• Home
  • About
  • Contact
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Լեզուներ եւ բառեր

June 17, 2011
A+ A-
Email Print

 


Յովսէփ Նալպանտեան


A collection of miscellaneous information about languages and words compiled by Hovsep Nalbandian


-Ա-


– Մեռած լեզուներ կ՛ըսենք այն լեզուներուն, որոնք դադրած են որպէս կենդանի հաղորդակցութեան միջոց ըլլալէ։ Մեռած լեզուներէն կը յիշենք խեթերէնը, խալդերէնը, էլամերէնը, էտրուսկերէնը, լատիներէնը, եկեղեցասլաւոներէնը, գրաբարը, եւայլն։


– Առաջին խորհրդանշաններով գրութիւնները ի յայտ եկած են կաւէ աղիւսակներու վրայ, Ք.Ա. 3500 թուականին, Միջին Արեւելքի եւ Եւրոպայի հարաւ-արեւելեան կողմերը։


– Առաջին նախնական այբուբենի ձեւը մշակուած է Ք.Ա. 1800-1000 թուականներուն։ Այս տառատեսակները գրուած են Սեմացիներու կողմէ, անորոշ է ինքնութիւնը։ Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող Ռաս Շամրա քաղաքին մէջ 1929-ին կը յայտանաբերուի աշխարհի հնագոյն սեպագիր արձանագրութիւնը։


– Ուիլիըմ Շէքսպիր հետեւեալ դարձուածքները – ուրիշներու կողքին – մտցուց անգլերէն լեզուի մէջ ?fair play?, ?disgraceful conduct?, ?foregone conclusion?, ?catch cold? եւայլն։


– Հնդիկ գիրը գտնուած է Ք.Ա. ութ հարիւրին։


– Աւստրալիոյ մէջ բնիկներու 263 տարբեր լեզուներ գոյութիւն ունին, որոնք դասաւորուած են 28 խումբերու մէջ։ Այս լեզուներէն քիչերը ունին հազար խօսողէ աւելի։


– Adolescent բառը առաջացած է լատինական adolescere բառէն, որ կը նշանակէ մեծնալ։ Իսկ adultus լատինական բառէն առաջ եկած է adult անգլերէն բառը, այսինքն չափահաս։ Adolescent բառը առաջին անգամ անգլերէնի մէջ գործածուած է 1440 թուականին։


– Նովել բառը, որ կը նշանակէ վէպ, առաջացած է լատիներէն novus բառէն, որ նոր կը նշանակէ։


– Այմարա լեզուն Պոլիվիոյ – Հարաւային Ամերիկա – տեղացիներու լեզուն է եւ երկրի պաշտօնական լեզուն, խօսողներու թիւը մօտ 2.5 միլիոն է։


– Անգլերէնի մէջ amateur կը նշանակէ սիրող, ոչ մասնագէտ։ Առաջ եկած է լատինական amator բառէն։ Առաջին անգամ անգլերէնի մէջ կը գործածուի 1786-ին։


– Ըստ Հրաչեայ Աճառեանի, հայերէնը պարսկերէն լեզուէն փոխ առած է 1405 բառեր։ 90-ը միջին պարսկերէնէն (պահլաւերէն), իսկ 445-ը 11-րդ դարէն ետք, նոր պարսկերէնէն։ Կու տանք քանի մը բառեր՝ բժիշկ, վաճառական, ռազմիկ, ուժ, ազատ, մարդ, ասպետ, ամբարտաւան, աշխարհ, աշխետ, իշխել, պատկեր, պատգամ, պատիւ, պատուհաս, պատրաստ, մարզպան, մարզ, պարզ, մարզել, ապաստան, ապրանք, ապստամբ, հրաշք, ապիրատ, հրէշ, հրովարտակ, հրուշակ, հրաւէր, տախտակ, բախտ, դրախտ, լախտ, ախտ, դանակ, դաստակ, բաժակ, օժանդակ, բարակ, գուշակ, սմբակ, ջութակ, սուրհանդակ, ասպանդակ, ժամանակ, ասպար, վճար, աշակերտ, աւան, եւայլն։ Իսկական հայերէն բառերը կը կազմեն մեր բառապաշարի 70%-ը միայն։


– Arena բառը կը նշանակէ ամփիթատրոն, կրկէս։ Բառը առաջ եկած է լատիներէն harena բառէն, որ կը նշանակէ աւազ։ Ի՞նչ կապ ունի։ Ուրեմն հռովմէական կլատիաթորները կը կռուէին աւազի վրայ, որպէսզի արիւնը ծծէ, ահա այդտեղէն բառի ծագումը։ Արէնա բառը առաջին անգամ կը գործածուի 17-րդ դարուն սկիզբը։


– Մանտարին չինարէնով թերթ մը կարդալու համար պէտք է իմանալ այդ լեզուի 6-7 հազար խորհրդանշաններ։


– Կանկառը (անգլերէն artichoke, յունարէն սքօլիմոս) բոյս է, որ կ՛ուտենք։ Նոյն բոյսը արաբերէն կը կոչուի ալ-հարշուֆ։ Արաբները երկար տարիներ գրաւած են Սպանիան, բազմաթիւ բառերու հետ սոյն ալհարշուֆ բառը կ՛անցնի սպաներէնի, որ կը հնչեն ալգարշոֆա։ Ժամանակ անց այս նոյն բառը իտալական բարբառի մէջ կը հնչեն արթիսիօքօ, որմէ կու գայ անգլերէնի մէջ արթիշոք բառը։


– Աշխարհի վրայ գոյութիւն ունին եւ կը գործածուին 6914 լեզուներ, ուրիշներ կ՛ըսեն մօտ 6800։ Կան նաեւ աւելի քան եօթը հազար բարբառներ, չհաշուած մեռած լեզուները։ Ամենաշատ խօսուող լեզուն Մանտարին Չինարէնն է։ Այս լեզուով այսօր կը խօսին մօտ մէկ միլիառ մարդ։ Հնդկերէն ?Հինտի- խօսողներուն թիւը կ՛անցնի 600 միլիոնը։ Երրորդ ամենատարածուած լեզուն անգլերէնն է, խօսողներու թիւը մօտ 560 միլիոն է։ Արաբերէնը չորրորդ ամենատարածուած լեզուն է, խօսողներու թիւը 480-490 միլիոն։ Հինգերորդը սպաներէնն է, խօսողներու թիւը մօտ չորս հարիւր միլիոն։ Ասիա հողամասը կը նկատուի ամենաշատ լեզուներ ունեցող, այս հողամասին վրայ կը խօսուի աշխարհի լեզուներու 61%-ը։


– Խաղաղական ովկիանոսի Սանտուիչի բնակիչներու այբուբենը ունի 12 գիր։ Իսկ Սիամերէն լեզուն ունի 57 գիր, որոնց քսանը ձայնաւոր։ Հին Սանսքրիտ լեզուն ունէր 52 գիր, որոնց 14-ը ձայնաւոր։


– Հայերէնի մէջ եղիշոյ բառի արմատը անստոյգ է. կը նշանակէ փափուկ, ողորկ։ Կ՛ըսուի որ մէկ անգամ գործածուած է, Նարեկի տաղերէն 425-ի մէջ. ?Ձեռացն եղիշոյ կամարակապ կապէր. ատիճաղ պատիճաղ, ստղի խտղի երգով?։


– Ափրիկէի երկիրներէն Չատի մէջ կը խօսին աւելի քան 110 լեզուներ եւ բարբառներ։ Այս երկրին մէջ կ՛ապրին աւելի քան 200 ցեղային խումբեր։


– Չինաստանի մէջ 18 տարի առաջ գտան, որ հազար տարի առաջ Նուշու անունով լեզու մը կար, որ ստեղծուած եւ գործածուած էր միայն կիներու կողմէ։


– Հայերէնի մէջ մարդ բառին հակառակ հնչիւնը դրամ է։


– Ափրիկէի մէջ գտնուող Նիճերիա երկրին մէջ կը խօսին 255 լեզուներ։


– Չինարէն լեզուով ?Չանկ-վէն թա թզութայն? բառարանը կը բաղկանայ քառասուն հատորներէ։


– Մեքսիքան (2009-ին բնակչութիւնը 112 միլիոն) աշխարհի մեծագոյն երկիրն է, որու բնակչութիւնը սպաներէն կը խօսի, բայց նոյն երկրին մէջ կը խօսին 62 տարբեր լեզուներ։ Մեքսիքայի մէջ Նահուաթլ լեզուն կը խօսին մօտ երեք միլիոն մարդիկ։


– Անհաւատալի է, բայց իրաւ, որ Էրնեսթ Վինսէնթ Ռայթսի անգլերէնով հեղինակած ?Կատսպայ? վէպը, հրատարակուած 1939-ին, կը պարունակէ 50,110 բառեր, որոնցմէ ոչ մէկուն մէջ կայ ?e? տառը?։


– Պրազիլի Փարա նահանգին մէջ կը խօսին Եուօիուայ լեզուն, որ ունի եօթը տառ, բոլորը ձայնաւոր։


– Հնդկաստանի մէջ կը խօսին աւելի քան ութ հարիւր լեզու եւ տարբեր բազմաթիւ բարբառներ։


– Հաուայի կղզիներու այբուբենը ունի 12 տառ։


-Բ-


– Հայերէն լեզուի մէջ նոր գրական բառեր են՝ մանրադիտակ, մանրէ, սաւառնակ, յածանաւ (թշնամին լրտեսող մարտանաւ), օդանաւ, յաղթահանդէս, բարեխիղճ, բարեփոխել, ախտահանել, բուրումնաւէտ, ծաղկաբոյր, դաշնամուր, դաշնակահար, այլընտրանք, գովազդ, ծանուցանել, ձեռաձիր (tip), բնասուրճ, այլախոհ, բնապահպանում, թուատախտակ, սղաճ, բեռնատախտակ, հեռավար (remote control), ճաշագիր, վճրատոմս (pay slip), չափերիզ, շրջաջրիչ (sprinkle), ջերմակարգիչ (thermostat), անջրանցիկ (waterproof), շարժանկար, յայտագիր, գրատուն, համոյթ, տեսագրել, փորձադաշտ, սահադաշտ, վերակարգել, լուսնագնաց, գրապահոց, որականիշ, հանրախանութ, ծանրորդ, մարզադպրոց, պատճէնահանել (copy), մանրաթել (fiber), սառազերծել (defrost), ուժանիւթ (energy), ծականշել (punch), հարիչ (mixer), դահուկ ացատք (ski jumping), փոխարկիչ (transformer), ուղեթիւ (թղթատարի) (zip code), լուսատպիչ (xerox machine), եւայլն։


– Լեհ Լիւտովիկ Զամէնհոֆը (1859-1917) հնարած է միջազգային Էսփերանտ լեզուն 1887-ին։


– Ֆրանսական Կուինիոյ մէջ կը խօսին թաքայ լեզուն, որ ունի միայն 340 բառ։


– Անգլերէնի բառապաշարը ունի աւելի քան 490,000 բառ։ Շէքսպիրի ժամանակ գոյութիւն ունէր մօտ 250,000 բառ։ Մօտ երկու հարիւր քառասուն հազար բառերու կէսը վերջին յիսուն տարին յառաջ եկած է։


– Տոմինիքա կղզիի Գարպ ցեղերու կիները, հին ժամանակներ, գտած էին լեզու մը, որ միայն իրենք կը հասկնային։


– Ըստ Հրաչեայ Աճառեանի ասրօս կը նշանակէ ճիւղ, ոստ։ Այս բառը մէկ անգամ գործածուած է Նարեկի տաղ 482-ի մէջ. ?Այդ սօս ու տօսախ ծառերդ վարդագոյն ոստս արձակեցին. այդ նոճ ու բողբոջ ասրօս դ՝ զարդ առեալ վարդն շուշանին?։


– Սալզպըրկ Աւստրիոյ չորրորդ քաղաքն է, բնակչութիւնը մօտ 155,000։ Քաղաքի անունը կը նշանակէ աղի բերդ։


– Ալոհա, որ կը գործածեն Հաուայի բնակիչները, սէր բառի հոմանիշն է։ Ուրեմն կղզիի բոլոր բնակիչները, երբ ալոհա կ՛ըսեն իրարու կամ օտարներու, մնաք բարիի կամ հանդիպման պահուն, իրենց մաղթանքն է միշտ սէրը։ Հաուայեան կղզիներու տարբեր անուանումն է Ալոհա նահանգ։


– Անգլերէնի մէջ candy բառը փոխ առնուած է ֆրանսերէն եւ իտալերէն լեզուներէ, որոնք փոխ առած են զայն արաբերէնէ, ուր բառը կը հնչուի ղանտի, եւ որուն հիմքը կու գայ հնդկերէնէն։ Այս բառը կը նշանակէ շաքար։


– Ուղղաթիռ helicopter բառը անգլերէնը առած է ֆրանսերէնէ, որ նոյնպէս փոխ առած է յունարէնէ, ուր heliko կը նշանակէ պարուրաձեւ շարժող եւ pteron, որ կը նշանակէ թեւեր։


– Աւօգատօ բառը կու գայ Ազթէքներու լեզուէն, ուր կը կոչուէր ահուաքաթլ, որ կը նշանակէ ?աւօգատօ ծառի պտուղը?։ Ժամանակի ընթացքին բառը կ՛ենթարկուի հնչունային փոփոխութեան եւ կը դառնայ աւօգատօ։ Բառը անգլերէնի մէջ առաջին անգամ գործածուած է 1697-ին։


– Ուտելիքի մէջ բառերը յաճախ աշխարհագրական վայրի անունէն առաջացած են, օրինակ պանիրի տեսակ cheddar-ը, կու գայ Անգլիայի հարաւ-արեւելեան շրջանէն։ Համպըրկըրը, Գերմանիոյ Համպուրկ քաղաքէն։ Մայօնէզը, Սպանիոյ տարածքին Միջերկրական ծովու կղզիներէն, Մինօրքայի մայրաքաղաք Մայօնէն։


– Հիւսիսային, Կեդրոնական եւ Հարաւային Ամերիկայի բնիկները (հին տեղացի հնդիկները), ըստ վայրի խօսած են աւելի քան հարիւր լեզուով, որոնցմէ կը յիշենք՝ լենկա, խիկակ, մայա-սօկէ, պայա, վաւէ, դարասկ, օտոմանկ, ալա-կալուֆ, ամնիապէ, անդոկէ, ատակամա, արիկեմ, գորգոտոկի, զապարօ, գուարաունօ, էսմերալտա, լէկօ, կալիանա, կամական, կանիչանա, կուկուրա, մաշուպի, մատանաւի, մաշակալի, եարուրօ, նամբիկավարա, նիչէ, պուրուհա, սաբելա, սիմակու, տարումա, տիմոտէ, դուկանօ, տուշա, օտի, օդոմակ, ֆու-լինօ, պենուտի, դանօ, տենէ, զունի, զումուկա, դեգիհա, զունի եւ այլն։


– Անգլերէնի մէջ babysitter բառը առաջին անգամ գործածուած է 1937-ին։


– Լատիներէնի մէջ գիրքին կ՛ըսէին liber, որմէ առաջացած է library – գրադարան բառը։ Լիպր բուն բառը նշանակած է ?bark?, այսինքն ծառի ներքին շերտը, որու վրայ հին Հռովմէացիները, մշակելէ ետք, կը գրէին։


– Չինարէն լեզուն կէտադրութիւն չունի։ Այս լեզուի խորհրդանշանները զարմանալի են։ Ուրեմն Չինաստանի մէջ հիւրանոցները, կամ պաշտօնական շէնքերը, չորրորդ յարկ չունին, որովհետեւ չինարէն լեզուի մէջ չորրորդ խորհրդանշանը նոյն գրութիւնը ունի ինչ որ՝ մահուանը։


– Տարածքով աշխարհի երկրորդ մեծագոյն երկրի Գանատայի անունը, փաստօրէն, շատ համեստ ծագում ունի։ Ուրեմն Հուրօն լեզուի (բնիկներ, որոնք կ՛ապրէին Գանատայի արեւելեան կողմը) մէջ Kanata կը նշանակէ գիւղ, շէն։


– Ռուսաստանի Սախալին կղզիի հարաւը եւ Ճափոնի Հօկայտօ կղզիին մէջ կը խօսին լեզու մը այնու անունով, այս բառը կը նշանակէ մարդիկ։ Այս լեզուն չի պատկանիր որեւէ լեզուաընտանիքի։ Այնու լեզուն կը խօսին միայն 33-35 հազար մարդիկ։


– Վերջերս փաստուած է, որ ?մեռած? 144 լեզուներ կան։


– Մարաթի լեզուն, ճանչցուած նաեւ Մահարաշթրի անունով, կը խօսուի Հնդկաստանի Մահարաշթրա նահանգին մէջ, որպէս նահանգի գլխաւոր լեզու։ Խօսողներու թիւը մօտ 70 միլիոն։ Հնդկաստանի մէջ ամենաշատ խօսողներու թիւով չորրորդն է։


– Հետեւեալ լեզուները կը խօսին Ափրիկէի տարածքին վրայ՝ մանգբետու, բալուբա, բենա-լուլուա, բալուբա-հեմբա, բալունտա, բակելա, պակվիրի, բամբարա, բամում, բանանա, բանգալա, բաբանգիբայանզի, բանտու, բանկօն, մաշօնա, լունտա, մոնգօկունտու, բավենգա, բասա, բարբա, բարգու, պարի, բարոցէ, բաուլէ, բեմբա, բաբենկա, բարեկտամա, բիրա, պօպօ, պօտօ, բոլովա, պորի, պուա, պուտումա, սալանգա, դոգօն, կուլէի, գուլֆէի, գուրմա, տագոմբա, խաբէ, դուալա, զենատա, զենագա, զուլու, քաֆիր, էտօ, էլիրի, լոնքոնէ, տարբագիրմա, բազա, բանկալա, բոլոկի, մանդէ-տան, մանդարա, մենդէ, կպելլէ, գբանդի, լոմա, մանգբայ, դիալա, վակարանգա, բաւենդա, վազեզուրու, վարոզվի, մասաի, մբոլէ, միտտու, մոդգել, մօնգօ-բալօլօ, մօնգօ-գունդու, եւ այլն։


– Բալտի լեզուն կը պատկանի չին-տիբեթական ընտանիքի տիբեթական ճիւղին։ Այս լեզուն կը խօսին Քաշմիրի մէջ, մօտ կէս միլիոն մարդ միայն։


– Սուրճի տեսակ Գափուչինօ-ն հետաքրքրական պատմութիւն ունի։ Նախ Գափուչին-ը կրօնական խմբակցութիւն-եղբայրութիւն է, հիմնուած Իտալիոյ մէջ 1520-1525 թուականներուն, հիմնադիրը Մաթէօ Պասսի։ Բառը Գափուչիօ կը նշանակէ վեղարի տեսակ, զոր այս եղբայրութեան կաթոլիկ վանականները կը հագուէին։ Ուրեմն սուրճի անունը Գափուչինօ-ն կու գայ վերոնշեալ եղբայրութենէն, քանի որ սուրճին գոյնը կը նմանի անոնց հագուած հագուստին։ Բառը անգլերէնի մէջ առաջին անգամ գործածուած է 1948-ին։ Գափուչին անունով նաեւ կապիկի տեսակ կայ։


– 1977-ին անջրպետանաւ Վօյէճըր 1 եւ 2 ղրկուեցան դէպի հեռաւոր եւ մեզի համար անիմանալի հսկայ անջրպետ։ Այդ հրթիռներուն մէջ զետեղուած են ձայնասկաւառակներ, որտեղ արձանագրուած են մեր երկիր մոլորակի 55 լեզուներով ողջոյնի խօսքերը, հայերէնը մէկն է այդ լեզուներէն, որտեղ կ՛ըսուի. □Բոլոր անոնց, որ կը գտնուին տիեզերքի միգամածութիւններէն անդին, ողջոյններ□։


– Քազինօ ?casino բառը առաջացած է իտալերէն casa-տուն բառէն։ Քազինօ բառը նախ գործածուած է գաւառի մէջ տուն իմաստով, ապա որպէս ընկերային հաւաքի համար (սենեակ կամ շէնք, ուր կարելի է պարել, երաժշտութիւն լսել եւ բախտախաղ խաղալ)։ Ժամանակի ընթացքին կը յաղթէ ?gambling establishment?, բախտախաղի կեդրոնի իմաստը։ Բառը անգլերէնի (բազմաթիւ լեզուներ նոյն բառը կ՛օգտագործեն) մէջ առաջին անգամ գործածուած է 1851-ին։


– Զարմանալի է, աշխարհի վրայ երկիրներ կան, որոնց բնիկները շատ յաճախ զիրար չեն հասկնար, քանի որ կը խօսին տարբեր լեզուներ կամ բարբառներ։ Փափաու Նոր Կուինէա երկրի մէջ կը խօսին տեղական 820 լեզուներ։ Ինտոնեզիոյ մէջ 743 լեզուներ։ Նիճերիոյ մէջ 514 լեզուներ։ Հնդկաստանի մէջ մօտ 430 լեզուներ։ Ամերիկայի մէջ 312 լեզուներ։


– Սանսկրիտ լեզուն Հնդկաստանի հնագոյն լեզուն է, կը պատկանի հնդեւրոպական ընտանիքին։ Մեռած լեզու մըն է, բայց 1981-ին յայտնաբերեցին, որ մօտ 15 հազար տեղացի հնտիկներու մայր լեզուն է։


– Բօշայերէնը կը խօսին Հայաստանի տարածքին ապրող հայ գնչուները, այս լեզուն գնչուական բարբառ մըն է։


– Գանատայի հիւսիսը ապրող էսքիմոներու լեզուն ունի չորս ձայնաւոր եւ տասը բաղաձայն միայն, որոնք կարելի է գրել չորս տարբեր ձեւերով։


– Caviar-խաւիար բառը (հայերէն ձկնկիթ) կու գայ պարսկական բարբառէ, որտեղ հաւկիթին կ՛ըսէին խահիա, այս բառը անցած է թուրքերէնին, ուր կը հնչուէր հավիար, որմէ վերցուցած են անգլիացիները 16-րդ դարուն։ Ձկնկիթի արտադրութեան մեծ կեդրոն է Ռուսաստանը, հոն կ՛ըսեն իկրա։


– Ինուիթ լեզուն ունի տարբեր բարբառներ, կեդրոնը Կրինլանտ կղզին է։ Այս ցեղի մարդիկ հին ժամանակներէ անցած են Սիպերիայէն դէպի Ալասքա եւ ապա Կրինլանտ կղզին։ Իր հիմնական բաղադրիչ բարբառներէն մին կը կոչուի Քալաալիսութ։ Ինուիթ լեզուն խօսողներու թիւը մօտ վաթսուն հազար է։

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostMining laws in Armenia
Older PostԵրկու կին մէկ կնոջ մէջ

POPULAR

item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Essam Nagy’s documentary “In The Beginning Was Armenia” (Interview)

January 11, 2020
item-thumbnail

Anna Dolabjian: I feel life coaching as a dream coming true

January 18, 2018

LATEST

item-thumbnail

Liana Ghaltaghchyan is the new Managing Director at the Children of Armenia Fund

January 10, 2023
item-thumbnail

Indian Journalist Venkatesh Remakrishnan mentions the Armenians of Chennai

October 30, 2022
item-thumbnail

Renovation of the Ghukasavan Cultural Center’s main hall

December 1, 2021
item-thumbnail

Nobel Prize winner Ardem Patapoutian

October 7, 2021
item-thumbnail

Armenian Church of the Virgin Mary in Basra, Iraq

August 30, 2021

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • Applications
  • Art
  • Books
  • Business
  • Celebrations
  • Chinese Armenians
  • Courses and Camps
  • Cyprus Armenians
  • Diaspora Armenians
  • Documentaries
  • Education
  • Egyptian Armenians
  • Energy
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Festivals
  • Genocide
  • History
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Language
  • Lebanese Armenians
  • Music
  • Poetry
  • Politics
  • Religion
  • Rural Armenia
  • Science
  • Syrian Armenians
  • Tourism
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact

RANDOM POSTS

item-thumbnail

Spiritual Antastan by Hagop Kortmosian

item-thumbnail

Chinese – Armenian relations discussed at a conference in Scotland

item-thumbnail

Ժողովուրդը թև ու թիկունք Հայաստանի նոր իշխանութիւններուն. Հրաչ Քալսահակեան

TAG CLOUD

Armenian Art Armenian Catholics Armenian Christmas Armenian Costumes Armenian Genocide Armenian Songs Armenian Velvet Revolution Azad-Hye Celebrations Cyprus Armenians Daniel Varoujan Hejinian Diaspora Diaspora Armenians Education Emma Kant Emma Karapetyan Ethiopian Armenians Garni Geghard Genocide Goris Greece Hidden Armenians History Iraqi Armenians Kessab Kessabtzis Language Lebanese Armenians Meri Martirosyan Music Music Application Nana Aramyan Nikol Pashinyan Norway Ottoman Empire Paris Speech Therapy Syrian Armenians Syunik Turkey Turkish Armenians UAE Armenians Vardavar Western Armenia

Search this website

© 2023 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll