
(Հատուած)
Excerpt from Nawal El Saadawi's book “Two Women in One”
Nawal El Saadawi (Arabic: نوال السعداوى) (born October 27, 1931) is an Egyptian feminist writer, activist, physician and psychiatrist. She has written many books on the subject of women in Islam. Berjouhi Avedian, head of the literary page in Kantsasar Armenian weekly (Aleppo) has translated the below excerpt from El Saadawi's book “Two Women in One“. This groundbreaking book was first published in 1975 and Saadawi paid for her bravery with exile. The main character, a woman who is trying to figure out who she is?amidst the forces of her parents, her teachers, and society in general, is drawn to a young man and then a life of student activism (read more about the author and the book here).
Տոքթ. Նաուալ Ալ Սաըտաուի*
Արաբերէնէ թարգմանեց՝ Պերճուհի Աւետեան
Բացուեցաւ փոքրիկ դուռը, որուն վրայ բաղեղի կանաչ ճիւղ մը կախուած էր, եւ ինք տեսաւ երկար, նիհար, խորունկ յոգնածութիւն յուշող դիմագծերով անոր դէմքը, կարծես չէր քնացած, չէր սնած, գլուխը լեցուն աշխարհի եւ մարդոց հոգերով, կապոյտ աչքերը խորունկ, սեւ ըլլալու չափ կամ սեւ՝ կապոյտ ըլլալու չափ, խորաթափանց նայուածքը կը խուժէր ծածկոցներուն ու դիմակներուն ընդմէջէն եւ կը հասնէր խորունկ յատակ։
– Բարե՛ւ Պահիէ։
Զարմացաւ երբ անոր ձայնը շոյեց ականջը, Պահիէ անունը դարձաւ խիստ անձնական, ոչ ոեւէ Պահիէ անունի նման, այլ յատկանշուած, միլիոնաւորներէն տարբեր, մինչ ինք իւրայատուկ այս ներկայութեամբը կանգնած էր արեւմտեան սրահին մէջ։
Սրահը գրեթէ մերկ էր, կահաւորումէ զուրկ, միայն անկիւնը մեծ բազմոց մը կար եւ սեղանիկ մը, վրան ծաղկաման եւ մեծ ապակեայ պատուհան, որուն ետեւէն կը տեսնուէր հսկայ լեռը ։ Նստեցաւ բազմոցին, իր ետեւէն դուռը փակելու համար ան դարձուց թիկունքը, դիմացը անոր կռնակն էր, դէմքը, աչքերը, դիմագծերը տեսանելի չէին, կարծես իրեն անծանօթ, օտար մարդ մըն էր։ Երբ լսեց փակուող դրան ձայնը, անմիջապէս յիշեց թէ ինք Պահիէ Շահինն է, բժշկական համալսարանի ջանասէր, բարի հռչակ եւ վարք ունեցող ուսանողուհին, որ հիմա, այր մարդու կռնակ ունեցող, իրեն հետ ոչ մէկ կապ ունեցող օտար մարդու մը տան մէջ է։ Զարմացաւ այն զարմանքով որ երազներու մէջ կը պատահի, երբ մարդ նախապէս չգիտցած՝ անծանօթ վայրերու մէջ կը տեսնէ ինքզինք, կը տեսակցի օտար, նախապէս չհանդիպած մարդոց հետ։
Եւ ինչպէս երազներու մէջ, միտքը սկսաւ գործել արագօրէն, պատկերացնելով շատ բաներ։ Պատկերացուց, որ հայրը բազմած տան սրահի իր Ասիութեան աթոռին մէջ կը վայելէ առաւօտեան սուրճը, կը բանայ օրաթերթին առաջին էջը, կը տեսնէ աղջկան՝ Պահիէին մերկ դիակը, սպաննուած ամուրի երիտասարդի մը տան մէջ, որ կը գտնուի Մագթամ քաղաքին մէջ։ Հայրը կը հաւատար, որ Պահիէն միայն համալսարանէն տուն երկարող ճամբան գիտէ, կ՛աղօթէ ու ծոմ կը պահէ, օրուան ընթացքին չորս ժամ դաս կը սերտէ, երբ սիրոյ երգեր կը լսէ կ՛անջատէ ձայնասփիւռը, երբ ընտանիքէն երիտասարդ մը կը ժպտի իրեն, կը վանէ զայն, ան ոեւէ ուրիշ աղջկայ նման չէ, անոր մարմինը ոեւէ աղջկայ նման չէ, ան նոյնիսկ մարմին չունի, անդամներ չունի, յատկապէս այն սեռային անդամները, որոնք կրնան գայթակղեցնել զինք կամ քաշողականութիւն ստեղծել դէպի միւս սեռը ։
Երեւակայութիւնը անկարող էր պատկերացնել հարուածը, հայրը կը տեսնէր իր հնազանդ, քաղաքավար աղջկան մերկ մարմինը, ոչ իր անձնական ննջարանին մէջ, այլ երիտասարդի մը տան մէջ, ոչ միայն իր աչքերը կը տեսնէին այլ հազարաւոր աչքեր, որոնք առաւօտեան օրաթերթը կը կարդային, անոնց մէջ էին կարկառուն, մեծ ընտանիքի մը (Ասուանէն մինչեւ Աղեքսանդրիա երկարող հողատարածքին վրայ) անդամներուն աչքերը, յատկապէս գիւղացիներուն, Սաիտցիներուն աչքերը, առողջապահութեան նախարարութեան բոլոր պաշտօնեաներուն աչքերը, ան իր ղեկավարները եւ ղեկավարած խմբակը, երեսուն տարիներու ընթացքին համոզած էր, որ ինք արժանի տնօրէն է, տոհմային պատկառելի ծագումով եւ պարկեշտ հռչակով եւ իր արու եւ էգ զաւակները բոլորը ջանասէր, մաքուր նկարագիր, վարք ու բարք ունին, մասնաւորապէս Պահիէն՝ բժշկական համալսարանի աշխատասէր ուսանողուհին։
Ցնցուեցաւ երազներու մէջ պատահող ցնցումով եւ գիտակցեցաւ թէ պատրաստ է կեանքը տալ խնայելու համար հայրը այս հարուածէն, եւ թէ կրնայ մեռնիլ, մերկանալ, մարմինը բզիկ-բզիկ ընել պայմանաւ հայրը չտեսնէ, չիմանայ։ Անկախ ամէն ինչէ կը սիրէր հայրը, երբ ամէն օր ան կ՛երկարէ իրեն հին տասը ղրուշնոց թղթադրամը, սիրտը քարի կտորի նման ծանրօրէն կը ճմլուի կուրծքին մէջ, երբ մատները կը բռնեն հօրը քրտինքի հոտով թղթադրամը, կ՛ուզէ պահել երեսը եւ լալ։ Ինք կը գիտակցէր, որ ան կ՛աշխատի, կը տքնի իրեն եւ եղբայրներուն համար, երբեմն կը նկատէր զինք նիհար մարմնով, կորացած կռնակով կը ճեղքէր ամբոխը եւ կը խաչաձեւէր սուրացող ինքնաշարժներով լեցուն փողոցը, կը դողդոջէր վախնալով, որ կրնայ մեքենայ մը հարուածել զինք։ Անգամ մը նկատեց զինք խճողումին պատճառաւ կանգնած՝ հանրակառքի աստիճանին վրայ, կարծեց որ բազմաթիւ ոտքերուն ծանրութենէն աստիճանը պիտի խորտակուի եւ հօրը մարմինը անիւներուն տակ պիտի մնայ։ Ուրիշ անգամ մը գացած էր նախարարութիւն հօր գրասենեակը, նկատեց զինք անցքին մէջ, կը քալէր իր ղեկավարին ետեւէն, կռնակը աւելի հակած, վիզին մկանները աւելի թոյլցած, գլուխը դէպի առաջ երկիւղածութեամբ ծռած էր, մինչ ղեկավարը կը քալէր առջեւէն ինքնահաւան շարժումով, կռնակը պրկած, վիզին մկանները պրկած, գլուխը հպարտութեամբ դէպի ետեւ թեքած։ Այդ վայրկեանին ուզեց, որ գետինը ճեղքուի եւ կլլէ զինք, եւ երբ հայրը նստեցաւ կողքին, հանրակառքին մէջ եւ ժպտեցաւ իրեն, ինք չժպտեցաւ անոր, փորձեց խուսափիլ անոր աչքերուն մէջ նայելէ մինչեւ յաջորդ օրը, եւ երբ ան մեկնեց իրեն՝ հին, քրտինքի հոտով թրջուած թղթադրամը, քիչ մնաց մերժէր, բայց առաւ ու անարգուածի զգացում ունեցաւ։ Մեծ դժուարութեամբ աչքերը բարձրացուց, անոր աչքերուն մէջ եւտեսաւ թափանցիկ, աներեւոյթ արցունքին տակ ծփացող անոնց սեւութիւնը։
***
Ցնցուեցաւ ընդոստ ոտքի կանգնելու, բայց իր ոտքի ելլելէն առաջ ան ետ դարձած էր, դէմ-դիմաց էին, աչքերը աչքերուն մէջ։ Էութեանը մէջ քալեց կախարդական այն հոսանքը, որ անմիջապէս կը թելադրէ թէ տեղի եւ ժամանակի պատկանող ամէն ինչ այս պահէն դուրս է առանց իմաստի, առանց իրական գոյութեան։ Եւ թէ իր ամբողջ կեանքը՝ ետեւ մնացածը կամ դիմաց տարածուածը, իրեն չէր պատկաներ այլ ուրիշ աղջկայ մըն էր, ոչինչ կը կապէր զինք իր ապրած կեանքին կամ մարդոց, զորս ճանչցած էր, ոչինչ կը կապէր զինք որեւէ բանի բացի այս դէմքին սեւ-կապուտակ աչքերով, որոնք կը նայէին իրեն եւ կը հաւաստիացնէին իր իսկական գոյութիւնը։
– Սելի՛մ։
Իր ձայնը հնչեց սրահին մէջ օտար երանգով, կարծես ուրիշի ձայնն էր, զարմացաւ, ?Սելիմ? անունն ալ ականջին օտար թուեցաւ, ուրիշ մէկու մը անունին նման։ Քանի մը անգամ գաղտագողի կրկնեց ականջը վարժեցնելու համար անոր թրթռացումներուն, ամէն անգամ նախկինէն աւելի օտար գտաւ զայն։
Անոր անունը Սելիմ էր իրը՝ Պահիէ, անոր անունը երբ կը հնչէր ականջին մէջ իր անունէն աւելի տարօրինակ չէր, սակայն որքա՜ն հեռու էին անունները իրերու իրականութենէն, եւ որքան անկարող էին մարդ արարածի զգայարանքները իմանալու թէ մարդը ինչ կը զգայ։ Այն ինչ որ ինք կը զգար անոր հանդէպ, աւելի էր իր ականջներուն լսողութեան, աչքերուն տեսողութեան, քիթին հոտառութեան, մատներուն շօշափումին կարողութենէն։ Այդ պահուն գիտակցեցաւ թէ մարդ արարածը անծանօթ՝ տակաւին չյայտնագործուած ուրիշ զգայարանք ալ ունի, որ պահուըտած է, կծկուած՝ հոգիին ծալքերուն մէջ, ան ունի զգալու կարողութիւն աւելի քան մեզի ծանօթ զգայարանքները, ան իսկական, բնական զգայարանքն է, չի փճանար ոչ տնային կրթութեամբ, ոչ դպրոցական ուսուցմամբ, ոչ դասաւորումներով, ոչ օրէնքներով, ոչ աւանդութիւններով, ոչ ուրիշ որեւէ բանով։ Բնական հոսքով ընթացող, ամբարտակներ չունեցող գետի նման, անարգել, անսահման երկինքէն թափող անձրեւի նման է, կը դադրի ինքնակամ երբ յագենայ։
Նստած էր բազմոցին վրայ, ան կողքին էր, դիմացը ապակեայ պատուհանը, ետեւը լեռը, իսկ լերան ետեւը մայրամուտի պահուն կապոյտ երկինքը արեւի կարմիրով շեշտուած ։ Փայլուն ժպիտի նման արեւի լոյսը ցոլաց աչքերուն մէջ, խնդաց անկաշկանդ ձայնով եւ պատուհանը մատնանշելով ըսաւ։
– Տեսարանը հիանալի է հոսկէ։
Կարծեց, թէ ան նայուածքը պիտի շրջէ իր աչքերէն եւ նայի դէպի պատուհանը, սակայն այդպէս չըրաւ, անոր նայուածքը մնաց իր աչքերուն մէջ, թոթովելով դիմեց անոր։
– Ինչո՞ւ չես նայիր, տեսարանը հիանալի չէ՞։
Նայուածքը տակաւին աչքերուն մէջ՝ ան պատասխանեց.
– Դուն տեսարանէն աւելի հիանալի ես։
Աչքերը հեռացուց անոր աչքերէն, ան զարմացաւ եւ ըսաւ։
– Ինչո՞ւ աչքերդ կը հեռացնես։
Շփոթած ըսաւ.
– Չեմ գիտեր։ Բայց աչքերդ երբեմն կը թուին թէ քու աչքերդ չեն։
– Որո՞ւ աչքերն են.- հարցուց իրեն։
– Ուրիշ մարդու մը աչքերը.- պատասխանեց։
– Ո՞ր մէկը կը նախընտրես, զիս թէ ուրիշ մէկը.- հարցուց իրեն։
– Քեզ.- ըսաւ։
Խնդաց, ինք եւս խնդաց։
– Բան մը կը խմե՞ս,- ըսաւ Սէլիմ։
– Ո՛չ.- պատասխանեց Պահիէն։
– Բան մը կ՛ուտե՞ս.- հարցուց։
– Ո՛չ.- պատասխանեց։
Անգամ մը եւս աղջիկը խնդաց առանց պատճառի, երբ իր ականջներով լսեց խնդուքին ձայնը հարցուց գաղտագողի ինքնիրեն, միթէ՞ այս է երջանկութեան պահը, միթէ՞ երջանկութեան իմաստը այն է, որ աշխարհը չքանայ իր վրայ գտնուող մարդոցմով եւ իրերով, եւ ամբողջ երկրագունտէն մնայ միայն բազմոցի այն փոքր տարածութիւնը, որ կ՛ընդգրկէ կողք-կողքի բայց տակաւին իրար չդպչող իրենց մարմինները, զիրենք բաժնող միլիմեթրաչափ օդի տարածութեամբ։
Փորձեց բռնել երջանկութեան պահը, իմանալ անոր իսկական համը, բայց ան նուրբ էր, թափանցիկ, օդի նուրբ շերտին նման, կը փեռետուէր երբ բարձրացնէր ձեռքը եւ շօշափէր զայն։
Ձեռքը անոր ձեռքին կողքին էր բազմոցին վրան, մազաչափ օդը անոնց միջեւ, բայց ոչ մէկը կը շարժէր իր ձեռքը, անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը վախնար թէ եթէ շարժի մազաչափ օդը կը փեռեկտուի եւ հետը կը փեռեկտուի երջանկութեան նուրբ պահը շղթայի նման։
Սակայն անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը նեղանար այս պահէն, կը շտապէր աւարտին, երջանկութիւնը այն զգացումն է, զորս մարդ արարածը միայն պահ մը կը հանդուրժէ, ան կը կախուի ժամանակին մէջ, օդի հիւլէի նման լողալով տիեզերքին մէջ, ո՛չ գետինը կը քաշէ զինք, ո՛չ ալ երկինքը կախուած, որքան դժուար է մարդուն մնալ կախուած երկնքի եւ երկրի միջեւ, որքան մեծ է անոր ցանկութիւնը, կոխել ոտքերով երկրի մակերեսին վրայ կամ որեւէ ամուր մարմնի մը վրայ, իր փաստացի ծանրութեամբը իսկական գոյութիւնը ապացուցելու։
Գետնի ուժին նման, որ մարմինը կը քաշէ դէպի իրեն եւ իրենց միջեւ օդային տարածութիւն չի մնար, անոնք իրենց բազուկները փաթթեցին իրար շուրջ, տիեզերքի մէջ հալելու բուռն ցանկութեամբ, կորսնցնելով մարմինը զգալու, անոր ծանրութիւնը, համայն տիեզերքը եւ օդի մէջ հիւլէներու նման մարելու կարողութիւնը – մահուան նման- եթէ ոեւէ մէկը կարելիութիւն ունենայ մեռնիլ ապա կենդանանալ ու մեզի նկարագրել մահը, սակայն այդ մէկը ճիշդ մահուան նման ալ չէ։ Մահը մահ է, թերեւս մարդ արարածը իսկապէս զգացումը կորսնցնէ, բայց երբ ան կորսնցնէ զգացումը եւ չկորսնցնէ, մարմինը հանգի եւ մնայ ներկայութիւն, իր շուրջը աշխարհը անհետանայ եւ ան կենդանի մնայ, երկինքը երկրի նման ըլլայ եւ երկիրը երկինքի նման, ամէն ինչ հանգուցուի, իրար խառնուի, մէկ բանի կամ մէկ կէտի մէջ լուծուի, գլխու կիսուն, բաբախէ զգալի շարժումով սրտի բաբախման նման նոյնիսկ աւելի զօրաւոր։
Անոր սրտին զարկերը կը լսէր իր ականջներով, ձայնը երբ կը հպէր ականջներուն, իր սրտի զարկերուն նման կ՛ըլլար, եւ անոր մէջ գտնուող ամէն ինչ երբ իր զգայարանքին կը դպչէր կը դառնար իր մարմնի հպումը, շատ դժուարութեամբ կը տարբերէր իր մարմինը անոր մարմնէն, նոյն տաքութիւնը, հոտը, մաշկին գոյնը, արեան շարժումը երակներուն մէջ, ամէն ինչ իրարու նման էին կարծես մէկ մարմին ըլլային։ Ուզեց բառ մը շշնջել անոր ականջին մէջ, բայց բառ չգտաւ։ Ըսէ՞ր օրինակ անոր ?կը սիրեմ քեզ?, սակայն բառը շրթունքներէն դուրս գալէն առաջ անբաւարար էր, անկարող բացատրելու այն ինչ կը զգար իսկապէս։ Ի՞նչ կը նշանակէր ?կը սիրեմ? բառը։
Լռութիւնը կրնար արտայայտել իր զգացումներուն իսկութիւնը, քանի որ այս լռութեամբ վտանգաւոր բան մը կ՛ըսէր, կ՛ըսէր թէ մարդոց գործածած բառերը պիտանի չեն, իրեն ուրիշ բառեր պէտք են, բառեր, որոնք ինք հնարէ, եւ նոր լեզու մը, որ չարտայայտուէր ընթացիկ, սովորական հին բառերով։
Ան եւս լուռ էր, խորասուզուած՝ կարծես կը փնտռէր գաղտնիքը յաւիտենական հաղորդակցութեան վայրկեանին, երբ մարմինը կ՛անջատուի աշխարհէն ու կը դադրի զգալէ, ան եւ աշխարհը կ՛ըլլան ամբողջութիւն, հսկայական գոյութիւն մը, որ կը լեցնէ երկինքի եւ երկրի միջեւ եղած տարածութիւնը։
Երբ բարձրացուց աչքերը պատուհանին ապակիին ետեւէն տեսաւ լեռը, կամաց-կամաց գիտակցեցաւ, որ կը վերադառնար որոշեալ իր տեղը բազմոցին վրայ, ձեռքով ստուգեց մարմինին գոյութիւնը, յայտնաբերեց որ ինք անկէ անջատ մարմին ունի, աչքերը բացուեցան զարմանքով, բայց ան իր դէմն էր, ժպտեցաւ, խնդալով ըսաւ անոր.
– Տարօրինակ չէ՞։
– Ի՞նչ է տարօրինակը։
– Այն ինչ որ կը կատարուի մեր միջեւ։
– Եւ ի՞նչ կը կատարուի մեր միջեւ.- հարցուց ան։
– Տարօրինակ բան։
– Եւ ինչո՞ւ տարօրինակ։
– Այսպիսի արագութեամբ, առանց բառերու։
– Իսկական կեանքին մէջ ժամանակ չկայ, իսկ բառերը շինած են մարդիկ իրենց սուտ կեանքը արդարացնելու համար։
Ինք խնդաց, ան եւս խնդաց։
– Բայց ինչպէ՞ս պիտի հասկցուինք մարդոց հետ։
– Մարդոց հետ հասկցուիլը անկարելի է Պահիէ՛, անոնք չեն ուզեր իրական մարդը։ Անոնք վարժ են ամէն ինչ խարդախել, նոյնիսկ իրենց անձը, ժամանակի ընթացքին անոնք իրենց իսկական տեսքն ալ մոռցած են։ Երբ իրական մարդ մը կը տեսնեն, անոր իսկութիւնը այնքան կը սարսափեցնէ զիրենք, որ կը փորձեն սպաննել կամ կը սպաննեն զայն։ Հետեւաբար՝ այդ մարդը պէտք է միշտ հալածուած ըլլայ, կամ սպաննուած, կամ դատապարտուած կամ բանտարկուած, կամ մեկուսացած՝ հեռու մարդոցմէ։
– Տան մը մէջ, Մագթամ լերան մէջ.- ըսաւ Պահիէ
– Տան մը մէջ, Մագթամ լերան մէջ.- ըսաւ Սելիմ։
– Ես կը սիրեմ քեզ Սելիմ։
Անոր սեւ-կապոյտ աչքերը յառած էին դէպի երկինքն ու լեռը, ան մնաց քարացած, երկար պահ մը հեռաւոր բանի մը վրայ կեդրոնացողի նման։ Ուզեց հարցնել անոր ?կը սիրե՞ զիս, Սելիմ?, լսել անոր ձայնը սեփական ականջներով որ կ՛ըսէր ?կը սիրեմ քեզ Պահիէ?, բայց հարցումը անիմաստ թուեցաւ իրեն։ Ի՞նչ կ՛օգտուէր պատասխանէն, ինք կը սիրէր Սելիմը, իսկ անոր սիրելը կամ չսիրելը իր սիրոյ վրայ չէին ազդեր։
– Ի՞նչ բանի մասին կը մտածես, Սելի՛մ։
– Թերեւս ինը ամիս ետք փոքրիկ ունենանք։
Ուժգին ցնցուեցաւ, բազմոցի յենարանին դրած ձեռքը դողդողաց, անդրադարձաւ, որ դաստակին վրայ զոյգ սլաքները ժամը եօթուկէսը ցոյց կու տային, խորասուզուած զգացումով մը յիշեց տունը, համալսարանը, հայրը, դիահերձարանը, դիահատումի գիրքերը, դասընկերները եւ դասընկերուհիները, տոքթ. Ըլէուին, հանրակառքը, փողոցները, մարդիկ, ամբողջ աշխարհը որոնցմէ անջատուեցաւ եւ կարծեց որ պիտի չվերադառնային։
Հարցուց զարմացած.
– Փոքրի՞կ.- այդպիսի մտածում բնաւ չէր ունեցած, երբեք չէր պատկերացուցած որ փոքրիկները այսքան արագ կրնան ծնունդ առնել, այսպէս աշխարհէն մեկուսացած, լրիւ անջատուած գետնէն, միթէ այն մարմինը, որ հալեցաւ երկրագունդին մէջ եւ հանգեցաւ,կրնար հանգած պահուն ստեղծել գետնին հետ կապուած որոշ մարմին մը, եւ գոյութիւն չունեցող պահը ծնէր գոյութիւն ունեցողը, մարմնաւորուածը, զոր մատներով կարելի ըլլար շօշափել, բռնել:
Սկսաւ զգալ իր էութեան մէջ խլրտացող սրտի նոր զարկը, կախարդական կեանքի նման ոչինչէն ծնած, նման մէկու մը, որ կը դիտէ լերան անշարժ ժայռը եւ յանկարծ կը տեսնէ անոր շարժիլն ու կանոնաւոր բաբախելը ինչպէս սիրտը։
Շրթունքները ուրախութեամբ հեռացան իրարմէ նոյն այդ զարմանքով ու ձեռքը սրտին վրայ դրած գոչեց.
– Նայէ Սէլիմ, ան կը շարժի։
Տեսաւ կը նայէր լերան եւ հարցուց զարմանքով։
– Ի՞նչը կը շարժի։
Ինք խնդալով պատասխանեց.
– Լեռը։
Խնդացին միասին։ Բայց ինք պահ մը վերջ դադրեցուց խնդուքը եւ հասկցաւ թէ ուրախութիւնը իրական չէ։ Լեռը չէր շարժեր, անշարժ էր, սառած, գետինը, պատը, պատուհանը, նստարանը, շուրջը ամէն ինչ սառած էր, միայն դաստակին վրայի այս սլաքները իրենց դանդաղ, անհեթեթ, կանոնաւոր շարժումներով կը յիշեցնէին թէ ժամանակը կը յառաջանայ եւ չի վերադառնար, իր կեանքի պահերը կ՛իյնան պարապութեան մէջ, կու գան պարապութենէն, ոչինչ կը մնայ բացի երկաթեայ սլաքներուն այն անիմաստ թրթռացումէն ապակեայ կափարիչով ղրուշի չափով տուփիկին մէջ։
Տխուր ձայնով ըսաւ։
– Սելի՛մ։
– Այո՛ Պահիէ։
– Չեմ ուզեր տուն դառնալ։
– Մի՛ դառնար.- պատասխանեց Սելիմ։
– Բայց։
– Բայց ի՞նչ։
– Հայրս, մայրս, համալսարանը, մարդիկ։
– Եւ Պահիէ Շահինը.- ըսաւ Սելիմ։
Զգաց քրտինքի կաթիլները կը շարժէին ափին մէջ, թեւատակերը, մաշկը տժգունեցաւ Պահիա Շահինին մաշկին նման, աչքերուն սեւութիւնը նուազեցաւ, քիթը նուազ բարձրացաւ, փորձեց բարձրացնել գլուխը, աչքերը սեւցնել ինչպէս էին նախապէս, քիթը բարձր, սուր, աշխարհը երկու կէսի բաժնելով ընթանալ առանց տատամսելու, անվախ, հասնիլ աւարտին, աւարտի աւարտին։ Բայց Պահիէ Շահինը վերադարձաւ։ Ինչպէ՞ս վերադարձաւ, չէր գիտեր։ Յանկարծ առանց հասկնալու թէ ինչ պատահեցաւ, ընդոստ ոտքի ցատքեց, բռնեց ուռած, մորթէ պայուսակը եւ քալեց դէպի դուռը։
*BIOGRAPHY OF NAWAL EL SAADAWI IN ARMENIAN
Նաուալ Ալ Սաըտաուիի կենսագրութիւնը
Լուսամիտ, համարձակ կին գրող, հասարակական գործիչ, բժիշկ, Նաուալ Ալ Սաըտաուին ծնած է 27 Հոկտ. 1931-ին, Եգիպտոս, ՔաՖար Թահա փոքր գիւղի ինը հոգիներէ բաղկացած բազմանդամ ընտանիքի մէջ, որու կրտսեր անդամն էր։ Հայրը եղած է պետական պաշտօնեայ կրթական նախարարութեան մէջ։ 1919-ին Անգլիոյ թագաւորութեան դէմ իրագործուած յեղափոխութեան մասնակցելուն պատճառով կ՛աքսորուի ?Նեղոս գետի տելթա? շրջանին մէջ գտնուող փոքր գիւղաքաղաք մը եւ տասը տարիներ կը զրկուի պաշտօնեայի շնորհուած բարձրացումէն։
Ծնողները մահացած են երիտասարդ տարիքին, մեծ ընտանիքի ծանր բեռան տակ ձգելով Սաըտաուին։
1955-ին Գահիրէի համալսարանէն որպէս բժշկուհի շրջանաւարտ կ՛ըլլայ եւ կ՛աշխատի ծննդավայրին մէջ։ Աշխատանքի բերմամբ կը հանդիպի տառապած եւ անհաւասարութեան ենթարկուած գիւղացուհիներու։ Իր հիւանդներէն մէկը տնային վայրագութենէ պաշտպանել փորձելուն պատճառով Գահիրէ կը հրաւիրուի հարցաքննութեան։ Շրջան մը ետք կը ստանձնէ (Հասարակական առողջապահութեան) տնօրէնութիւնը, հոն կը հանդիպի իր երրորդ ամուսինին՝ բժիշկ եւ գրող ՇարիՖ Հեթաթային, որ 13 տարիներ եղած էր քաղաքական բանտարկեալ։ Կ՛ամուսնանան 1964-ին, կ՛ունենան մանչ մը եւ աղջիկ մը։
Սաըտաուին գրած է իգական սեռի մասին, իր բժշկական փորձառութենէն օգտուելով մատնանշած է կիներու մարմնային եւ հոգեբանական հարցերը, յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձնելով կնոջ դերին ընկերութեան մէջ, իսլամական կրօնի ազդեցութեան տակ։
Եգիպտական կառավարութեան կողմէ երկար ժամանակ համարուած է խնդրայարոյց եւ վտանգաւոր ներկայութիւն, 1981 Սեպտեմբերին, նախագահ Անուար Սատաթի կողմէ կնքուած Երուսաղէմի խաղաղութեան համաձայնագրի ընդդէմ բողոքողներուն հետ կը բանտարկուի։ Նախագահի սպանութենէն ամիս մը ետք ազատ կ՛արձակուի։ Ան իր փորձառութենէն ելլելով գրած է.- ?Վտանգը կեանքիս մէկ մասնիկը եղած է այն օրէն, երբ մատիտը վերցուցի ու սկսայ գրել, ոչինչ աւելի արժէքաւոր է քան արդարութիւնը, ստախօս աշխարհի մը մէջ?։
Երբ իսլամ քաղաքական կուսակցութեան սպառնալիքներու տարափին տակ կեանքը կը վտանգուի, 1988-ին կը ստիպուի հեռանալ Եգիպտոսէն, հրաւէրներ կը ստանայ զանազան համալսարաններէ, կը դասախօսէ Նորդ Քարոլայնայի, Ուաշիկթընի, Գահիրէի, Հաուըրտի, Գոլումպիայի, Սորպոնի, Կիուկրդաունի, Ֆլորիտայի, ԳալիՖորնիայի, Պերգէլի համալսարաններուն մէջ։ 1996-ին կը վերադառնայ Եգիպտոս։
Սաըտաուիի գրական վաստակը՝ մօտ քսան արձակ հատորներու հասնող ստեղծագործութիւններ թարգմանուած են նոյնքան լեզուներու։
2004-ին կ՛արժանանայ Հիւսիս-Հարաւ Եւրոպայի գոնսիւլ (հիւպատոս) տիտղոսին։
Հաւատարիմ իր ազատական գաղափարներուն, անտեսելով յառաջացած տարիքը, Սաըտաուին ?Ազատութեան հրապարակ?ի ցուցարարներուն մէջ էր 2011-ին։
Կարդալ նաեւ Պերճուհի Աւետեանէն՝ Մի՞թէ իմն է
Պերճուհի Աւետեանին նամակցութեան հասցէն