A cup of coffee… with Skype
While conversing through Skype with an old acquaintance Zarmine Boghosian remembers the old Aleppo when dozens of families were living in a building in the Armenian neighbourhood. The children used to go from one apartment to another playing together. Now grown ups they are scattered in many continents and like the example of the grandmother mentioned in the article, the writer wonders how the new generations will communicate with each other and what kind of relationships would be developed in this miniature of Diasporan life.
Գրեց՝ Զարմինէ Պօղոսեան
Յունուարի առաջին օրերուն էր: Առաւօտ շուտ կը փորձէի կեդրոնանալ մի քանի գրուելիք նամակներու վրայ, յանկարծ այցելու մը մտաւ համակարգիչիս պաստառին վրայ:
Ի՜՜նչ անակնկալ: Արաբական թերակղզին էր: Ես Նիւ Եորքի մէկ անկիւնը ծուարած՝ համակարգիչիս հետ դէմ առ դէմ նստած, կը կապուէի հեռաւոր արաբական թերակղզիին քաղաքներէն մէկուն հետ: Երեք տասնամեակ առաջուայ Հալէպի դրացուհիիս դուստրն էր, որ հաստատուած էր հոն իր ամուսնոյն եւ զաւակներուոն հետ:
– Մայրս մէկ ամիսէ քովս է, հետդ կ՛ուզէ խօսիլ- համակարգիչիս շրջանակէն անուշիկ դէմք մը խօսքը կ՛ուղղէր ինծի:
Երեսուն եւ աւելի տարիներու կարօտ մըն էր որ այս տուփիկին միջոցաւ մղոններու հեռաւորութիւնները կ՛անտեսէր մեզ նկարով եւ ձայնով իրար կը միացնէր:
– Վա՜՜յ, Դալար այս ի՜նչ լաւ ըրիր մեզի մօտեցուցիր, Տիկին Շուշան, այս ինչ անակնկալ է . .
– Այո՛, այո, թանթիկ, սուրճին ջուրը դիր հիմա մամաս կը հասնի . . .
Դալարը հին օրերու մեր տողերը կը կապկէր . .
Ահա այսպիսի դրացնութիւն էր մերը, երեսուն եւ աւելի տարիներ առաջ:
Տասնըերկու դրացիներով շէնքին երրորդ եւ չորրորդ յարկը, երեք դրացի իւրաքանչիւր յարկի վրայ, Զուարթնոցին թաղը, Ճան Թաուիլին շէնքին մէջ կ՛ապրէինք:
Մօտաւորապէս նոյն տարիքի երիտասարդ մայրեր էինք: Մեր զաւակներն ալ գրեթէ հասակակից – (երեք տարեկանէն մինչեւ տասը): Դռները բաց՝ մէկ տունէն միւսը կ՛երթային կու գային իրարու հետ ?խաղալու?:
Իսկ մենք- գրեթէ ամէն առաւօտ, տիկիններով, կեսուրով կամ առանց կեսուրի, սուրճի կը կանչէինք զիրար: Ամէնէն համովը՝ Ուրբաթ օրերուն լուացքը խաշի դրուած՝ սուրճ խմելու դադարն էր: (Հիմա պէտք է բացատրեմ թէ խաշը ինչ է – տես վարի բացատրութիւնը) Սուրճին ջուրը ?բիւթակազի? վրայ կը դրուէր եւ կը կանչէինք:
– Սուրճը եռալէն հոգին ելաւ, ուզածիդ չափ ?մուղլի զիյատէ է- շատ եռացած?, մի՛ պաղեցէր, շո՛ւտ հասիր, եւ . . . սուրճի դադարը կը սկսէր:
Մեր զաւակները բոլորն ալ հայկական դպրոց կը յաճախէին: Մէկը միւսին դասին օգտակար կ՛ըլլար: Ուրբաթ կէսօրէ ետք ալ ?ՂԱՎՈՒԱՐ? դիտելու մեր տուն կը հաւաքուէին աւելի քան 15 երեխայ:
Այսպէս էին օրերը մեր հալէպեան-Ճան Թաուիլի շէնքի բնակիչներուս:
Տարիներ անցան – ամէն մէկս ճակատագրի բերումով ինկանք տարբեր երկիրներ: Մեր զաւակները, որ գրեթէ ?մէկ տունի մէջ? մեծցած էին եւ ամէ՛ն օր զիրար տեսնելու վարժուած, այսօր ամէն մէկը տարբեր երկրի մէջ է եւ իրարմէ լուր չունին:
– Դալար, ո՞ւր է մայրդ, ինչո՞ւ չի խօսիր. . .
