը սկզբնական իր քայլերը նետած շրջանին ընդհանրապէս կը կրէ մեծ վարպետներու ազդեցութիւնը, ապա կը յայտնաբերէ իր ուղին, իր ոճը, արդեօ՞ք ձեր մօտ այդ մէկը տեղի ունեցած է։


Նախապէս յիշեցի թէ Հալէպ գտնուած շրջանին յաճախած եմ գեղարուեստական ուսումնարան, հոն տեղական միջոցները սահմանափակ էին մեծ վարպետներու գործերուն ծանօթանալու համար: Երբ Նիու– Եորք փոխադրուեցայ առիթը շատ աւելի ընդարձակ էր նշանաւոր արուեստագէտներու գործերը տեսնելու եւ տպաւորուելու, հետեւաբար ներշնչումներ կ՛ըլլային։ Ազդուեցայ կրնամ ըսել բայց չեմ սիրեր առանց իւրայատկութիւն ներդրելու ազդուիլ։ Իմ պարագայիս կը կարծեմ որ տպաւորութիւնն է գերակայողը։ Արուեստի դպրոցները, որոնք սիրած եմ impressionism–ը? post impressionism–ը, surrealism–ը որոշ չափով abstract expressionism–ը եղած են գեղարուեստի ուղիս, որ կը բացայայտէ միաձուլումը երգիծական ներաշխարհիս եւ գեղեցիկին, հետեւաբար կը կարծեմ, որ կը գտնուիմ Alberto Jiacometti?William Taker–ի


(ժամանակակից արուեստագէտ) միջեւ։ Prospective օրէնքով մօտ գտնուող առարկաները մեծ կը տեսնենք իսկ հեռաւորը փոքր, այս երեւոյթը կ՛օգտագործեմ արուեստիս մէջ արտայայտելու գեղեցիկն ու երգիծականը։


?


Ո՞րոնք են ձեր նախասիրած երգիծանկարիչները։


Սարուխանը, Գիրազը, Al Hirschfeld–ը։


?


Համաշխարհայնացման այս դարուն երբ արուեստը երբեմն վաճառականական գործարքի կը վերածուի կամ տարօրինակութիւններ կ՛որդեգրէ իւրայատուկ դառնալու միտումով, ի՞նչ խօսք ունիք արուեստի հետեւող նոր սերունդին։


Համաշխարհայնացման հետ քայլ պահելու համար գովազդը անխուսափելի է, եթէ արուեստագէտը կրցած է յաղթահարել դժուարութիւնները ու իր ուղին բանալ առանց միջնորդի կամ գովազդի ինչ խօսք ? հակառակ պարագային միջնորդի ներկայութիւնը անհրաժեշտութիւն կը դառնայ, սակայն այս ձեւն ալ իր անպատեհութիւնները ունի։ Կ՛ապրինք ազատութեան դարի մէջ, յատկապէս մեծ քաղաքներու մէջ ուր գովազդը մեծ դեր ունի, ըսեմ նաեւ թէ պայման չէ, որ բոլոր գովազդները իսկական արուեստը արտացոլեն, հետեւաբար ոչ մասնագէտի համար դժուար է արուեստը՝ ոչ–արուեստէն զանազանելը։ Ժամանակի ընթացքին անպայման որ պիտի չքանան փրփուրները եւ յստակն ու զուլալը յայտնաբերուին։


?


Նոր սերունդը եթէ լաւին կը ձգտի պէտք է ապաւինի իր ներքին թելադրանքին խուսափելով?փրփուրներէն։


?


Սեպտեմբեր 2008


?


Տեսնել այլ օրինակներ անգլերէն տարբերակին մէջ



?


?

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostMy virtual meeting with Datevik Hovanesian… A worthy adventure
Older PostArmenians in Mexico

POPULAR

item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Discrete Video Modeling for children with special needs in Armenia

February 23, 2016
item-thumbnail

Nana Aramyan’s art and her exceptional inspiration

September 12, 2015

LATEST

item-thumbnail

تواصل تركيا سياستها التقليدية بتبرير الإبادة الأرمنية والتهديد

August 11, 2020
item-thumbnail

Ptit: Armenian language website for children and teenagers

June 20, 2020
item-thumbnail

Vartine Ohanian Minister of Youth and Sports in the New Lebanese Government

January 22, 2020
item-thumbnail

Հայաստանի լեռնահարստացման կոմբինատը՝ «Չաարատ Կապան» ՓԲԸ-ն պատրաստվում է մեծամաշտաբ ծրագիր իրականացնել

January 21, 2020
item-thumbnail

Traditional Armenian Pilgrimage in Chinsurah

January 15, 2020

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • Applications
  • Chinese Armenians
  • Cyprus Armenians
  • Egyptian Armenians
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Lebanese Armenians
  • Music
  • Pan-Armenian News
    • Art
    • Books
    • Business
    • Celebrations
    • Courses and Camps
    • Documentaries
    • Education
    • Energy
    • Festivals
    • Genocide
    • History
    • Interviews
    • Language
    • Poetry
    • Politics
    • Tourism
  • Religion
  • Syrian Armenians
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին
  • القسم العربي

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact
  • Social Media

RANDOM POSTS

item-thumbnail

Anna Dolabjian: I feel life coaching as a dream coming true

item-thumbnail

Ավստրալիայի և Նոր Զելանդիայի Հայոց թեմի, Ավստրալիայի Արևելյան Ուղղափառ և Արևելյան Կաթոլիկ եկեղեցիների առաջնորդներն այցելեցին նախարարություն

item-thumbnail

‘Seeing Through Babel’ Exhibition by Kevork Mourad

TAG CLOUD

Armenian Art Armenian Catholics Armenian Christmas Armenian Costumes Armenian Genocide Armenian Songs Armenian Velvet Revolution Azad-Hye Celebrations Cyprus Armenians Daniel Varoujan Hejinian Diaspora Armenians Education Emma Kant Emma Karapetyan Ethiopian Armenians Garni Geghard Genocide Goris Greece Hidden Armenians History Iraqi Armenians Kessab Kessabtzis Krikor Jabotian Language Lebanese Armenians Meri Martirosyan Music Music Application Nana Aramyan Nikol Pashinyan Norway Ottoman Empire Paris Speech Therapy Syrian Armenians Syunik Turkey Turkish Armenians UAE Armenians Vardavar Western Armenia

Azad-Hye on FLICKER

© 2021 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll