Մանչուկիս հարցումներէն ծագած մտորումներ

“Thoughts arising from questions asked by my child”


An actual discussion (or set of discussions) between Caroline Msrieh Seropian (originally from Aleppo, currently living in Doha, Qatar) and her three years old son Daron. Caroline says in a letter to Azad-Hye: “I really couldn't imagine that children can think on this level. I thought that it would take years to see the love of our motherland growing in his heart. I learnt something from my own son: whenever you get upset about your hayrenik, try to go back to your childhood, remember what you were teaching your own child … and that will help you.”


Caroline writes: “I ask myself, is my child's sense of belonging to the Armenian nation will remain strong as he grows up? What will be the fate of all Armenian children of his age who live now in Diaspora? Shall we have a prosperous homeland where each of them will be able to create and progress beyond securing the basic elements of livelihood”.???


Գրեց՝ Գարօլին Մսրիէ Սերոբեան
Տոհա, Քաթար


Մանկական խաղերն ու ապրումները խանգարուած էին: Տարօնը հեռացած էր իր հայկական միջավայրէն: Ան հեռացած էր իր հայահոծ գաղութէն, ազգականներէն եւ թաղի հայ երէց ընկերներէն, որոնցմէ իւրաքանչիւրին մօտ պիտի կանգնէր ամէն առաւօտ, հայերէն քաղցրահունչ ?բա‎րի լոյսե-ը ըսելու, պաչիկ մը տալու եւ իր անմեղ շրթներով քանի մը հարցումներու պատասխանելով, շաքար մը, բարենիշ մը կամ հացիկ մը ստանալով առօրեայ պտոյտը շարունակելու:


Հիմա, երբ նոր ան‎‎ձի մը ծանօթացնենք զինք, կը հարցնէ.- ?Մամ, ասի հա՞յ է?: Երբ պանիրով հացիկ մը գնեմ հարց կու տայ.- ?Մամ, ասի Ապու Պետիկին պատրաստածին պէ՞ս է?: Հազիւ ինքնաշարժ մը վարձենք կը հարցնէ.- ?Մամ, աս մարդը հայերէն կը խօսի՞?: Երբեմն նոյնիսկ լաց ու կոծ մը ձգելով բուռն համարութեամբ կը մերժէ օտարի մը հետ համակերպիլ, օտար նկարիչի մը քով նկարուիլ եւ նոյնիսկ ժպտալ անձի մը հետ, որովհետեւ հայ չէ: Վերջերս կեցուածք առնելով չի պատասխաներ ազգականներու հեռաձայններուն, որովհետեւ յանցաւոր կը նկատէ զիրենք մեր տունը չ՛այցելելնուն պատճառաւ:


?Մամ, ինչո՞ւ Հալէպ չենք երթար?: Հարցում մը, որուն յարատեւ կրկնութիւնը չէի ակնկալեր տակաւին երեք տարեկանը չ՛ամբողջացուցած զաւկէս: Ան տակաւին հայկական դպրոց յաճախած չէր, ոչ իսկ վայելած հայկական ակումբի մը յարկին տակ գտնուելու բախտաւորութիւնը: Այո, բախտաւորութիւն կ՛ըսեմ, որովհետեւ իսկապէս հոգեկան մեծ խաղաղութիւն կը պատճառէ նմանօրինակ ծագում ունեցող ու որոշ չափով նոյն ընթացքով ուղղուող հաւաքականութեան մը մէջ գոյատեւելը, առանց կրօնական, ազգային կամ լեզուական խնդիրներ դիմագրաւելու: Որպէս ծնողք կը կարծէինք, թէ մեր երեխային տարիքային այս ժամանակաշրջանը ամենէն յարմարն է նոր երկրի մը մէջ հաստատուելու եւ ըստ այնմ ի գործ դրինք փոխադրուելու ծրագիրը: Հազիւ սկսաւ, ամառնային դպրոցական իր դասընթացքը, ան զիս փաթթելով կ՛ըսէր.- ?Մամ, ինծի այս դպրոցը մի՛ ղրկեր: Սերճին ու Սերենային հետ կ՛ուզեմ ըլլալ: Ինծի Մեսրոպեան Հայկական Վարժարան տար?: Ինչպէ՞ս կրնայի համոզել, թէ, դժբախտաբար մեր հայկական շաբաթօրեայ դպրոցը այստեղ կատարեալ ուսում չի կրնար ջամբել եւ ամրան եղանակին կատարելապէս կը դադրի գործելէ, նկատի առած ծնողաց տարեկան արձակուրդի պարագաները: Այս բոլորին կողքին, ինչպէ՞ս կրնամ ետ բերել իրեն իր մանկական խաղերու հայ ընկերները` Ալեակը, Գրիգորը, Վանան, Բարտին կամ Արմանը: Այստեղ գաղութային դրուածքը տարբեր է, հայերը աւելի սակաւաթիւ եւ իրար հանդիպելու պայմանները անողոք են:


?Մամ, կը յիշե՞ս, այս շապիկը հագած էի, երբ զիս ձիուն հետ նկարեցիր Հայաստան: Մամ, եկուր Հայաստան երթանք?:


Միտքով կը սաւառնիմ մեր մանկութեան երազած դրախտավայրը, ինչպէս նաեւ կը յիշեմ մեր զաւկին հետ միասին կատարած շատ հաճելի հայրենագնացութիւնները ու ինքզինքիս հարց կու տամ.- ?Ինչու՞ մեզի կը պարտադրուի, ոչ թէ երկրէ մը նոր երկիր, այլ սփիւռքէ մը նոր սփիւռք փոխադրուիլը?: Այո՛, ընտրութիւն մըն էր, սակայն պարտադիր, գոնէ վաղը հայրենիքի մէջ աւելի պայծառ ապրելու հեռանկարով: Մենք սակայն չենք գիտեր, եթէ այդ վաղն պիտի ապրինք, ինչպէս սկսած ենք ծրագրել եւ ի գործ դնել այսօր:


– ‎Մամ, հայրենիքի խտասալիկը կը դնես հաճիս:
– Տղաս, այդ խտասալիկի յայտագրին անունը ?հայրենիք? չէ այլ ?Արեւիկ?:
– Լաւ, Արեւիկ հայրենիքը կը դնե՞ս:


Կարծես Արեւիկ այբբենարանը զինք Հայաստան տանող կախարդական ցպիկը ըլլար:


Մտահոգութիւներս կը բազմանան ու կը սկսիմ ինքզինքիս հարց տալ, թէ արդեօ՞ք զաւկիս հայապատկանութեան հաւատքը այսպէս վառ պիտի մնայ: Ի՞նչ պիտի ըլլայ իր սերնդակիցներու ազգային գիտակցութեան ու պատկանելիութեան իրավիճակը: Գոնէ իրենց համար պիտի ունենա՞նք աւելի բարգաւաճ հայրենիք մը, ուր կրնայ իւրաքանչիւրը ստեղծել ու տալ առանց տագնապելու օրուան հացի մասին մտածելով:


– Մամ, ես Նարօտին կ՛ուզեմ, թող գայ այլեւս:
– Լաւ տղաս, քիչ մնաց, ան ալ աշխարհ կու գայ ու քանի մը տարիներ ան‎‎ց, ինք եւս պիտի մասնակցի քու կատարած հարցադրումներուդ: Յոյսով եմ, որ գոնէ այդ պահուն, ես ու հայրդ աւելի յստակ ու գոհացուցիչ պատասխաններ կ՛ունենանք ձեր երկուքին փոխանցելու?

  1. Վստահ եմ որ երբ Գարօլն է մայրը ու Պայքարը հայրը Տարօնը եւ Նարօտը բացառիկ Հայեր պիտի ըլլան, ըլլան անոնք արեւելք թէ արեւմուտք, հարաւ թէ հիւսիս: Իրենք հայ են եւ հայ պիտի մնան եւ իբրեւ հայ պիտի գոյատեւեն: Քոյրիկ, մի մոռնար մենք քիչ ենք բայց կը մնանք միշտ հայ: Տարօնին ըսէ մի նեղուիր երբ հայ շատ ընկերներ չունենաս քանի վարդը միշտ փուշերով պատուած կ'ըլլայ: Ինքն ալ, մնացեալ հայ մանուկներուն պէս գեղեցիկ վարդ մըն է շրջապատուած ուրիշ ազգային պատկանելիութիւն ունեցող փուշերով: Թող միշտ մնայ հպարտ հայ: Կը սիրեմ ձեզ:   

Comments are closed.