Շրջանակին մէկ անկիւնէն կողմնակի կը տեսնեմ զինք թոռնիկին հետ զբաղած:
– Ահա եկաւ, կ՛ըսէ Դալար եւ շրջանակին մէկ մասը ազատ ձգելով տեղ կու տայ մօրը:
– Ի՞նչ է, նա՞զ կ՛ընես Շուշիկ, կ՛ըսեմ կատակով
– Չէ՜՜, հոգիս չէ, թոռնիկս վաղուան համար ?Իմլէ? ունի անիկա կէս ձգել չուզեցի մինչեւ Դալարը հետդ խօսիլը վերջացնեմ ըսի:
– Իմլէ՞ – Որքան ատենէ այդ բառը չէի լսած: Արաբերէն ուղղագրութիւն ըսել է: Նո՛յն պարտաճանաչ մայրը կ՛անցնի մտքէս:
Եւ կծիկը կը քակուի, մեր զաւակներուն պատմութիւններուն շարանը կը սկսի:
Հինգ շնորհալի դուստրերու նոյնքան շնորհալի մայր մըն է տիկին Շուշան որ շատ կանուխէն, ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով կորսնցուց իր ամուսինը: Տան մինուճար արու զաւակն էր Պարոն Վարդիվառը: Առանց արու զաւակ մը տեսնելու անժամանակ մեկնեցաւ՝ անմխիթար ձգելով իր մայրն ու երիտասարդ կնոջը:
Տիկին Շուշան իր վարք ու բարքով եւ հինգ դուստրերուն տուած դաստիարակութեամբ բոլորիս յարգանքը կը վայելէր:
Երբ տարբեր ցամաքամասերու մէջ բնակութիւն հաստատեցինք, տարիներու ընթացքին տօնական օրերու շնորհաւորանքի քարթեր փոխանակելու մեր կապերը հետզհետէ նուազեցան: Հոսկէ հոնկէ սկսանք կցկտուր լուրեր առնել իրարմէ: Ինք իր դուստրերը ամուսնացուց: Իսկ ես՝ իմ երկու մանչերս: Թոռնիկները դարձան մեր ընտանիքներուն շառաւիղները, անբացատրելի ուրախութեան հետ մեզ արժանացնելով Մեծ Մայր կոչուելու իրաւունքին:
եւ .. հիմա. .
Համակարգիչին հետ սա Սքայփ կոչուած գիւտին շնորհիւ դէմ առ դէմ նստած ենք ձայնով եւ նկարով հաղորդակցելու:
– Ձմրան ամիսներուն հոս եմ: Այստեղ տաք է: Կը սկսի պատմել տիկին Շուշանը – Ամրան ալ Հալէպ կ՛երթամ: Ատեն-ատեն ալ Ֆրանսա կ՛երթամ երկու աղջիկներուս քով: Հոն ալ չորս թոռնիկ ունիմ: Մի քաի անգամ ալ Լոս Անճելոս երկրորդ աղջկաս գացի եկայ: Արմինէս ալ հոն երկու զաւակ ունի:
– Է՜՜, մԻնչեւ Լոս Անճելոս հասնելէդ ետք, Նիւ Եորքը ծրագրիդ մէջ ե՞րբ պիտի ըլլայ:
– Չեմ գիտեր շիտակը: Թոռնիկներուս, զաւակներուս հետ ըլլալը շատ լաւ է, կը նորոգուիմ: Բայց՝ տունս ալ կը կարօտնամ: Հալէպս ուրիշ է:
Այո՛, Հալէպը ուրիշ էր:
Աչքերս համակարգիչիս պաստառին՝ մտովի կը հեռանամ խօսակիցէս: Ճամբորդելու կը սկսիմ իր հետ: Կը պատկերացնեմ Արաբական թերակղզիին մէջ ապրող թոռնիկին ?իմլէ? սորվեցնող մեծ մայրը: Յետոյ՝ հետը թռիչք կ՛առնեմ դէպի Ֆրանսա: Հոն ալ իր հետ կը փորձեմ զինք տեսնել ֆրանսահայ թոռներուն ?Գոնգուրս տիքթէ? կատարած պահուն, իսկ պըճըլիկներուն հետ ?ֆըղեղէ Ժագօ? երգելու պահուն:
Իսկ Լոս Անճելոս ալ եթէ երթալիք ըլլայ, վստահ եմ այս անձնազոհ Մեծ Մայրը այս անգամ ալ իր անգլիախօս թոռնիկը կուրծքին սեղմած՝ ?Այ լաւ եու, եու լավ մի- ես քեզ կը սիրեմ, դուն զիս կը սիրես? մանկական ծրագրին ռիթմին հետ օրօրուելով պիտի փորձէ երգել:
Այս բոլորը լաւ: Այսօր շատ ուրախ է թոռները իր սիրով ու գուրգուրանքով իրար շաղկապող տիկին Շուշանը:
Իսկ ես կը չարչրկիմ մտքիս մէջ ծագած հարցումին պատասխան փնտռելով: Գէորգ Էմինի Զարմանալի Հայ բանաստեղծութեան տողերը կը տողանցեն աչքիս առաջ: Մէ՛կ մեծ մայր, երեք թէ չորս ցամաքամասերու տարածքին բնակութիւն հաստատած զաւակներ եւ թոռնիկներ: Երբեմնի մէկ յարկի տակ ապրող ընտանիքէն քանիցս ճիւղաւորուած նորաստեղծ ընտանիքներ ցիր ու ցան են այսօր երկրէ երկիր: Միեւնոյն շէնքին մէջ բնակող մեր զաւակները որքա՜ն հեռացած են իրարմէ:
Մէկ կամ երկու տասնամեակ ետք այս նոյն մեծ մօր թոռները, մէկ ցամաքամասէն միւսը արդեօք ի՞նչ լեզուով պիտի հաղորդակցին իրարու հետ:
Նիւ Եորք, Յունուար 8, 2011
Ծնթ-
Խաշել- Լուացքի ճերմակեղէնը խոշոր կաթսայի մը մէջ բաւարար ջուրով եւ յատուկ լուացքի դեղով եռացնել: Ճերմակեղէնները ոչ միայն բացառիկ սպիտակ գոյն կ՛ունենային այլ նաեւ լաւ մը կը հականեխուէին:
Տորէտ Լահամ – Արաբական թատրոնի եւ ֆիլմաշխարհի նշանաւոր կատակերգակ, տաղանդաւոր դերասանը կը մարմնաւորէր ՂԱՎՈՒԱՐ Թօշէն- (Սուրիացի թատերական կերպար մը):
”Համակարգիչին հետ սա Սքայփ կոչուած գիւտին շնորհիւ դէմ առ դէմ նստած ենք ձայնով եւ նկարով հաղորդակցելու”: “Հայն ու Սքայփը”, ես այսպես կվերնագրեի Զարմինե Պողոսյանի այս հուզիչ ու անբռնազբոս պատմությունը: