
Հայ տիկինը տունն է հայուն աշխարհի չորս ծագերու
Գրեց՝ Լիզա Գարաճեան
Այնպէս, ինչպէս կարելի չէ երեւակայել գարունը առանց ծաղիկի, Կաղանդը առանց նուէրի, ամառը առանց պտուղի, նոյնպէս ալ կարելի չէ երեւակայել Մարտ ամիսը առանց Մայրերու Տօնի։
Արաբական Էմիրութեանց հայ տիկիններու աշխատասէր եւ նուիրատու խումբ մը, մեծ շուքով պատրաստեց Մայրերու Տօնի նուիրուած ճաշկերոյթի երեկոյ մը, ուր հրամցուցին զանազան ճաշերու, մրգեղէններու եւ անուշեղէններու տեսակներ։
Երբ կը լսենք ճաշկերոյթ բառը, կրնանք մտաբերել մէկ-երկու տեսակ խմորեղէն, որոնք տօնական օրերուն կը պատրաստենք մեր տուներէն ներս, սակայն իրականութիւնը ասկէ շատ հեռու է։
Հայկական միօրեայ Օհաննէսեան Վարժարանի ուսուցչուհիներուն արտադասարանային աշխատանքին մաս կազմող այս հսկայ պատրաստութիւնը ի սպաս դրուած էր հետեւեալ բաժանումներով.-
Հալէպեան ճաշեր.- ուր հրամցուեցաւ սամսակ, աշկիլի քոֆթա (թթուով գլոր), զարտա, ոսպով քոֆթա, եալանճի սարմա, բախլաւայով կաթօ, թահինով իչ, եալանճի տոլմա (լիցք), բանջարով քոֆթա, վարդով կարկանդակ, հալաուէ ճպնէ (պանիրով անուշեղէն), լահմաճուն, կարկանդակ, ծոթրինի եւ պիպարի խմորեղէն, իսկ որպէս համադամ խմիչք՝ թամր հինտի եւ սուս։
Լիբանանեան ճաշեր.- ուր հրամցուեցան մղրապիէ, մղլի, մուճատարա, թապուլէ, հոմմոս, մութապպալ։
Հայաստանեան ճաշեր.- Հրամցուեցան վինիկրետ, պահքի լիցք, սմբուկով սալատ, ստալիչնի սալատ, պլնչիկ, նաբոլէոն, գիշեր-ցերեկ, լուպով սալատ, տորդ սալատ, տապկուած բանջարեղէնով ճաշ, մեղրով կարկանդակ, էգլէր։
Իսկ մեր պարսկահայ տիկինները պատրաստած էին տոլմա, բարինձէ փիլաւ, իրաշքի, պաշալի փիլաւ, խմորեղէն, քաթա, նազուկ, շոլեզար, գետնախնձորով սալատ, իկրալ անուշեղէն, հալվա, գազ։
Ինչպէս եւ միշտ մեր հայ տիկինները ջանք չէին խնայած իրենց ձիրքերը մէջտեղ բերելու եւ ամենագեղեցիկ ձեւով զարդարելու մեր համադամ ճաշերը։
Ճաշկերոյթին բացումը կատարեց Պրն. Նշան Պասմաճեան, ներկայացնելով Հոգաբարձութեան խօսքը։
Պրն. Նշանը իր խրախուսիչ եւ ջերմ խօսքերով գովաբանեց հայ մայրը, նշելով հայ մօր առաքինութիւնները եւ զոհողութիւնները, պահ մը լերան գագաթը բարձրացնելով մեր հեզ ու խոնարհ տիկինները։
Ան անդրադարձաւ նաեւ դաստիարակութեան դժուար գործին, շեշտելով մօր դերը, հոն ուր հիմը կը դրուի հայ աշակերտին, թրծելով զայն հայ ոգիով ու պատրաստելով ապագայի ծառայասէր հայ զինուորը։
Ճաշկերոյթը ճոխացուց տիկ. Վարդուկ Գարակիւլլէեան, ներկայացնելով հաճելի խաղեր եւ նուէրներ, օրուան բախտաւորներու ընտրութիւն եւ հանելուկներ։
Հայ տիկինը տունն է հայուն աշխարհի չորս ծագերուն։
Կարելի չէ բաւարար բառեր գտնել շնորհակալութիւն յայտնելու մեր բոլոր տիկիններուն եւ մայրերուն, որոնք իրականացուցին այս ճաշկերոյթը։
Կը խոնարհինք ձեր առջեւ, դուք մեր հեզ մայրեր։
Խորին յարգանք ձեզի, դուք մեր սիրելի մայրեր։
Դուք որ ամէն օր մեր ֆիզիքական ու հոգեկան պէտքերուն գոհացում կու տաք առանց յոգնելու եւ տրտնջալու ու ամէն օր մեր ճաշերը կը պատրաստէք, ձեր հոգիէն կաթիլ մը դնելով ամէն մէկ պնակի մէջ։
Ապրի՛ հայ մայրը, ապրի՛ն հայկական ճաշերը, ապրի՛ն Շարժայի եւ Տուպայի հայ կամաւոր տիկինները։