• Home
  • About
  • Contact
  • Social Media
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • Pan-Armenian News
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • القسم العربي
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Քահանայական ձեռնադրութիւն եւ օծում Քեսապի մէջ

April 15, 2009
A+ A-
Email Print
Քահանայական ձեռնադրութիւն եւ օծում Քեսապի մէջ

Der Karekin Bedourian?ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ? ՅԻՍՈՒՍ ԻՆՔ ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ ԲԱՑԱՒ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԱՍՆԵԼՈՒ ԱՅԴ ՆՈՐ ԵՒ ԿԵՆԴԱՆԻ ՃԱՄԲԱՆ…? (ԵԲՐ 10։20)
?
Որքա՜ն որ հաւատացեալին քայլերը նոր եւ կենդանի ճամբով ընթանան, սակայն երկրային կեանքին մէջ դէպի այդ ճամբան առաջնորդողը նոյնինքն Աստուծոյ նուիրեալն է։


Շաբաթ եւ Կիրակի 7, 8 Մարտ 2009-ին, Ամենակալին շնորհովն ու մարդասիրութեամբ տեղի ունեցաւ Քահանայական ձեռնադրութիւն եւ օծում Բարեշնորհ Հրայր Սրկ. Պետուրեանին, ուր Աստուծոյ? ծառայելու անդաստանը ծաղկեցաւ նուիրեալով մը։


Հաւատացեալներուն հոգիները լեցուն էին յուզումով? եւ բերկրանքով։ Անոնք պիտի տեսնէին, ապրէին ու զգային այն հոգեթով ապրումը, երբ Հրայր Սրկ. պիտի նուիրուէր Աստուծոյ ու ըլլար Քրիստոս Քահանայապետին ծառայող քահանայ։ Գիւղը աւելի քան 25 տարիներ չէր ապրած նման արարողութիւն մը։


Շաբաթ 7 Մարտին տեղի ունեցաւ Բարշ. Հրայր Սրկ. Պետուրեանի կոչման արարողութիւնը, Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ՝ Ա.Մ.Ն. արեւելեան թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Օշական Սրբ. Արք. Չօլոյեանի։ Ըստ արարողութեան նուիրեալը եկեղեցւոյ մայր դռնէն ծնկաչոք յառաջացաւ մինչեւ եկեղեցւոյ դասը, ապա նզովեց բոլոր հերձուածողները եւ ուխտեց աշակերտիլ ու հաւարտարիմ մնալ բոլոր ընդհանրական ու հայ եկեղեցւոյ սուրբերուն ու հայրերուն ուղղափառ դաւանանքին։ Կոչման արարողութեան վերջաւորութեան նուիրեալը կարդաց հաւատքի ուղղափառ դաւանութիւնը։


Կիրակի, 8 Մարտ 2009-ին, երկնային շնորհք մը իջած էր ու կամարած ամբողջ Քեսապը։ Իւրաքանչիւր հաւատացեալի հոգին ցնծութեամբ ու գոհունակութեամբ կը խայտար։ Անցեալէն եկող կամրջում մը կը բացայայտուէր ու կարծէք Կիլիկիան թագաւորութեան ծաղկումներէն մին այսօր իսկ կը ծաղկէր։ Հին փառքը նորով մը վերակենդանացած էր ու ծաղկաւէտ ճանապարհ մը բացած դէպի հայաբոյր գիւղին ապագան։


Օրուան պատարագիչն ու ձեռնադրիչն էր ԱՄՆ արեւելեան թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Օշական Սրբ. Արք. Չօլոյեան, որ ժամանած էր անձամբ կատարելու Բարշ. Հրայր Սրկ.-ի Քահանայական ձեռնադրութիւնը։


Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց ?Սաղմոս? երգչախումբը, խմբավարութեամբ՝ Տիկ. Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի։


Յընթացս Ս. Պատարագին ?Զի ողորմած? աղօթքէն ետք, ընծայեալը առաջնորդութեամբ խարտաւիլակ՝ Հոգշ. Տ. Ստեփանոս Աբղ. Փաշայեանին, ծնկաչոք բարձրացաւ Ս. Խորան, ուր ձեռնադրիչ սրբազանը Աստուծոյ շնորհքով օրհնեց նուիրեալը եւ հաստատեց անոր քահանայական աստիճանի ստացման արժանաւորութիւնը։


Պահն էր հասած աշխարհէն հրաժարելու հոգեցունց ու սրտառուչ վայրկեանին։ Սրբազան Հայրն ու եկեղեցականաց դասը սկսած էին երգել ?Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհ??ը, իսկ Հրայր Սրկ.ը ծնկաչոք, դէմքը դէպի արեւմուտք դարձուցած, ափերը լայն բացած եւ ականջներուն ետեւ զետեղած էր, ի նշան աշխարհէն հրաժարման եւ եկեղեցւոյ նուիրուելու։


Ձեռնադրիչ Սրբազանը ընծայեալին տուաւ քահանայական պաշտօնը յատկանշող հանդերձները եւ մարգարէական ճոխացած աղօթքներով խնդրեց որ Աստուած օրհնէ զանոնք եւ անոնցմով շնորհազարդէ նորընծայ քահանան։


Պատարագը ընթացքի մէջ էր, հաւատացեալները բոլոր վայրկեանները հիացումով կ՚ըմբոշխնէին։ Անոնց հայեացքը արտասուքով կ՚օծուէր, յետոյ կը պայծառանար արտացոլելով իրենց? ջինջ ու երկնային ապրումները։


Ապա ձեռնադրիչ սրբազանը Ս. Միւռոնի աղաւնին իր ձեռքը առնելով՝ օծեց նորընծային ճակատն ու ձեռքերը երիցս կրկնելով.?Օրհնեսցի, օծցի եւ սրբեսցի? (ճակատ, աջ ձեռն, ահեակ ձեռն) ՏԷՐ ԳԱՐԵԳԻՆ քահանայիս…?։


Նորընծային ու հաւատացեալներուն էութիւնը ցնցուեցաւ ու արցունքի շիթեր հոսեցան։ Քեսապահայ Երջանկայիշատակ նախ՝ Կիլիկիոյ ապա Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին յիշատակը պայծառացաւ Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեանի? ընդմէջէն։


Ապա ձեռնադրիչ? սրբազանը առաւ սկիհն ու մաղզման, կենարար Մարմնով ու Արիւնով միասին նորընծային տուաւ ըսելով՝. ?Ա՛ռ եւ Սուրբ հոգիէն կարողութիւն եւ իշխանութիւն ընդունէ խաչակնքելու եւ այս Սուրբ Պատարագը մատուցանելու մեր տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի անունով, ողջերուն եւ մեռեալներուն համար?։


Նօրաօծ Տ. Գարեգինը հաւատացեալներուն տուաւ իր հոգեխօս օրհնութիւնը՝ ?Օրհնութիւն եւ փառք Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ…?, ?Խաղաղութիւն ամենեցուն?։


Ձեռնադրիչ Սրբազանը խօսեցաւ սրտայոյզ քարոզ մը, որուն ընթացքին գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ Հայ Եկեղեցին կը ծաղկեցնէ երիտասարդ հոգեւորականով մը եւ ըսաւ՝ ?Այս պահէն սկսեալ դուն քարոզիչ պիտի ըլլաս, պիտի խօսիս Աստուծոյ պէս՝ Աստուծոյ խօսքը քարոզելով, լուսաւորելով մարդոց սիրտերը եւ յագեցնելով անոնց պապակած միտքերը աստուածային ճշմարտութեամբ?։


Սրբազանը նաեւ յորդորեց նորաօծ Տ. Գարեգինին տէր կանգնելու ու արժեւորելու իր անունը՝ ըսելով. ?Քեզի տուի նոր անուն, որպէսզի դառնաս նոր մարդ եւ քու ամբողջ կեանքդ դառնայ Աստուծոյ նուիրուած անձի մը կեանքը։ Պատահականօրէն չզատեցի անունդ։ Այս գիւղի զաւակ եւ մեր սիրելի Վեհափառ Հայրապետին անո՛ւնն է որ այսօր դուն ստացար։ Եւ դուն արժանի պիտի ըլլաս այս անունը բարձրութեանը վրայ պահելու։ Անիկա կ՚ըլլայ, երբ մաքուր կենցաղով կ՚ապրիս, երբ Աստուծաշունչը կը սերտես ու գիտութիւնդ կը բազմացնես?։


Ապա Ս. խորան բարձրացան միաբան ու քահանայ հայրեր ու? միւռոնաբոյր Տ. Գարեգինին ճակատն ու աջը համբուրեցին։


Ձեռնադրութեան եւ օծման արարողութենէն ետք, Քեսապցիք անհուն հաւատքով եւ երկիւղածութեամբ մօտեցան եւ համբուրեցին նօրաօծ Տ. Գարեգինին աջը ստանալով անոր օրհնութիւնը։ Ապա՝ տեղի ունեցաւ նօրաօծ քահանային աջին լուացումը, իր կնքահօր՝ Տիար Սեպուհ Մանճիկեանի ձեռամբ։


Պատարագի աւարտին, սարքուած էր պաշտօնական ճաշկերոյթ, որուն ներկայ էին հոգեւորականաց դասը, հարազատներ, բարեկամներ, համայնքներու, միութեանց եւ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ։ Սիրոյ սեղանին ընթացքին, գլխաւորաբար խօսք առին նորաօծ քահանայ հօր կնքահայրը՝ Տիար Սեպուհ Մանճիկեան, նորաօծ քահանան եւ Սրբազան Հայրը։ Նորաօծ քահանան իր սրտի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն՝ ըսելով. ?Հոգիս, սիրտս եւ ամբողջ էութիւնս ուրախութեամբ կը ցնծայ այն անկիւնադարձային իրողութեան որ տեղի ունեցաւ երէկ եւ այսօր։ Առաջին հերթին, Փառք եւ գոհութիւն կը յայտնեմ Ամենակալ Աստուծոյ, որ անարժանս արժանի դարձուց իր երկնային շնորհքին ու քահանայական կոչման։ Այսօր, Աստուծոյ եւ ձեր բոլորին դիմաց ուխտեցի ու դուք բոլորդ ալ վկայ եղաք այն խոստումին, որ մինչեւ իմ կեանքիս վերջին օրը Աստուծոյ շնորհքովը պիտի պահեմ□։ Այսօր Կիլիկիան մեր Քեսապը ցնծութեան եւ բերկրանքի աղաղակ է, որ կը բարձրացնէ եւ իր եկեղեցւոյ զանգերը աւետիս տալով կը ղօղանջեն, թէ այս գիւղին մէջ տակաւին առկայ է քրիստոնեայ, հայ, հաւատացեալ եւ զԱստուած պաշտող ժողովուրդ մը։ Այսօր, երջանկայիշատակ Գարեգին Վեհափառ Հայրապետը իր լոյսերուն մէջ կը գոհանայ ու կը ցնծայ իր շատ սիրելի Քեսապին, որմէ այսօր նոր հոգեւորական մը ծնունդ կ՚առնէ։ Արդարեւ, ես որպէս այս հողէն ծնած ու այս հողին ջուրը խմած քեսապահայութեան զաւակը, կ՚ուխտեմ ու կը խոստանամ ծառայել Աստուծոյ, ազգիս ու եկեղեցիիս, միշտ բարձր պահելով քրիստոնէական կոչումս, իմ շատ սիրելի Քեսապս եւ այն անունը, որ ինծի շնորհուեցաւ?։


Ապա՝ նորաօծ քահանան շնորհակալութիւն յայտնեց իր հոգեւոր ծնողին՝ Գերշ. Տ. Օշական Սրբ. Արք. Չօլոյեանին,? որ յանձն առած էր հեռաւոր ափերէ գալ ու կատարել ձեռնադրութիւնը, ինչպէս նաեւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Սարգիսեանին, իր գուրգուրանքին ու հոգատարութեան համար։


Տէր Հայրը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց? իր ծնողքին, որ տարիներ շարունակ իրեն ջամբած էին սէր ու քաջալեր հանդիսացած էին իր նպատակներու հետապնդման, առաւել իր կնքահօր, հոգեւորականաց դասուն, հարազատներուն եւ համայն քեսապահայութեան։


Ուրախ տրամադրութեամբ եւ ընտանեկան ու բարեկամական ջերմ մթնոլորտով բնորոշուած այդ պահը վերջ գտաւ Սրբազան Հօր ?Պահպանիչ?ով ու ?Կիլիկիա? մաղթերգով։


Բոլորը մեկնեցան իրենց տուները, սակայն անոնց հոգիներուն մէջ անբացատրելին կար, ապրումը խորհուրդին, զգացումը վեհին։ Անոնք վերացան դէպի երկինքները Աստուծոյ ու փորձեցին անբացատրելիին պատասխանը գտնել։


Ի վերջոյ կը խնդրենք Աստուծմէ, որ իր շնորհքին մէջ պահէ Տէր Գարեգինը եւ անոր ճանապարհին խոչընդոտներուն ընթացքին ուժ տայ անոր ու հզօրացնէ մեր եկեղեցին ու հայ ազգը նման առաջնորդներով։??
??
Թղթակից






ՆՈՒԻՐԵԱԼԸ…


Անհաս երկինքներու
ու խորին խորհուրդներու
ապրումին ընդմէջէն հոգիի մը
երկխօսութիւնը կ՚արտացոլար…
Փրկիչին ձայնն էր, որ լո՜ւռ կ՚արձագանգէր.
-?Հետեւէ՛ ինծի…?։


Նուիրեալը ծնրադիր կը յառաջանար դէպի խորան…
-Այն հոգին, որ ինծի շնորհեցիր Քե՛զ ընծայ։


-?Ես եմ ճշմարիտ որթատունկը եւ Հայրս Մշակն է?
??Ես եմ ճշմարիտ որթատունկը եւ դուք՝ ճիւղերը?։
-Արժանի չեմ ճիւղիդ մէկ բջիջն իսկ ըլլալու…։


-?Ինչպէս որ Հայրս զիս սիրեց նոյն ձեւով ալ ես ձեզ սիրեցի?։
-Բայց ինչպէ՜ս հասնիմ սիրոյդ…։


-?Ես եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ Կեանքը?։
-Յաւիտեան, յաւիտենից, ամէն։


Նուիրեալը Ս. Խորանին վրայ կը ստանար հանդերձները…
-?Հաւատացէ՛ք Լոյսին…, որպէսզի Լոյսի որդիներ ըլլաք?։
-Տէ՛ր արժանի չեմ…։


-?Որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին?։
-Օրհնեալ ըլլայ Անունդ…։


Նուիրեալը Ս. Հոգիով ու Միւռոնով կ՚օծուէր…
-?Գացէ՛ք ամբողջ աշխարհը եւ բոլոր մարդոց քարոզեցէք Աւետարանը?։
-Ծառադ եմ Տէ ՛ր…։


Ս. Հ. Պ.


TEXT IN ENGLISH

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostMy jouneys in the Muslim World: Iran
Older PostSoccer diplomacy and the road not taken

POPULAR

item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Discrete Video Modeling for children with special needs in Armenia

February 23, 2016
item-thumbnail

Nana Aramyan’s art and her exceptional inspiration

September 12, 2015

LATEST

item-thumbnail

تواصل تركيا سياستها التقليدية بتبرير الإبادة الأرمنية والتهديد

August 11, 2020
item-thumbnail

Ptit: Armenian language website for children and teenagers

June 20, 2020
item-thumbnail

Vartine Ohanian Minister of Youth and Sports in the New Lebanese Government

January 22, 2020
item-thumbnail

Հայաստանի լեռնահարստացման կոմբինատը՝ «Չաարատ Կապան» ՓԲԸ-ն պատրաստվում է մեծամաշտաբ ծրագիր իրականացնել

January 21, 2020
item-thumbnail

Traditional Armenian Pilgrimage in Chinsurah

January 15, 2020

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • Applications
  • Chinese Armenians
  • Cyprus Armenians
  • Egyptian Armenians
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Lebanese Armenians
  • Music
  • Pan-Armenian News
    • Art
    • Books
    • Business
    • Celebrations
    • Courses and Camps
    • Documentaries
    • Education
    • Energy
    • Festivals
    • Genocide
    • History
    • Interviews
    • Language
    • Poetry
    • Politics
    • Tourism
  • Religion
  • Syrian Armenians
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին
  • القسم العربي

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact
  • Social Media

RANDOM POSTS

item-thumbnail

Միջին Արևելքի կեանքէն պատկերներ. Հրաչ Քալսահակեան

item-thumbnail

How many times to celebrate Christmas?

item-thumbnail

«ՔԱՅԼ ԴԵՊԻ ՏՈՒՆ» ծրագրի հյուրընկալ ընտանիքների համար նախատեսված հայտադիմում

TAG CLOUD

Armenian Art Armenian Catholics Armenian Christmas Armenian Costumes Armenian Genocide Armenian Songs Armenian Velvet Revolution Azad-Hye Celebrations Cyprus Armenians Daniel Varoujan Hejinian Diaspora Armenians Education Emma Kant Emma Karapetyan Ethiopian Armenians Garni Geghard Genocide Goris Greece Hidden Armenians History Iraqi Armenians Kessab Kessabtzis Krikor Jabotian Language Lebanese Armenians Meri Martirosyan Music Music Application Nana Aramyan Nikol Pashinyan Norway Ottoman Empire Paris Speech Therapy Syrian Armenians Syunik Turkey Turkish Armenians UAE Armenians Vardavar Western Armenia

Azad-Hye on FLICKER

© 2021 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll