• Home
  • About
  • YouTube
  • Contact
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Գնահատելու ու նուիրաբերուելու արուեստը

September 8, 2011
A+ A-
Email Print
<FONT face=Sylfaen>Գնահատելու ու նուիրաբերուելու արուեստը</FONT>

Boghos Kupelian


?


Writer Boghos Kupelian explains the importance of public acknowledgment for those who devote their time and effort for community work. He brings examples from recent appreciation ceremonies which mark clear divergence from the traditional approach.?


Պօղոս Գուբելեան


Որպէս հաւաքականութիւն, հայերս չենք կրնար պարծենալ, թէ ըստ արժանւոյն գնահատել ու արժեւորել գիտենք հանրային կեանքի մէջ զոհուող ու նուիրաբերուող մեր արժէքները։ Նման մտորումներ յանկարծ խուժեցին ուղեղս, երբ Չորեքշաբթի, Մարտ 31ին, երեկոյեան, ?Հորիզոն? հայկական պատկերասփիւռի կայանէն յուզումով կը հետեւէի նոյն յարկին տակ ամբողջ հինգ տարիներ ծառայած երիտասարդ խօսնակ Հայկ Թովմասեանին՝ հայկական կայանէն մեկնումին առթիւ հեռարձակուող ցտեսութեան սրտայոյզ, իւրայատուկ յայտագիրին:


Պէտք է խոստովանիմ, թէ զարմանքս բաւական մեծ եղաւ, գուցէ անոր համար, որ գնահատանքի այդ կարճ բայց յուզիչ յայտագիրը կը գործադրուէր հայկական քաղաքական ու յեղափոխական այնպիսի կազմակերպութեան մը նախաձեռնութեամբ, որ ծանօթ է իր անդամներու ու համակիրներու շրջափակէն ներս ծառայող անհատները չշփացնելով ու յաճախ անոնց կեանք մը ամբողջ նուիրումը չգնահատելով, անոնց տարրական գնահատանք մըն ալ զլանալու ժլատութեամբ:


Արդարեւ, ՀՅԴաշնակցութիւնը, ամբողջ 100 տարի պահպանած է Սասնոյ լեռներն ու կիրճերը զարգացուցած եւ մինչեւ օրս կիրարկած մաքրակրօն յեղափոխականը գովասանքէ ու գնահատանքէ զրկելու չոր ու ամօթխած գործելակերպը։ Ներկայ դրութեամբ, կրօնական մեր հաստատութիւնները շատ աւելի բացուած են արդիական կեանքի պահանջներուն ու նորմերուն, քան՝ մեր իտէալացուցած քաղաքական կուսակցութիւնը:


?Հորիզոն?ի ձեռնարկածը կամ հայկական պատկերասփիւռի ընկերութեան կողմէ գործադրութեան դրուածը, հաճելի փոփոխութիւն մըն էր կամ ալ արդիական մտածողութեան ընկալում՝ տարբեր մինչեւ օրս տիրող աւանդական պրկուած գործելաձեւէն:


Ըսուած է, որ կեանքի մէջ ամէնէն դիւրին ու նմանապէս ամէնէն դժուար բանը մարդ գնահատել գիտնալն է եւ մասնաւորապէս՝ ստեղծագործական ու հանրային կամաւոր ծառայութեան ոլորտի մէջ ծառայողները։ Կը ճանչնանք հայ քաղաքական ու գրական մշակութային կեանքին մէջ գործող կերպարներ, որոնց համար մահուան չափ դժուար է գնահատել դիմացինին ծով քրտինքով ու անչափ զոհողութիւններու գնով յաջողած գործը, կամ գնահատել գաղափարակից գրողի մը գեղարուեստական մէկ գործը՝ պարզապէս զայն ընթերցելով? Եւ յաճախ հայկական կազմակերպութիւններուն վերնախաւը գրաւած են ժխտական այդ կերպարները։


?Հորիզոն? պատկերասփիւռի կայանին մատուցած հաճելի անակնկալը կը զուգադիպէր բժշկական խնամքի տակ եղած դժուարին մէկ հանգրուանի մը, երբ ձեռքս ունէի օտար հրատարակութիւն մը, որուն ընկերաբան-հոգեբան հեղինակները՝ Ռիք Հոսթըր եւ Կրեկ Հիքս, փիլիսոփայական այն վարկածը կը ջատագովէին, իբրեւ թէ մարդուս երկարակեցութիւնն ու երջանկութիւնը պայմանաւորուած են կեանքի դրական իր մօտեցումով, որուն մէջ կ՛իյնան դիմացինին նոյնիսկ ամէնէն աննշան ու փոքր արարքին գնահատանքով մօտենալը, ինչպէս նաեւ ինքնանուիրումի, տալու ազնուական արարմունքէն ստացած բաւարարութիւնը։ Տակաւին՝ փորձել կիսել դիմացինին ցաւը եւ օրդ օգտակար, թովիչ արարքներով լեցնել, չխրիլ յուսալքութեան խորխորատը, այլ կեանքէն զուարճալի, հոգեպնդիչ պահեր փորձել վերյիշել եւ ամենէն կարեւորը՝ տալու արուեստը նուիրագործելով՝ աներկիւղ կիրարկել։ Տուողը ընդհանրապէս իր արարքէն բխող, իր արարքէն ցոլարձակուող աւելի մեծ հոգեկան բաւարարութեան կը հասնի, քան ստացողը։ Վստահ ենք, որ գնահատանքի այդ յայտագիրը վարող մտաւորական մեր բարեկամը՝ Մանուկ Սէրայտարեանը, եւ պատկերասփիւռի կայանի անձնակազմը, իրենց երիտասարդ պաշտօնակիցը գնահատելով՝ իրենք ալ վստահօրէն հոգեկան լիաբուռն բաւարարութիւն ապրեցան։


Սոյն գիրքի երկայնքին կը պատգամուի նաեւ, թէ ինքզինք բաշխողին, տալու արուեստը կիրարկողին կեանքը կ՛երկարի ու անիկա ֆիզիքական փայլուն, շողշողուն ու նախանձելի վիճակի մը բարձունքները կը յաղթահարէ։ Այստեղ կ՛արժէ հարց տալ, թէ արդեօք, մասամբ մը, հայազգի անզուգական բարերար Գըրք Գրգորեան իր յառաջացած տարիքին, տակաւին երիտասարդական տեսք ու ֆիզիքական նախանձելի վիճակ պահելը իր առատաձեռնութենէն ու զրկեալին հասնելու գիտակցութենէն չի՞ բխիր։ ?Շողշողուն Ֆիզիքականի Ընկալումը? հատորին հեղինակները կը շեշտեն մարդուս ուղեղին եւ զոյգ հոգեվիճակներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող անառարկելի, շշմեցուցիչ կապի մը գոյութիւնը։


Աւելի քան խօսուն է օրինակը ամերիկացի այն ուսանողին, որ բժշկականի վերջին տարին ինքնաշարժի մահացու արկածի մը զոհ երթալով՝ մէջքէն վար ցկեանս անդամալոյծ կը դառնայ։ Առաջին շրջանի հոգեկան խարխափումներէն ու վհատութենէն ետք ինքզինք կը հաւաքէ ու կը փորձէ դրականի վերածել կեանքը, ու փայլուն կերպով կ՛աւարտէ բժշկականը, կ՛ամուսնանայ սիրոյ իր կուռքին հետ եւ Ափրիկէի խորերը կ՛ուղղուի. այո՛, սայլակաւոր այդ նոյն բժիշկ մասնագէտը, ամբողջ 13 տարի դժուարին պայմաններու տակ կը խնամէ իրմէ աւելի դժբախտները՝ ?Էյտզ?է վարակուած խլեակները սեւ երկրամասին։ Անսակարկ իր նուիրումով, ան կը մոռնայ սեփական ցաւն ու դժբախտութիւնը եւ օգտակար դառնալով տառապեալներուն՝ իր կեանքը կ՛իմաստաւորէ, դրական թրթռացումներով համակելով ինքզինք եւ իր շրջապատը:


Միտքերու խոլարշաւ յորձանքին մէջ, յանկարծ յիշեցի, թէ հայ ժողովուրդի դարաւոր փիլիսոփայութեան ալ մաս կազմած է ամերիկացի ընկերաբան հեղինակներու արծարծած մտային դրական թրթռացումներ փոխանցելու արարքին օգտակարութեան գաղափարը։ Արդարեւ, արեւելահայ մեր եղբայրները յաճախ կը գործածեն ?Ցաւդ տանեմ, աղբեր ջան? մաղթանք-ասոյթը, որ գիրքին մէջ ջատագովուած ընկերոջ ցաւը ամոքելու արարքով քու սեփական կեանքդ հարստացնելու նախնական պարզագոյն փիլիսոփայութեան արտայայտութիւն է? այնքան ատեն, որ իր իմաստէն պարպուելով՝ անհեթեթութիւն չի հնչեր ան։ Երբ մէկու մը օգնութեան ձեռք կ՛երկարես ու կը փորձես այդ անձին հոգեկան կամ ֆիզիքական ցաւը ամոքել, մարդկային ազնուագոյն այդ արարքը նաեւ քու ցաւերուն բալասան կ՛ըլլայ կամ քեզ հոգեպէս ու ֆիզիքապէս առողջ կը պահէ։ Հայերը ունին ուրիշ ասացուածք մըն ալ, որ ջատագովուած փիլիսոփայութեան աստղահոյլին մէջ թումանեանական վեհութեամբ ու իմաստութեամբ կը փայլատակէ. ?Քէֆ ընողին քէֆ չի պակսիր, տարտ ընողին՝ տարտ չի պակսիր?:


Գիրքի զոյգ հեղինակներուն տասնամեակներու վրայ երկարող գիտաշխատութեամբ ձեռք բերուած արդիւնքներով, բարերար հոգեվիճակ մը կը ստանանք՝ մեր օրը ուրախ անցընելով, եւ ոչ անպայման քանի մը բաժակ թութի օղիով ձեռք բերուած ժամանակաւոր խաբուսիկ երանութեամբ։ Փոխանակ յարատեւօրէն մեր կեանքի դժբախտ պատահարները վերյիշելով անկումային հոգեվիճակներու յանձնուելու, փոխանակ դժբախտ մանկութիւնդ ու անարեւ պատանեկութիւնդ կամ ալ վրիպած սիրոյ մը թողած աւերը, անոր յաճախանքը կրկին ու կրկին ապրելու՝ հարկ է վերյիշել ազնուական այն ֆրանսացի զինուորը, որ թաղի լաճերուն ֆրանսական սպիտակ հաց շերտեց ու բաժնեց, կամ վերյիշել Նոր Հաճըն թաղի սափրիչ Սամի Կարօն ինչպէ՛ս իր գրադարանէն շաբաթ մը ձրիօրէն վէպի մը ընթերցանութիւնը պարգեւեց, կամ՝ մտաբերել պատանեկութեանդ առաջին սէրը եւ անոր գայթակղեցուցիչ ջերմ համբոյրով արբեցումդ։


Մէկ խօսքով՝ ուրախ, առողջ ու երկար ապրելու համար յուսահատութեան ու տխրութեան մէջ պարուրուելու փոխարէն, վարդահեղեղ գեղեցիկ ու յուսադրիչ պահերը վերյիշէ անցեալիդ։


Իսկ երիտասարդ մեր բարեկամին՝ Հայկ Թովմասեանին, ու ?Հորիզոն?ի անձնակազմին՝ մեր երախտագիտութիւնը՝ մեր կեանքն ու երեկոները պայծառացնելուն համար:


Բարի երթ Հայկին։


Վերջերս ?Ասպարէզ?ի մէջ յուզումով կարդացինք նաեւ չորս ՀՕՄուհիներուն ?Մեսրոպ Մաշտոց? շքանշանի արժանացումը. անոնց մէջ էր մեր սիրելի բարեկամուհին, գրող մտաւորական Ռիթա Որբերեանը։


Կ՛ողջունենք գնահատանքի զուտ մարդկային երեւոյթները:


Source: Asbarez, 18 July 2011
http://asbarez.com/arm/104768/

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostՈւզում եմ պատմել Վահանի մասին
Older PostՀայաստանն առանց հայերի

POPULAR

item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Essam Nagy’s documentary “In The Beginning Was Armenia” (Interview)

January 11, 2020
item-thumbnail

Anna Dolabjian: I feel life coaching as a dream coming true

January 18, 2018

LATEST

item-thumbnail

Armenians of Iraq: A Community on the Brink

April 18, 2025
item-thumbnail

Camp Bjni launched in Armenia

March 26, 2025
item-thumbnail

The Nagash Ensemble of Armenia

March 8, 2025
item-thumbnail

The Armenian Genocide and Legal Paths to Resolution

April 14, 2024
item-thumbnail

The legacy of Berj Aprahamian

February 6, 2024

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations
Helen Ray Harrington on From 1979 until the formation of Micromania Group

Categories

  • American Armenians
  • Applications
  • Armenia
  • Art
  • Books
  • Business
  • Celebrations
  • Chinese Armenians
  • Courses and Camps
  • Culture
  • Cyprus Armenians
  • Diaspora Armenians
  • Documentaries
  • Education
  • Egyptian Armenians
  • Energy
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Festivals
  • French Armenians
  • Genocide
  • Greek Armenians
  • Heritage
  • History
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Jerusalem Armenians
  • Language
  • Lebanese Armenians
  • Media
  • Middle East Armenians
  • Music
  • Poetry
  • Politics
  • Religion
  • Research
  • Rural Armenia
  • Saudi Arabia Armenians
  • Science
  • Social Platforms
  • Syrian Armenians
  • Tourism
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • YouTube
  • Contact

RANDOM POSTS

item-thumbnail

Istanbul multicultural locations highlighted

item-thumbnail

Եզակի Կապանն իր եզակի կառույցով

item-thumbnail

Tigranes the Great: a book by Serge Momjian

TAG CLOUD

Applications Appstore Ararat Province Armenian Americans Armenian Art Armenian Design Armenian Fashion Armenian Genocide Armenian Language Army Art Center Athens Basra Armenians Camps Chinsurah COAF Diaspora Armenians Diaspora Topics Donations Education Egyptian Armenians Essam Nagy Genocide Ghukasavan History Immigration Iraqi Armenians Istanbul Kevrok Mourad Kolkata Krikor Jabotian Lebanese Armenians Momjian Nutrition Play Store Printing Research Rural Armenia Summer Camps Syrian Armenians Turkish Armenians UAE Armenians Vartine Ohanian West Bengal Western Armenian

Search this website

© 2026 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll