• Home
  • About
  • Contact
  • Social Media
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • Pan-Armenian News
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • القسم العربي
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Հայաստանը, Պըրրին եւ … մենք

November 11, 2011
A+ A-
Email Print
<FONT face=Sylfaen>Հայաստանը, Պըրրին եւ … մենք</FONT>








Nabih Berri

Lebanese politician Nabih Berri


Armenia, Nabih Berri and we…


Barouyr Aghbashian writes about the recent visit of Nabih Berri, the Speaker of the Lebanese Parliament, to Armenia. He praises the warm welcome Armenian authorities had prepared for the distinguished guest.


On the other hand, he finds that the Lebanese media (Armenian, Arabic and English) did not pay much attention to the visit. Only few reports and short references appeared.


Aghbashian invites us to learn from this experience, so that in the coming years, when the President of Lebanon or Prime Minister visit Armenia, the coverage comes at the level of the expectations.  


Specifically he asks:


1) Was it difficult to secure the participation of Armenian media representatives from Lebanon in Berri's delegation?


2) Has the Armenian Embassy in Lebanon done anything in this regard?


3) Media in Armenia: Instead of focusing on the medals granted to the guest, wasn't it better for the Armenian media to analyze the historical and political context of the visit? 


Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, Լիբանան


Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի այցելութիւնը Երեւան, անտարակոյս, պատմական եւ անկիւնադարձային իրողութիւն մը եղաւ (եւ է՛), որուն մասին պէտք է լրջօրէն խորհրդածել, համապատասխան քննարկումներով ու գնահատումներով։


Դժբախտաբար, լիբանանահայ շրջանակներէ ներս, այս կարեւոր իրադարձութիւնը իր անհրաժեշտ արձագանգները չգտաւ, յատկապէս մամուլին կողմէ, որ բաւականացաւ միայն լրատուութեան ու մասամբ ակնարկային բաժիններ յատկացնելով (տակաւին չըսելու համար, որ ոմանք ?կցկտուր? ու ?կարկտան? դերակատարութիւններու մէջ գտնուեցան-մեկնաբանութեան կը կարօտի՞)։



* * *


Ծանօթ է, թէ շրջանը կ?անցնի խիստ վտանգաւոր ու փափուկ հանգրուաններէ։


Շրջանային կարգ մը պետութիւններ ու միջազգային գերատեսչութիւններու մեծ մասը դաւադրութիւններ կը հիւսեն (հիւսած են), դաւադրութիւններ կը կազմակերպեն (կազմակերպած են), դաւադրութիւններ սարքած են (կը սարքեն), որոնց մէջ ամենէն տխրահռչակ դերը վերապահուած է հին-նոր օսմանիզմի ժառանգորդներուն, գլխաւորութեամբ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեժիպ Էրտողանի։


Աւելի քան զաւեշտական է (նոյնիսկ հեգնական), որ նորօրեայ ?սուլթանիկ?ը, աջին ու ձախին սպառնալիք կու տայ, աջին ու ձախին ասպարէզ կը կարդայ, խօսելով ժողովրդավարութենէ՜, ազատութենէ՜, մարդասիրութենէ՜, մինչդեռ ինք կը հանդիսանայ աննախընթաց բռնատէրը, ճնշատէրը ու հալածատէրը, ոչ միայն ուրիշներու նկատմամբ (փոքրամասնութիւն թէ ուրիշ), այլեւ՝ թուրք ժողովուրդին, որուն քաղաքական բանտարկեալները, խօսքի ազատութեան զրկեալները, քաղաքական գործի հալածեալները կը կեղեքուին ու կը հիւծուին թրքական զնտաններուն եւ արգելակայաններուն մէջ։


Խօսի՞նք հակաքրտական թրքական ֆաշիզմին մասին, օր-ցերեկով քիւրտերը օդային-ցամաքային ռմբակոծման հաշուեյարդարի ենթարկելով, արար-աշխարհի սառն աչքին առջեւ, անդին՝ իր հովանաւորը՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, մոռնալով հակամարդկային այս վանտալիզմը, տակաւին կը քաջալերէ Անգարայի վարիչները ?թուր ու հուր? ցուցաբերելու իրենց հարեւաններուն նկատմամբ։


Ահաւասիկ այսպիսի թանձր ու մռայլ մթնոլորտի մը մէջ, որուն թիրախ կը դառնայ նաեւ Լիբանանը (Սուրիոյ կողքին), Էրտողան կը շարունակէ ինքզինքը ?արդարադատ? ձեւացնել (անշուշտ, թելադրութեամբ ու հրահրումով Ուաշինկթընի), ?միջնորդ? եւ? ?առաջնորդ?, մէկ ճիւղէն միւսը թառելով։


Բարեբախտաբար, ժամանակը ցոյց տուաւ Թուրքիոյ երկդիմութեան աստիճանը, մերկացաւ անոր էութիւնը, երբ սկսաւ անպատկառօրէն միջամուխ ըլլալ արաբական աշխարհի ներքին գործերուն? բացարձակատիրական ոճով եւ ինքնատիրական մոլուցքով։


Նեպիհ Պըրրին, որ հեռատես եւ իրատես, կշռադատ ու խոհեմադատ դիւանագէտ-քաղաքագէտ մըն է, ՊԱՀԸ յարմար ու տեղին գտաւ, Հայաստանի իշխանութիւններէն իրեն ուղղուած հրաւէրին, ընդհո՛ւպ, ընդառաջել, հետեւեալ գործօններով.


– Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին հանդէպ իր (եւ պետութեան) համակրանքն ու զօրակցութիւնը վերահաստատելու։


– Լիբանանեան խճանկարին մէջ, լիբանանահայութեան ունեցած դերն ու ներդրումը վերագնահատելու։


– Լիբանան-Հայաստան կապերը (զանազան մակարդակներու վրայ) վերանորոգելու։


– Թուրքիոյ (եւ այլոց) հասկցնելու, թէ արաբներու ու հայերու ջերմ եւ անկեղծ յարաբերութիւնները պատմական ու խոր արմատներ ունին, հետեւաբար, ո՛չ Էրտողանը եւ ո՛չ ալ Տաւութօղլուները կրնան զանոնք խախտել կամ զիրար հակադրել։


Հոս, ի պատիւ հայրենի իշխանութիւններուն, պէտք է անվարանօրէն ըսել, թէ Լիբանանի խորհրդարանական աւագանիին ընդունելութիւնը, բարձրագոյն մակարդակով եւ առաւելագոյն յաջողութեամբ, կրկնակիօրէն նշանակալից են, ոչ միայն Հայաստանի ու Լիբանանի հաշւոյն, այլեւ՝ արաբ ու հայ ժողովուրդին, ընդհանրապէս։


Կ?ըսուի թէ՝ Պըրրի, իր այս այցելութեան ընթացքին, ?ցնցուած? է ի լուր եւ ի տես այն սիրոյն եւ յարգանքին, զորս կը տածէ հայրենի ժողովուրդը (իր իշխանամէտ թէ ընդդիմադիր հատուածներով) Լիբանանի ու Սուրիոյ հանդէպ, առ ի երախտագիտութիւն՝ որպէս ասպնջական երկիրներ։


Պըրրի՝ ինչպէ՞ս չգնահատէր Հայաստանն  ու հայ ժողովուրդը, որ այլապէս ալ իրենց քաղաքամայրին մէջ ունին ?Պէյրութ? անունով պողոտայ, հանճարեղ Ճըպրան Խալիլ Ճըպրանի յուշարձան եւ Արաբ ժողովուրդի երախտիքը արտայայտող յուշակոթող (որուն պաշտօնական-պետական բացումը օրին տեղի պիտի ունենայ)։


Յամենայն դէպս, այս այցելութեան պատմականութիւնը, կարեւորութիւնը, այժմէականութիւնն եւ ապագայականութիւնը պէտք չէ ?հարեւանցիութեան? սահմաններուն մէջ դիտել կամ պահել, այլ՝ լուրջ մեկնաբանութեան, եթէ? լրջութեան մօտեցում կայ։



* * *


Այս առիթով, մտահոգութիւն մը, որ պէտք է ըլլայ լիբանանահայ իւրաքանչիւր ազգային կառոյցի ղեկավարութեան? մտահոգութիւնը։


Լիբանանեան օրէնսդրական մակարդակով պատուիրակութեան մը այցելութիւնը Հայաստան եւ՝ ա՛յս հանգրուանին, երբ Լիբանանն ու Սուրիան թիրախ են գոյնզգոյն թիրախներու, կարելի՞ չէր զայն ներկայացնել աւելի լայն ֆոնի վրայ։


Խօսքը կը վերաբերի՝


– Լիբանանեան բարձրաստիճան-խորհրդարանական պատուիրակութեան մը այցելութեան Հայաստան, որուն կազմին մէջ ո՞ւր էին հայկական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները։ Դժուա՞ր էր այս կարեւոր մասնակցութիւնը ապահովել, ի յառաջագունէ։


– Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը այս ուղղութեամբ բան մը ըրա՞ւ, գէթ ?փսփսալ?ու, թէ այս այցելութեան պէտք է տրուի ?ծանրակշիռ? տարողութիւն, հայկական-լրատուական շօշափելի ներկայութիւն մը ապահովելու տպաւորութեամբ։


– Հայաստանի լրատումիջոցները, փոխանակ շքանշաններու ?տարափ?ները ?փրոփականտ?ելու, աւելի լաւ պիտի չըլլա՞ր որ գոնէ այս այցելութեան պատմական-քաղաքական կշիռին վրայ շեշտը դնէին, համապատասխան վերլուծական անդրադարձներով եւ արձագանգներով, հայրենի թէ սփիւռքահայ ազգային-քաղաքական գործիչներու կողմէ։



* * *


Ի վերջոյ, մէկ բանի վրայ պէտք է համաձայնիլ.


Լիբանանահայութիւնը այս այցելութենէն պէտք է դաս առնէ, իր զանազան դրսեւորումներով։


Վաղը՝ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահը վարչապետը կամ ուրիշ պատասխանատուներ եւս պիտի այցելեն Երեւան, ուստի, լաւ է որ հիմակուընէ նախապատրաստուին, գէթ անոնք որոնք այս գաղութին եւ Հայաստան-Լիբանան յարաբերութիւններուն մէջ բան մը կը ներկայացնեն, բանի մը կը ծառայեն, բանով մը կը յուսադրեն։


Այլապէս՝ օրին կը խօսքինք?։


Source: Ramgavar (ADLP) website, 11 November 2011 (URL)

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostManana Youth Educational Cultural Center
Older PostJunior Eurovision 2011 in Armenia (Tour package 1-4 December 2011)

POPULAR

item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Discrete Video Modeling for children with special needs in Armenia

February 23, 2016
item-thumbnail

Nana Aramyan’s art and her exceptional inspiration

September 12, 2015

LATEST

item-thumbnail

تواصل تركيا سياستها التقليدية بتبرير الإبادة الأرمنية والتهديد

August 11, 2020
item-thumbnail

«Իմ երազանքապնակը բազմազան ու գունեղ էր, սակայն չէի մտածում, որ երգիչ կդառնամ». Ուսկե Շաբաբյան

July 10, 2020
item-thumbnail

Գինեկոլոգիա. Ինտիմ պլաստիկան և ցուցումները

July 2, 2020
item-thumbnail

Ptit: Armenian language website for children and teenagers

June 20, 2020
item-thumbnail

Vartine Ohanian Minister of Youth and Sports in the New Lebanese Government

January 22, 2020

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • Applications
  • Chinese Armenians
  • Cyprus Armenians
  • Egyptian Armenians
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Lebanese Armenians
  • Music
  • Pan-Armenian News
    • Art
    • Books
    • Business
    • Celebrations
    • Courses and Camps
    • Documentaries
    • Education
    • Energy
    • Festivals
    • Genocide
    • History
    • Interviews
    • Language
    • Poetry
    • Politics
    • Tourism
  • Religion
  • Syrian Armenians
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին
  • القسم العربي

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact
  • Social Media

RANDOM POSTS

item-thumbnail

Secret Nation: The Hidden Armenians of Turkey

item-thumbnail

Տեղի ունեցավ Ստամբուլից ժամանած «Ոմանք» այլընտրանքային երաժշտախմբի մամուլի ասուլիսը

item-thumbnail

Մեկնարկեց «Արի Տուն – 2018» ուսումնաճանաչողական ծրագրի 2-րդ փուլը

TAG CLOUD

Armenian Art Armenian Catholics Armenian Christmas Armenian Costumes Armenian Genocide Armenian Songs Armenian Velvet Revolution Azad-Hye Celebrations Cyprus Armenians Daniel Varoujan Hejinian Diaspora Armenians Education Emma Kant Emma Karapetyan Ethiopian Armenians Garni Geghard Genocide Goris Greece Hidden Armenians History Iraqi Armenians Kessab Kessabtzis Krikor Jabotian Language Lebanese Armenians Meri Martirosyan Music Music Application Nana Aramyan Nikol Pashinyan Norway Ottoman Empire Paris Speech Therapy Syrian Armenians Syunik Turkey Turkish Armenians UAE Armenians Vardavar Western Armenia

Azad-Hye on FLICKER

© 2021 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll