• Home
  • About
  • Contact
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Անտարբերութեամբ լրջօրէն կը վտանգուին ազգային գերագոյն մեր շահերը

March 27, 2009
A+ A-
Email Print

Գրեց՝ Ասատուր Տէվլեթեան


Հայաստանի Հանրապետութեան համար անհամեմատելի, միեւնոյն ատեն նաեւ անփոխարինելի հարստութիւն է սփիւռքի հայութիւնը, որ իր մեծամասնութեամբ, անմնացորդ սիրով, անսահման կարեկցութեամբ ու գորովով կ՚ ընկալէ մայր հայրենիքը, հայրենաբնակ ժողովուրդը եւ անոնց ներկային ու ապագային հետ աղերս ունեցող բացարձակապէս ամէն ինչ:


Առաջին ակնարկով խիստ յաւակնոտ թուացող այս հաստատումը, յամենայնդէպս, անհերքելի իրողութիւն ըլլալէ երբեք չի դադրիր: Հայկական սփիւռքի հայթայթած ու հայթայթելիք բազմաբնոյթ, անդաւաճան եւ յարատեւօրէն կայուն նեցուկը վաւերականագոյն գրաւական է մեր հայրենիքին համար: Հետեւաբար, կենսականօրէն անհրաժեշտ է որ անգնահատելի այդ դրամագլուխը բծախնդրօրէն պահպանուի, որպէսզի կարելի ըլլայ անկէ տեւապէս քաղել հնարաւոր առաւելագոյն օգուտը:


Արտերկրի հայութիւնը իր նուիրումին ու նուիրաբերումին փոխարէն կ՚ակնկալէ ոչինչ, բացի հաւատքի ու վստահութեան մնայուն ներշնչումէն: Ինքնըստինքեան պարզ կը դառնայ, ուրեմն, թէ ճիգ պէտք չէ խնայուի որպէսզի երբեւէ չնուազին եւ չխախտին հաւատքն ու վստահութիւնը, որովհետեւ այլապէս`ծայր աստիճան անբաղձալի կրնան ըլլալ բոլոր տխուր հետեւանքները:


Միւս կողմէ, վերջին քառորդ դարուն, բայց մանաւանդ Հայաստանի անկախացումէն ետք, հիմնովին փոխուեցաւ հայկական սփիւռքի էութիւնը: Մինչդեռ նախապէս գոյութիւն ունէին աշխարհագրական քանի մը յստակ ստորաբաժանումներ եւ, առ հասարակ, ընդհանրական էին իւրաքանչիւր հատուածի հայութեան հետ առնչուող խնդիրները, ինչպէս նաեւ անոնց համար անհրաժեշտ լուծումները, ներկայիս ո՛չ միայն երկրէ երկիր, այլ յաճախ նոյնիսկ քաղաքէ քաղաք կը տարբերին կարիքները, պայմաններն ու հնարաւորութիւնները:


Ազգային որեւէ լուրջ ծրագրում չի կրնար առաջնորդուիլ լոկ զգացական, ենթակայական կամ պարագայական մղումներով, ո՛չ ալ` պայմանաւորուած ըլլալ անոնցմով: Ժամանակները եւ անոնց խիստ պահանջները կը պարտադրեն որ փորձենք կիրարկումի մէջ դնել ամէնէն պիտանի, ամէնէն արդիւնաւէտ, ամէնէն հեռանկարային նախաձեռնութիւնները, մանաւանդ երբ շատ սահմանափակ են մեր միջոցները համազգային մեր ծով կարիքներուն համեմատութեամբ:


Այս տուեալներու լոյսին տակ, բոլորովին անըմբռնելի կը մնայ մեղկ, մակերեսային, մինչեւ անգամ ցոփ եւ անլուրջ այն մօտեցումը, զոր հայկական սփիւռքի հանդէպ երբեմն կը ցուցաբերեն հայրենի իշխանութիւնները կամ հանգամանաւոր կարգ մը անձնաւորութիւններ: Ցաւ ի սիրտ, պարբերաբար ականատես կ՚ըլլանք այնպիսի մեծամիտ եւ թեթեւսոլիկ վերաբերմունքի որ մինչեւ իսկ յուսաթափող ազդեցութիւն կը գործէ մեր վրայ:


Կարելի չէ հանդուրժել որ մայր հարենիքը այսպիսի անբացատրելի անփութութիւն ցուցաբերէ արտերկրի հայութեան նկատմամբ: Ի վերջոյ, նուազագոյնը ըսած ըլլալու համար, անհատական յղփացած փառասիրութիւններ գոհացնելէ բացի, ոչ մէկ այլ նպատակի կը ծառայէ այդօրինակ յեղյեղուկ վարուելակերպը:


Երկարատեւ պաշտօնավարութեան համար թէ յատուկ առաքելութիւններով երբեմն սփիւռք կ՚ ուղեւորուին անցեալի տխուր առնչուածութիւններ ունեցող, խիստ կասկածելի մղումներու տէր իմաստակներ, որոնց անուան յիշատակումն անգամ բաւարար է որ, ամնիջապէս, անհանգստութեան եւ անվստահութեան մթնոլորտ սկսի տիրել: Թէ ի՛նչ կարելի է իրագործել – կամ` ընդհակառակը – այդպիսի որձեւէգ անձերու միջոցաւ, դժուար չէ պատկերացնելը կամ կռահելը: Դժուար է, սակայն, համոզուիլը թէ այս տիպի անձերու յանձնարարութիւններ վստահողները կրնան ունեցած ըլլալ տարրական ուղղամտութիւն եւ լուրջ պատասխանատուութեան զգացում:


Ա՛յս մտահոգութիւնն է որ կը ջլատէ ու կը սրտաբեկէ մեզ: Ներկայի յարափոփոխ պահանջները մեր ժողովուրդի արտերկրի հատուածին առջեւ ծառացուցած են նոր, նախկիններէն շատ աւելի խրդին հրամայականներ, յատկապէս ապահովելու ի խնդիր արտասահմանի մէջ հասակ առնող մեր նոր սերունդին ազգային գիտակցութեան պահպանումն ու զարգացումը: Այս եւ նման ծանրակշիռ յառաջադրանքներու նկատմամբ անհրաժեշտ է որ ազգովին ցուցաբերենք ամէնէն լուրջ, ամէնէն ծրագրուած, ամէնէն բանիմաց մօտեցումները: Ահա ա՛յս վճռորոշ հասկացողութեան կապակցութեամբ խորապէս կը բաղձանք եւ կ՚ակնկալենք ունենալ, ամբողջական ըմբռնողութենէ բխած, մայր հայրենիքի բարոյական նեցուկը: Մինչդեռ, ափսոսանքով ականատես կ՚ըլլանք թէ այդքա՜ն կենսական, ճակատագրական ու առաջնահերթ բոլոր խնդիրները ?մի կողմ դրած?, մերթ ընդ մերթ արտասահման կ՚ուղեւորուին իրենք զիրենք ?փրկիչ? յորջորջած յայտնի սմսեղուկներ, որոնք, իմացական վիրաւորանքին վրայ անարգանք ալ բարդելով, ծիծաղելի յոխորտանքներով կը յաւակնին – իրենց հայեցողութեամբ – ?արմատապէս լուծել? հարցեր, որոնց բնոյթէն բոլորովին անտեղեակ են, կամ ալ` այդ ուղղութեամբ ունին խիստ պակասաւոր, նոյնիսկ կանխակալ, շիլ եւ շահադիտական կողմնոշումներ:


Այս տիպի վերաբերմունքը ո՛չ միայն յայտնապէս սնափառ եւ բացայայտօրէն վնասաբեր է, այլ նաեւ կը վարկաբեկէ ու կ՚որակազրկէ ուղղակի թէ անուղղակի կերպով յանձնարարատու հանդիսացող անձնաւորութիւնը կամ միաւորը:


Հայրենիքը մեզի համար բացարձակ սրբութիւն է: Չենք կրնար հանդուրժել որ ոեւէ անձ, կամ որեւէ երեւոյթ թէ պատահար, ամէնէն դոյզն իսկ չափով, արատաւորէ անոր անբասիր նուիրականութիւնը: Ուստի անզիջում կ՚ակնկալենք, պահանջելու պէս կը խնդրենք հայրենի մեր հարազատ իշխանութիւններէն որ երբեք մակերեսայնօրէն եւ անփութութեամբ չվերաբերին արտերկրի հայութեան նկատմամբ: Ի վերջոյ, նման անտարբերութիւնը կրնայ լրջօրէն վնաս հասցնել ազգային գերագոյն մեր շահերուն:


Նիկոսիա, Կիպրոս


ՌԱԿ Մամուլ
Մարտ 27, 2009

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostՀայ-թրքական յարաբերութեան մէջ հայկական պահանջատիրութենէն ոչ մէկ զիջում
Older PostՄասնակից դարձուցէ՛ք ժողովուրդը այս գործընթացին

POPULAR

item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Essam Nagy’s documentary “In The Beginning Was Armenia” (Interview)

January 11, 2020
item-thumbnail

Anna Dolabjian: I feel life coaching as a dream coming true

January 18, 2018

LATEST

item-thumbnail

Liana Ghaltaghchyan is the new Managing Director at the Children of Armenia Fund

January 10, 2023
item-thumbnail

Indian Journalist Venkatesh Remakrishnan mentions the Armenians of Chennai

October 30, 2022
item-thumbnail

Renovation of the Ghukasavan Cultural Center’s main hall

December 1, 2021
item-thumbnail

Nobel Prize winner Ardem Patapoutian

October 7, 2021
item-thumbnail

Armenian Church of the Virgin Mary in Basra, Iraq

August 30, 2021

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • Applications
  • Art
  • Books
  • Business
  • Celebrations
  • Chinese Armenians
  • Courses and Camps
  • Cyprus Armenians
  • Diaspora Armenians
  • Documentaries
  • Education
  • Egyptian Armenians
  • Energy
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Festivals
  • Genocide
  • History
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Language
  • Lebanese Armenians
  • Music
  • Poetry
  • Politics
  • Religion
  • Rural Armenia
  • Science
  • Syrian Armenians
  • Tourism
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact

RANDOM POSTS

item-thumbnail

Fridtjof Nansen’s portrait donated to Norway

item-thumbnail

Ի՞նչ խնդիրներ կան և ի՞նչ փոփոխութուններ են սպասվում Հայաստանի ճանապարհատրանսպորտային ոլորտում

item-thumbnail

Anna Dolabjian: I feel life coaching as a dream coming true

TAG CLOUD

Armenian Art Armenian Catholics Armenian Christmas Armenian Costumes Armenian Genocide Armenian Songs Armenian Velvet Revolution Azad-Hye Celebrations Cyprus Armenians Daniel Varoujan Hejinian Diaspora Diaspora Armenians Education Emma Kant Emma Karapetyan Ethiopian Armenians Garni Geghard Genocide Goris Greece Hidden Armenians History Iraqi Armenians Kessab Kessabtzis Language Lebanese Armenians Meri Martirosyan Music Music Application Nana Aramyan Nikol Pashinyan Norway Ottoman Empire Paris Speech Therapy Syrian Armenians Syunik Turkey Turkish Armenians UAE Armenians Vardavar Western Armenia

Search this website

© 2023 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll