• Home
  • About
  • Contact
  • Social Media
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • Pan-Armenian News
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • القسم العربي
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Facebook Լա՞ւ թէ վատ բարեկամ….

July 20, 2012
A+ A-
Email Print
Facebook <FONT face=Sylfaen>Լա՞ւ թէ վատ բարեկամ….</FONT>


Zarmig Boghikian finds that Facebook is useful in connecting people and exchanging views and opinions. Facebook is an easy tool for expressing oneself. The individual can be the storyteller and not just the end recepient. He can write about anything that comes into his mind.


Addiction is seen as one of the major problems of using Facebook. Some people give more than 5 hours daily for checking their Facebook account. Students can be affected easily and their performance may deteriorate. This can affect also the overall health situtation. The individual becomes involved in a curious behavor of following the whereabout of other individuals. Facebook can create a self-contained and socially detached individual who preferes electronic interaction instead of face-to-face contacts.


People in charge in our Armenian organizations can interfere creating oppotunities for healthy and contructive discussions on Facebook benefiting all users, Boghikian concludes.??


Գրեց` Զարմիկ Պօղիկեան


Ֆէյսպուք հասարակական ցանցը դարձած է յատկապէս երիտասարդներուն ու պատանիներուն ամէնօրեայ ընկերակիցը, հաղորդակցութեան ամէնամատչելի եւ հետաքրքրական միջոցներէն մէկը։


Հասարակական այս ցանցը հնարաւորութիւն կուտայ ընկերներու եւ բարեկամներու հետ փոխանակելու կարճ հաղորդագրութիւններ, գրառումներ, լուսանկարներ եւ տեսանիւթեր, ինչպէս նաեւ տեղադրելու այլ կայքերու յղումներ եւայլն։ Գլխաւոր էջի վրայ կ՛երեւան բոլոր ընկերներու վերջին գրառումները՝ լրահոսի տեսքով։ Ընկերները հնարաւորութիւն կ՛ունենան ընդունելու, մեկնաբանելու եւ իրենց մնացեալ ընկերներուն հետ փոխանակելու տուեալ գրառումները։


Ֆէյսպուքի մէջ կարելի է ստեղծել նաեւ խումբեր, էջեր եւ հարցումներ, որոնց կրնան անդամակցիլ, բաժանորդագրուիլ եւ պատասխանել? այլ օգտատէրեր։


Թէեւ Ֆէյսպուքը ունի գաղտնապահութեան քաղաքականութեան հնարաւորութիւն, որուն շնորհիւ կարելի է որոշել օգտատէրի ո՞ր տեղեկութիւնները հասանելի դարձնել որոշ անհատներու համար եւ ո՞ր տեղեկութիւնները ոչ, սակայն ի հարկին, համացանցի մասնագէտներուն համար դժուար չէ? իւրաքանչիւրի էջի վրայ տեղադրուած որեւէ տեղեկութիւն բացայայտելը։ Այնպէս որ Ֆէյսպուքի օգտագործման ընթացքին տեղեկութիւններու փոխանակման մէջ զգուշութիւնը անհրաժեշտ է։


Հասարակական այս ցանցը բնականաբար իր դրական յատկանիշները ունի, որովհետեւ անոր շնորհիւ աշխարհի տարբեր անկիւնները գտնուող մարդիկ հաղորդակցութեան մէջ կը մտնեն, կը փոխանակեն մտքեր ու գաղափարներ, հետեւաբար անհատին դիմաց բացուող տեղեկատուութեան դաշտը անծայրածիր կը դառնայ։ Ան կը ծառայէ նաեւ ծանուցողական եւ ճանաչողական նպատակներու, այսօր գրեթէ բոլոր զլմ-ները (զանգուածային լրատուամիջոցները), առեւտրական հաստատութիւնները, միութիւնները Ֆէյսպուք-ի վրայ ունին իրենց էջը, որուն? միջոցաւ աւելի հասու կը դառնան հանրութեան եւ իրենց քարոզչական աշխատանքը աւելի լայն մասշտապներով կը յաջողին կատարել։ Հասարակական այս ցանցի արագընթաց տարածման հիմնական պատճառներէն մէկը այն է, որ ան? միջոց է յատկապէս? երիտասարդութեան մօտ՝ խօսքի ազատութեան ու ինքնարտայայտման։ Այստեղ լուրի աղբիւրը յստակ չէ, անհատը ինքն իսկ կրնայ ստեղծել լուրը եւ տարածել զայն, առանց? լրատուութեան մասնագիտական կանոններուն եւ կաշկանդումներուն ենթարկուելու։ Այս ազատութիւնը սակայն, Ֆէյսպուքի-ի մոջոցով տարածուած լրատուութեան ճշմարտացիութիւնը թէական կը դարձնէ։


Ահա թէ ինչու՞ Ֆէյսպուքը ունի նաեւ իր բացասական կողմերը։ ան երիտասարդութեան հասնելու ամէնէն մատչելի ձեւն է, հետեւաբար ինչպէս դրական այնպէս ալ բացասական նպատակներով զայն օգտագործողները պիտի կարենան դիւրաւ հասնիլ պատանիներուն եւ երիտասարդներուն եւ բարոյալքումի տանող գաղափարներ, տեսանիւթեր, արտադրութիւններ տարածել երիտասարդական շրջանակներու մէջ։


Վերջին տարիներուն վկայ եղանք նաեւ, այսպէս կոչուած՝ ?արաբական գարուն?ի տարբեր հանգրուաններուն, այս ցանցի միջոցաւ տարածուող ցոյցի հրաւէրներուն, սպառնալիքներուն, կեղծ լուրերուն, կեղծ տեսանիւթերուն եւ բոլոր այն միջոցներու օգտագործումին, որոնք մարդոց ուշադրութեան կիզակէտը կողմնորոշելու կը ձգտէին մերթ ճշմարիտ, մերթ խաբուսիկ պատկերներով ու հրահրիչ կոչերով։


Մեր միջավայրին մէջ եւս նկատելի է երիտասարդութեան որոշ տոկոսին կողմէ երբեմն մոլութեան հասնող կապուածութիւնը այս ցանցին։ Այս մէկը ոչ թէ զրպարտութեան, այլ՝ ծնողներու հետ յաճախակի հանդիպումներու ընթացքին իմացած տեղեկութիւններուս լոյսին տակ կը նշեմ։ Յատկապէս ուսանողութեան մօտ Ֆէյսպուքի երկարաժամ օգտագործումը (օրական 4-5 ժամ ձմրան օրերուն) իր ժխտական անդրադարձը կ՛ունենայ քանի մը տուեալներով։


Նախ՝ ան ուսանողը ետ կը պահէ իր դասերէն, երկրորդ՝ կը փթացնէ անոր ուղեղը եւ կը թուլացնէ կեդրոնացման կարողութիւնը դասերու ընթացքին։ Իսկ ամէնէն կարեւորը՝ երիտասարդ ուսանողը կը ներգրաւէ ուրիշին նկատմամբ տեղի- անտեղի հետաքրքրուածութեան հիւանդագին սովորութեան, աւելին՝ ան կը սկսի ազդել անոր? առողջութեան վրայ, որովհետեւ երկար ժամերով անշարժ նստիլը համակարգիչին կամ բջիջային հեռախօսին մօտ օրկանիզմը ծուլութեան կը վարժեցնէ ։


Ֆէյսպուքի?? երկարաժամ օգտագործումով պատանին եւ երիտասարդը աստիճանաբար կը դառնան ինքնամփոփ, մեկուսացած, եւ կը հեռանան իրենց ընկերային միջավայրէն, զայն փոխարինելով Ֆէյսպուքի-ի անտեսանելի միջավայրով։


Այնուամենայնիւ, կարելի չէ ուրանալ? հասարակական նման ցանցերու ներգործութիւնը մեր կեանքէն ներս, սակայն այդ ցանցերէն կարելի? է օգտուիլ, առանց անոնց? կոյր գերին դառնալու։


Այս բոլոր դրական ու բացասական տուեալները նկատի ունենալով մեր փափաքն է, որ երիտասարդ սերունդները այս ցանցերէն օգտուին իրենց գիտելիքները հարստացնելու, բազմակարծութեան ընձեռած հնարաւորութիւններէն օգտուելով՝ իրենց մտահորիզոնը ընդլայնելու, նորութիւններուն հետամուտ ըլլալու եւ այդ նորութիւնները իրենց զարգացման գործընթացին ի սպաս դնելու համար եւ ոչ թէ հասարակական ցանցերը միայն ժամանցի համար օգտագործելով մոլութեան հասնելու։


Պատասխանատու մարմիններ եւս, դիտորդի դերին մէջ կենալու փոխարէն, կարելիութիւն ունին? այս ցանցերուն միջոցով երիտասարդութիւնը հրաւիրելու ազգային, ընկերային եւ մշակութային հարցերու, երեւոյթներու շուրջ քննարկումներու, աստիճանաբար աւելի նպատակաուղղուած դարձնելու հայ երիտասարդութեան? մասնակցութիւնը նմանատիպ ցանցերուն։??


Հալէպ – 2012

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostHarut Barsamian
Older PostՀավատացեք, որ փոխելու ենք

POPULAR

item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Discrete Video Modeling for children with special needs in Armenia

February 23, 2016
item-thumbnail

Nana Aramyan’s art and her exceptional inspiration

September 12, 2015

LATEST

item-thumbnail

تواصل تركيا سياستها التقليدية بتبرير الإبادة الأرمنية والتهديد

August 11, 2020
item-thumbnail

Ptit: Armenian language website for children and teenagers

June 20, 2020
item-thumbnail

Vartine Ohanian Minister of Youth and Sports in the New Lebanese Government

January 22, 2020
item-thumbnail

Հայաստանի լեռնահարստացման կոմբինատը՝ «Չաարատ Կապան» ՓԲԸ-ն պատրաստվում է մեծամաշտաբ ծրագիր իրականացնել

January 21, 2020
item-thumbnail

Traditional Armenian Pilgrimage in Chinsurah

January 15, 2020

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • Applications
  • Chinese Armenians
  • Cyprus Armenians
  • Egyptian Armenians
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Lebanese Armenians
  • Music
  • Pan-Armenian News
    • Art
    • Books
    • Business
    • Celebrations
    • Courses and Camps
    • Documentaries
    • Education
    • Energy
    • Festivals
    • Genocide
    • History
    • Interviews
    • Language
    • Poetry
    • Politics
    • Tourism
  • Religion
  • Syrian Armenians
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին
  • القسم العربي

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact
  • Social Media

RANDOM POSTS

item-thumbnail

Ավստրալահայ ընտանիքը հայրենադարձվել Հայաստան

item-thumbnail

تواصل تركيا سياستها التقليدية بتبرير الإبادة الأرمنية والتهديد

item-thumbnail

Krikor Jabotian’s design reflects the Lebanese Armenian connection

TAG CLOUD

Armenian Art Armenian Catholics Armenian Christmas Armenian Costumes Armenian Genocide Armenian Songs Armenian Velvet Revolution Azad-Hye Celebrations Cyprus Armenians Daniel Varoujan Hejinian Diaspora Armenians Education Emma Kant Emma Karapetyan Ethiopian Armenians Garni Geghard Genocide Goris Greece Hidden Armenians History Iraqi Armenians Kessab Kessabtzis Krikor Jabotian Language Lebanese Armenians Meri Martirosyan Music Music Application Nana Aramyan Nikol Pashinyan Norway Ottoman Empire Paris Speech Therapy Syrian Armenians Syunik Turkey Turkish Armenians UAE Armenians Vardavar Western Armenia

Azad-Hye on FLICKER

© 2021 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll