Թարգմանեց անգլերէնէն՝ Նանոր Միքայէլեան
Ազատ-Հայի յատուկ
Սիրելիներ, այսօր մենք կը սգանք շատ հարազատ ընկերոջ մը կորուստը, անունը` գիտակցութիւն:
Երկար տարիներ մեզի հետ էր ան, թէեւ ոչ ոք ճշգրիտ կրնայ ըսել թէ քանի տարեկան էր, որովհետեւ անոր ծննդեան փաստաթուղթերը տարիներ առաջ կորսուեցան ձեւակերպութեան սովորամոլութեան մէջ: Զինք ամէնաշատը պիտի յիշենք մեզի փոխանցած իր դասերուն ընդմէջէն, ինչպէս.-
– Կեանքը միշտ չէ որ արդար է:
– Աշխատասիրութիւնն է յաջողութեան բանալին:
– Գիտակցիլ թէ ուր են մեր սահմանները:
– Այո, ես յանցաւոր էի……. եւայլն:
Գիտակցութեան վարած քաղաքականութիւնը շատ պարզ էր. օրինակ՝ ?շահածէդ ավելին մի ծախսեր?: Ան վստահելի սկզբունքներ ունէր, ինչպէս՝ ?պատասխանատուն չափահասներն են եւ ոչ երեխաները?:
Գիտակցութեան առողջութիւնը սկսաւ վատանալ, երբ բարի նպատակներով բայց ծանր օրէնքներ սկսան գործադրուիլ: Երբ ան լսեց, թէ վեց տարեկան երեխայ մը դատապարտուեցաւ իր դասընկերուհին համբուրած ըլլալուն համար, պատանիներ կախակայուեցան դպրոցէն թեթեւ մը շպարուած ըլլալնուն համար, ուսուցիչ մը աշխատանքէ դադրեցաւ անզուսպ աշակերտ մը յանդիմանելուն համար?
Անոր վիճակը օրըստօրէ վատթարացաւ: Գիտակցութիւնը շատ վշտացաւ երբ ծնողներ յարձակեցան ուսուցիչներուն վրայ իրենց երեխաներուն հետ խիստ վարուած ըլլալնուն համար, բան մը, որ իրենք որպէս ծնողներ, ցաւօք չէին յաջողած կատարել: Դպրոցները ծնողական թոյլտւութիւն կը պահանջէին երեխայի մը գլխացաւի դեղ տալէ առաջ, բայց գաղտնի կը պահէին ցաւալի փաստ մը, ինչպէս՝ աշակերտուհիի մը յղիութեան ու վիժման իրողութիւնը:
Ան ապրելու փափաքը կորսնցուց, երբ եկեղեցիները առեւտուրի վայրերու վերածուեցան, երբ մարդիկ ոճրագործներու հետ աւելի լաւ կը վարուէին, քան անոնց զոհերուն, երբ տանտէրը ոչ միայն չէր կրնար ինքզինք ու իր բնակարանը պաշտպանել գողերէ, այլեւ այդ նոյն գողը կրնար դատի կանչել զինք իր վրայ յարձակած ըլլալուն համար:
Գիտակցութիւնը ապրելու փափաքը վերջնականապէս կորսնցուց երբ տիկին մը չանդրադարձաւ, թէ նոր պատրաստուած սուրճ մը կրնար զինք այրելու չափ տաք ըլլալ ու անմիջապէս վնասուց յատուցում պահանջելու ելաւ:
Գիտակցութեան ընտանիքի անդամները իրմէ շատ աւելի առաջ վախճանած էին, անունները՝ Ճշմարտութիւն ու Վստահութիւն, կինն էր Գաղտնապահութիւնը, դուստրը Պատասխանատւութիւնը իսկ որդին՝ Տրամաբանութիւնը:
Բայց եւ այնպէս, անոր չորս խորթ եղբայրները տակաւին կը շարունակեն ապրիլ: Անոնք են.-
– ես իմ իրաւունքս կ?ուզեմ
– հիմա կ?ուզեմ
– ուրիշին այպանեցէք եւ
– ես եմ զոհը:
Անոր թաղման արարողութեան քիչեր ներկայ էին, որորվհետեւ քիչեր միայն անդրադարձած էին իր կորուստին:
Գիտակցութեան յիշատակը վառ պահելու համար կարդացէ?ք ու տարածեցէք այս գրութիւնը: