Մտքի ու սրտի զրոյց

Մտքի ու սրտի զրոյց

Holy Martyrs Armenian Day School (HMADS)Հանդիպում Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ Վարժարանի տնօրէնուհիի Տիկ. Զարմինէ Պօղոսեանի հետ


Ազատ-Հայ (Յատուկ)


Հանդիպումը վարեց՝ Պերճուհի Աւետեան


Ամերիկայի մէջ հայկական ամէնօրեայ դպրոց հիմնելը որպէս աներեւակայելի ու անիրագործելի երազ կը նշուէր քանի մը տասնեակ տարիներ առաջ, թերահաւատութիւն էր թէ՞ իսկապէս անկարելի ձեռնարկ հսկայական այս աշխարհամասի Ամերիկայի՝ յատկապէս Նիու-Եորք քաղաքին մէջ, ուր մարդիկ ինքնաշարժներու ղեկերուն փարած, կամ գետնուղիներու հեղձուցիչ կայարաններէն դէպի անհամար գնացքները նետուելով, ապրուստ ապահովելու, բարւոք կեանք ապրելու, այս երկրի անհամար բարիքները վայելելու մտահոգութեամբ՝ հեւքով կը սուրան։


Բայց անիրագործելին միշտ ալ իրագործելի կարելի է ընել, երբ կայ հաւատք, բարեսիրութիւն ու յատկապէս նուիրում, անսակարկ նուիրում։


Կրթական մշակը հայկական կեդրոններէն ներս նուիրում բառին քաջածանօթ է,? անով լեցուցած է իր գործունէութիւնը, իր առօրեան, իր ամբողջ կեանքը , նուիրեալներու այս փաղանգը, թէեւ թիւով փոքր, բայց՝ անհերքելի ներկայութիւն են բարեբախտաբար, որոնց կը պարտինք մեր դպրոցներու կայունութիւնը, գոյատեւումը, յառաջացումը։?


Տիկ. Զարմինէ Պօղոսեան այդ խմբակի առաջատարներէն է, գաղթած Սուրիոյ Հալէպ քաղաքէն, շրջանաւարտ՝ ՀԲԸՄ-ի Լազար Նաճարեանէն, Հալէպի մէջ երկու տարի որպէս ուսուցչուհի պաշտօնավարած է Կրթասիրաց վարժարանի մէջ։? Նիու-Եորք հաստատուելէն ետք կը դասաւանդէ Լուսաւորչեան Շաբաթօրեայ վարժարանէն ներս, չափահասներու համար երեկոյեան Հայերէն լեզուի դասընթացքներ վարելով Ս. Վարդան Մայր Տաճարի Մեսրոպ Մաշտոց Հիմնարկէն ներս,? իսկ ամառները ՀԲԸՄ-ի Ճամբար Նուպարի մէջ: Միաժամանակ կը հետեւի համալսարանական դասընթացքներու եւ կը կատալերագործէ իր ուսումը տիրանալով մանկավարժական վկայականի (CUNY- Brooklyn College) էն:


1987-ին կը հրաւիրուի Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ Վարժարանի տնօրէնուհիի պաշտօնը ստանձնելու. 13 տարի ետք? հանգստեան կոչուելու փափաքով կը դադրի պաշտօնէն: Հինգ տարուայ ընդմիջումէ մը ետք այսօր երրորդ տարին ըլլալով վերստանձնած է նոյն պաշտօնը, անշահախնդիր, անձնուրաց? ու ծանր գործունէութիւն տանելով։
???
Վարժարանի դռները տակաւին երկու շաբաթ ետք պիտի բացուին ընդունելու աշակերտութիւնը, իսկ Նահատակաց դպրոցին մէջ ուսուցչուհիները հաւաքուած են նախապատրաստուելու վերամուտի ժամանման, տնօրէնուհիին թելադրանքներով դասարանները բարեզարդելու, դասագրքերը պատրաստելու։ Տիկ. Զարմինէ բծախնդիր է ու պարտաճանաչ բոլոր մանրամասնութիւններու հանդէպ։ Ան թէեւ բազմազբաղ, բայց՝ պատրաստակամ կը դիմաւորէ ?Հալէպէն եկող հիւրը?, անոր սրտբաց զրոյցը, փոխանցած տեղեկութիւնները հոգեկան բաւարարութիւն կը պարգեւեն, ներշնչելով սփիւռքի գոյատեւման հրամայականը։


Հայկական վարժարանը պաշտելի անկիւնն է, սրբութիւն բուրող ինչպէս հայկական եկեղեցին:


Մեր զրոյցը Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ Վարժարանի մասին ինքնաբերաբար կը վերածուի?հարցազրոյցի։?


Սրբոց Նահատակաց Ազգային այս վարժարանը, ինչպէս ընդհանրապէս մեր հայկական վարժարանները, եկեղեցւոյ կից է ուրեմն առընչութիւն ունի եկեղեցւոյ հետ, այս մասին ի՞նչ կը բացատրէք։
???
Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցին կրնամ ըսել որ միակն է ամբողջ Միացեալ Նահանգներու մէջ, որ իր գրկին մէջ երեք դպրոցներ կը սնուցանէ: Երեքն ալ կր կրեն եկեղեցւոյ անունը: Կիրակնօրեան՝ անգլերէն լեզուով զուտ կրօնական դաստիարակութեան համար է, Շաբաթօրեան՝ հայերէն լեզուի ուսուցման համար, իսկ Ամէնօրեան՝ ուր շաբաթը հինգ օր դասաւանդութիւն տեղի կ՛ունենայ այս շէնքին մէջ կը գտնուի, վարժարանը պետականօրէն վաւերացուած է եւ եկեղեցւոյ ենթակայ չէ ուղղակիօրէն։ Յիշեալ երեք դպրոցներն ալ իրարմէ անկախ են եւ ունին համապատասխան ուսուցչական կազմ, աշակերտութիւն եւ տնօրէնութիւն: Ամէնօրեայի ուսուցիչները ոչ բոլորն են որ հայ են: Անոնք պէտք է լրացուցած ըլլան Նիւ-Եորք Նահանգի կրթականի պայմանները եւ համապատասխան վկայականով ներկայանան: Վարժարանն ալ հայերէն լեզուի ուսուցման զուգընթաց՝ պետականօրէն վաւերացուած նահանգային կրթական ծրագրին կը հետեւի:? Վարժարանը կը կրէ եկեղեցւոյ անունը, ազգային է բայց որեւէ կուսակցական պատկանելիութիւն չունի: Նիու-Եորքի մէջ ունինք երկու թեմեր, այս դպրոցը թէեւ անկախ՝ բայց պաշտօնապէս Էջմիածնական Արեւելեան թեմին կը պատկանի։ Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ պատկանող շէնքին դասարանները, սրահները կը գործածենք ամսական որոշ հատուցումով մը: Դպրոցը սկսած է գործել մանկապարտէզի գաղափարով, այդ օրերու եկեղեցւոյ հովիւին եւ ծխական խորհուրդին նախաձեռնութեամբ ? Վաթսունական թուականներուն ամէնօրեայ դպրոց ունենալու գաղափարը? ընդհանրապէս անհաւատալի էր, պարզապէս կրօնական դաստիարակութիւն ջամբելու, հայկական այբենարանը նոր սերունդին ծանօթացնելու փափաքը մղած է հայ համայնքին հիմնել միօրեայ կամ շաբաթօրեայ դպրոց։ Երբ քաղաքական պատճառներով Միջին Արեւելքէն հայութեան հոսքը դէպի Հիւսիսային Ամերիկա կը ծաւալի ու հետաքրքրութիւնը հանդէպ հայկական վարժարանի ու հայեցի դաստիարակութեան կը մեծնայ, քաջալերական առաջարկներ կ՛ըլլան, որոնց հիման վրայ որոշում կ՛առնուի Նիու Եորքի մէջ ալ հիմնել ամէնօրեայ դպրոց, որուն առաջին աշակերտները այս ընտանիքներուն զաւակներն էին: Այսպէսով Նիու Եորք քաղաքի առաջին ամէնօրեան հիմնուած է 1967-ին որպէս Հայ Պարտէզ։? Երկու տարիներ ետք մանկապարտէզի շրջանը բոլորող այս փոքրիկները կ՛անցնէին նախակրթարան։ Յաջորդաբար դասարաններ կը բացուէին, փոքրիկներուն յառաջխաղացումով դպրոցը կը կազմաւորուէր մինչեւ նախակրթարանի վեցերորդ դասարան։ 1979-ին վարժարանը Նիու Եորք Նահանգի կրթական նախարարութեան կողմէ կը վաւերացուի, որպէս արժանաւոր կրթական կեդրոն: 1982-ին նախակրթարանը կ՛ունենայ տասը ընթացաւարտ աշակերտներու իր առաջին հունձքը: Մեր վարժարանի մակարդակր միշտ եղած է յոյժ գոհացուցիչ, երբ կրթական նախարարութեան կողմէ ստուգումներ կատարուած են նահանգային առումով վարժարանը յաճախ գովասանագրի ալ արժանացած է եւ կատարեալ վստահութիւն շահած։


Վարժարանի աշակերտներուն ընդունման տարիք որոշուա՞ծ է։


Ընդհանրապէս երեք տարեկանին կ՛ընդունինք պզտիկները ծաղկոց-մանկամսուրի մէջ, անկէ փոքր տարիքին ընդունելու յարմարութիւն չունինք .. Ծաղկոցի? շրջանը մէկ կամ երկու տարի է, նայած թէ երեխան ո՞ր տարիքի յանձնուած է մեր խնամքին: Այս բաժնի մէջ մեր փոքրիկներուն թիւը կը հասնի 23-ի: Ըստ պետական ուղեցոյցի մանկապարտէզը կը սկսի հինգ տարեկանին: Իսկ նախակրթարանի առաջին դասարան ընդունման տարիքը վեց տարեկանն է։ Պէտք է ըսել որ, այս հանգրուանին է որ? մեր աշակերտներուն թիւը կը սկսի նուազիլ, որովհետեւ իւրաքանչիւր շրջանի մէջ ոչ միայն պետական ձրի դպրոցներ կան, այլ նախաճաշ եւ ճաշ ալ կը մատակարարեն հոն յաճախող փոքրիկներուն: Համեստ կարողութիւն ունեցող ծնողներուն համար որքան գրաւիչ է այս պարագան: Այնպէս որ մարտահրաւէրները մեծ են, պէտք է բոլոր այս դժուարութիւնները դիմագրաւել։
?
Ծնողները հայ ե՞ն ընդհանրապէս։


Մեծ մասամբ՝ այո, բայց ոչ բոլորը: Խառն ամուսնութիւններու արդիւնք զաւակներ ունինք, եւ բոլորովին ոչ հայ, այսինքն՝ երկու ծնողներն ալ հայութեան հետ կապ չունեցող ընտանիքի զաւակներ: Սակայն օտար մայրեր կան, որոնք մեր լեզուին, մեր մշակոյթին հանդէպ յատուկ յարգանք ունին, ինչպէս նաեւ երբեմն կը հանդիպինք հայ մայրերու, որոնք բոլորովին անտարբեր են։ Վերջերս երբ հարցախոյզի մը առիթով ծնողներուն հարց տրուած էր թէ ինչո՞ւ նախընտրած են այս վարժարանը ուղարկել իրենց փոքրիկները, ընդհանրապէս որպէս նախընտրութեան դրդապատճառ շեշտած են յատուկ ուշադրութիւնը ու հոգատարութիւնը:? Քիչերն են որ հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութիւնը առաջնահերթ պատճառը նշած են իրենց որոշումին: Այս միջավայրին առօրեայէն ելլելով նկատելի է, որ աստիճանաբար անձնասէր սկսած ենք դառնալ մեր մօտեցումներով, սակայն պէտք չէ մոռնալ նաեւ անոնց՝ որոնք ի գին ամէն զոհողութեան կը հաւատան, կը քաջալերեն եւ իրենց զաւակները կ՛արձանագրեն հայ դպրոց:
?
Անձնական բարերարներ նեցուկ կը կանգնի՞ն վարժարանի նիւթականը ապահովելու։


Այո, ունինք բարերարներու շարք մը որոնք մեր վարժարանի երեսնամեակի (1967-1997) նուիրուած գրքին մէջ նշուած են:? Ունինք նաեւ հիմնադրամ մը,որ հանգուցեալ Տիար Տատուր Տատուրեանի ջանքերով ծնունդ առած է: Այդ հիմնադրամին իր մասնակցութիւնը բերած է մէկ միլիոն ամերիկեանով ոչ-հայ ամերիկացի մը: Ժամանակին, այսինքն՝ 1988-էն առաջ ունեցած ենք մեծ թիւով բարերարներ, իսկ ներկայիս հայեացքները ուղղուած են դէպի Հայաստան, օժանդակութիւնները հոն կ՛ուղարկուին, ջնջին գումար մը կը տրուի մեզի: Գիտենք, որ Հայաստանի գիւղերը պէտք ունին այդ օգնութեան, բայց հոս ալ մեր դպրոցը նիւթական ներդրման կարիքը ունի գոյատեւելու, յատկապէս ապագային համար նուիրեալ ու նամանաւանդ՝ գիտակից հայեր պատրաստելու .. յաջորդող սերունդները որքանով հետաքրքրութիւն պիտի ցուցաբերեն դէպի հայրենիք, հայ լեզուն, մշակոյթը, եթէ այդ ոգին ա՛յսօր այս ափերուն մենք չկարենանք սերմանել հայ դպրոցի միջոցաւ։


Վարժարանի ծնունդէն ի վեր հոգաբարձութեան կողքին ունեցած ենք զանազան անուններ կրող հանգանակութեան յանձնախումբեր, որոնք ոգի ի բռին աշխատած են տարեկան պիւտճէն փակելու: Հոս պէտք է յատուկ երախտագիտութեամբ յիշեմ աւելի քան տասնամեակէ մը աւելի գործող ՍՆԱՎ-ի Բարեկամներու Յանձնախումբը – Friends of HMADS : Հայ դպրոցի, լեզուի ու մշակոյթի պահպանման համար աշխատող սրտցաւ տղաք են ասոնք, որ ի մի եկած են։ Անոնց մէջ են մեր շրջանաւարտներու ծնողներէն շատերը, նաեւ ուրիշներ՝ որոնց զաւակները մեր վարժարան չեն յաճախած բնաւ, սակայն կը հաւատան հայ դպրոցին կարեւորութեան, հետեւաբար տարեկան պարահանդէսով, մշակութային թէ ընկերային զանազան ձեռնարկներով նուիրահաւաքի աշխատանքներ կը տանին:?


Իւրաքանչիւր տարի քա՞նի շրջանաւարտ ունեցած էք։


Նայած .. ունեցած ենք 3 շրջանաւարտով աւարտական տարի եւ 5-6 ուսուցիչ .. եղած է նաեւ 10-12 շրջանաւարտներով աւարատական հանդէս: Առաւելագոյն թիւով հունձքը եղած է տասնըվեց շրջանաւարտներով..


Երկու տարի վերջ օրինակի համար 4 շրջանաւարտներով տարեշրջանը պիտի փակենք: Բայց ինչպէս կը նկատէք ուսուցիչները կը պահենք: Երբեմն նոյնիսկ շրջանաւարտ դասարանի ուսուցիչներուն թիւը աշակերտներէն աւելի է, հետեւաբար կրթաթոշակը բաւարար չէ դասարանին ծախսերը փակելու: Որքան ալ պիւտճէն վտանգի տակ է, յամառօրէն կը պահպանենք կացութիւնը շնորհիւ օրը- օրին տգնաջան աշխատող հանգանակութեան յանձնախումբին։ Կը կազմակերպենք նաեւ տարեվերջի հանդէսներ բաւական ճոխ յայտագրով, կը հրաւիրենք մեր համալսարանաւարտ շրջանաւարտները որպէս հիւր բանախօսներ։


Վարժարանի շրջանաւարտներուն մէջ կը գտնուի՞ն տղաք, որոնք պարտաւորութիւնը կը զգան օգնութեան ձեռք մեկնել դպրոցին։?


Ինչպէս յիշեցի 1982-ին առաջին շրջանաւարտներու խումբը ունեցած ենք, իսկ այս տարի մեր դպրոցի ընթացաւարտներու 26-րդ խմբակը անցաւ շրջանաւարտներու շարքին: Առաջին խմբակը ներկայիս մեծամասնութեամբ նոր համալսարանաւարտներ են, դոկտորականով զինուած, բժիշկ, դեղագործ, համակարգիչի մասնագէտ, դրամատուներու մէջ բարձր պաշտօնի հասած տղաք, որոնք տակաւ կը սկսին կերտել իրենց կեանքի ուղին: Անոնց մէջ բնական է օգտակար եղողներ կան: Եթէ անոնք տարբեր նահանգ չեն փոխադրուած ու քաղաքին մօտակայ տարածքին մէջ բնակութիւն հաստատած են, իրենց զաւակները մեր դպրոց կ՛ուղարկեն եւ ընդհանրապէս մեր շահը կ՛ըլլայ իրենց զաւակները՝ մեր վարժարանին թոռնիկները դիմաւորելը։ Ինչպէս յիշեցի շրջանաւարտներու ծնողներ կան, որոնք տակաւին գործօն մասնակցութիւն կը բերեն կարգ մը յանձնախումբերէ ներս: Օրինակ՝ մեր հոգաբարձութեան ներկայ ատենապետը շրջանաւարտի ծնողք է : Մեր շրջանաւարտներէն շատեր ալ յանձնախումբերու մէջ աշխատանք կը տանին, յօդուածներ կը գրեն, այսինքն բարոյապէս նեցուկ կը կանգնին զանազան հանգանակութեան յանձնախումբերու մաս կազմելով, ոչ միայն մեր վարժարանի յանձնախումբերէն ներս, այլ նաեւ՝ Հայ Ուսանողական Միութիւններէ, ՀԲԸՄ-ի, Համազգայինի, Թէքէեանի թատերական թէ մշակութային յանձնախումբերու մէջ:? Հոս պէտք է յիշեմ նաեւ, մեր վարժարանի պարբերաթերթ՝ ՍՆԱՎ-ի Տեղեկատուն, որ մօտ երկու տարի է պատկերազարդ ձեւով Վարժարանիս կայքէջին վրայ լոյս կը տեսնէ: Այս ալ ձեւով մը կապ հաստատելու եւ շրջանաւարտները ի մի խմբելու կը ծառայէ անշուշտ նաեւ ծանօթացնելու մեր ներկայ գործունէութիւը ու քայլ պահելու յառաջդիմութեան հետ։


Անպայման ունեցած էք արժանաւոր շրջանաւարտներ, անոնց մասին ի՞նչ կ՛ուզէք յիշել։


Այդպիսի տղաք միշտ եղած են, թէ՛ իրենց ծնողքը եւ թէ մեր վարժարանը հպարտութեամբ եւ լաւատեսութեամբ ներշնչելու: Միայն թէ այս նախակրթարանը աւարտելով մեր շրջանաւարտները ստիպուած են ոչ-հայկական վարժարաններու մէջ շարունակելու իրենց ուսման հետագայ տարիները:? Ընտանիքը մեծ դեր ունի զանոնք կապուած պահելու վարժարանին հետ: Ես չեմ կրնար ըսել, որ մեր շրջանաւարտները բոլորն ալ միեւնոյն աստիճանի հայկական շունչով տոգորուած են, բայց անոնց մէջ անպայման կը գտնուին արժանաւորներ։ Եղած են տղաք, որոնք փայլուն արդիւնքներ ունեցած են իրենց յաճախած երկրորդական վարժարանէն թէ համալսարանէն ներս: Երբեմն նոյնիսկ այդ վարժարաններու տնօրէնները ժամանակ տրամադրած ու շնորհակալական նամակ գրած են մեր վարժարանին ուղղուած, գնահատելով մեր աշխատանքը, որ կրցած ենք? լաւ պատրաստուած աշակերտներ հասցնել։? Այս մէկը անշուշտ մեզի բարոյական մեծ բաւարարութիւն կը պարգեւէ։


Դպրոցի հետ կապուած ի՞նչ ուրիշ հարցեր ունիք։


Հարցերը շատ են, օրինակ այս շէնքին պարագան. դասարանները նեղ տարածութիւն ունին: Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդը շէնքի բարելաւման մասին յատուկ ծրագրեր կը մշակէ, բայց միշտ ալ անբաւարար նիւթականը պատճառ կը դառնայ ծրագրի յետաձգման։ Հայ դպրոցի հետ կապուած լոզունքներ շատ կան .. մեր հոգեւորականներն ու ազգային հեղինակաւոր անձնաւորութիւնները, կամ ղեկավար դիրքի վրայ եղողները յատկապէս շատ կը խօսին այդ մասին: Երանի թէ խօսքէն աւելի գործնական գետնի վրայ աշխատանք տարուի եւ այս տեղքայլի վիճակէն առաջ անցնինք միասնաբար եւ ազգովի՛ն։ Օրինակ՝ ուսուցչական միութիւն չունինք, գէթ հայ մանկավարժները իրար կապելու, վերապատրաստման աշխատանքներու մղելու: Պոլսոյ մէջ հակառակ տիրող աննպաստ պայմաններուն այդ մէկը կայ։ Աւելի մեծ ցաւը՝ նոր ուսուցիչներ չեն պատրաստուիր, կամ քաջալերանք չկայ, որ նոր սերունդէն տղաք հայագիտականի? հետեւին, եթէ նեցուկ կանգնող անհատներ կամ միութիւններ գտնուէին, նիւթապէ՛ս օժանդակող, այս անել վիճակին լուծում կարելի էր գտնել։ Մեր նիւթական գնահատումը շատ համեստ է, ի՞նչպէս կրնաս այպանել մեր տղաքը երբ համապատասխան վկայական ստանալէ ետք կը նախընտրեն պետական վարժարաններու մէջ կրթական աշխատանքի անցնիլ, ուր շատ աւելի նպաստաւոր պայմաններ իրենց կը սպասեն.. ապահովագրութեան բոլոր տեսակները կը վայելեն։ Կեանքը աւելի բարւոք ապրելու իրաւունքն ու առաջնահերթութիւնը անհրաժեշտ է .. ի զուր չէ որ մեր հայ ուսուցիչներու կազմը արդէն կը նոսրանայ։


Այս մտահոգութիւնը կայ բոլոր գաղութներու մէջ, մարդուժ պատրաստելու մասին մտածելն ու իրագործելը անյետաձգելի հարց է, այս ուղղութեամբ դուք որոշ լուծում կրնա՞ք տալ։


Կարելի է լրջօրէն լուծման մասին մտածել, օրինակ հոս ունինք Ներսէս Շնորհալիի անուան կեդրոնը (St. Nersess Seminary), որ հոգեւորականներու պատրաստութեան յատուկ հաստատութիւն է Առաջնորդարանի հովանիին տակ: Հսկայ գումարներ կը յատկացուին այս հաստատութեան: Ի՞նչու այս հաստատութիւնը հայերէնի ուսուցման բաժանմունք չունենայ ու հոգեւորական պատրաստելու կողքին նաեւ պատրաստուին ուսուցիչներ:? Կամ գէթ իւրաքանչիւր հոգեւորական դառնալ փափաքող ուսանողին պայման դրուի մէկ տարի հայ վարժարանէ ներս դասաւանդել- (Student Teaching): Սերունդներ դաստիարակելու պատասխանատուութիւնը- հոգեւոր եւ ազգային? առումով- հո՛ս է որ կարելի է իրականացած տեսնել: Ինչո՞ւ հայերէն լեզուն խոցելի թերութեամբ կը գործածուի կարգ մը աւարտողներու բերնին մէջ իսկ:? Ես կը կարծեմ, որ լեզու մը կատարեալ պէտք է գործածել սորվիլ ազգային կեանքէն ներս որեւէ պատասխանատու պաշտօն ստանձնելէ առաջ:? Երբ հայերէն կը խօսուի պէտք է ըլլայ կատարեալ, երբ անգլերէն կը խօսուի նոյնպէս կատարեալ։ Վերջերս լուրերէն լսեցի որ ոչ-հայ? մեծահարուստ մը վարժարան մը հիմնած է ուր ձրի կ՛ընդունուին ի՛ր ազգին պատկանող ընտանիքներուն զաւակները: Միացեալ Նահանգներու մէջ մանաւանդ ունինք նման հայ մեծահարուստներ, որոնք կարողութիւնը ունին եթէ ոչ դպրոց, գէթ՝ ուսուցչանոց մը հովանաւորելու:??


Այս քաղաքին մէջ որպէս օտար դիտող նկատեցի, որ օտարազգի տեղացին՝ ըլլայ ան հրեայ կամ հնդիկ կամ չինացի կամ սպանացի, իր զաւակին հետ մայր լեզուով կը հաղորդակցի, իսկ հայերու պարագային՝ անշուշտ բացառութիւնները յարգելի են, անգլերէնն է գերիշխողը։


Այո, մենք հայերս շատ արագ կ՛ընտելանանք, աւելի ճիշտ կ՛ուզենք հաճոյանալ, բայց արդար ըլլալու համար պէտք է ըսել թէ այդ ձեր նշած բոլոր ազգութիւններն ալ իրենց ներքին ցաւերը ունին ձուլման վտանգին դէմ հանդիման:


Երբ Նիու-Եորք հաստատուեցանք մանկավարժութենէն տարբեր ճիւղի հետեւելու հեռանկար ունէի, մանկավարժութեան հետեւելու գաղափարը շաբաթօրեայ դպրոցի մէջ դասաւանդելու սկսելէս ետք է, որ ծնունդ առաւ ու իրագործուեցաւ:? Այս դպրոցէն հեռու շրջան մը կը բնակէինք, ուզեցի զաւակներս գոնէ շաբաթօրեայ դպրոց բերել, ինքնաշարժ չունէինք, չորս գնացք կը փոխէինք, իմ զաւակներս եւ բարեկամներուս երկու զաւակները միասին առած կ՛երթայի մինչեւ Ս. Վարդան- Մէնհէթըն:? Հինգ տարեկան մանչս, առտուն երբ կ՛արթննար կը հարցնէր, ո՞ր դպրոցը պիտի երթանք այսօր, մեզի պէս խօսողներուն թէ՞ միւսներուն։? Ըսել կ՛ուզեմ այն ատեն ըրածս զոհողութիւն էր, հիմա այդ զոհողութեան ոգին մեր վարժարանը յաճախող հայ աշակերտներու մայրերու մէջ կը տեսնեմ: Սակայն տոկոսային առումով նոյնը չեմ տեսներ ամէնուրեք:


Կեանքի պայմանները, հեւքը, նիւթական պարտաւորութիւնները կը ստիպեն, որ զոհողութեան ոգին աստիճանաբար տեղի տայ: Անոր համար ալ մենք աշակերտ կը կորսնցնենք։ Սկիզբը հարիւրաւոր աշակերտներ կը յաճախէին ըլլայ շաբաթօրեայ, կիրակնօրեայ թէ ամէնօրեայ մեր դպրոցները: Հիմա այս երեք դպրոցները յաճախողներուն թիւը աստիճանաբար նուազած է: Ազգովի՛ն պէտք է աշխատինք դարմանը գտնելու, եռանդը վառ պահելու, իրաւունք չունինք հոգեւոր եւ ազգային շունչին թթուածինը պակսեցնելու:???


Այսինքն ապագայի հանդէպ այնքան ալ լաւատես չենք կրնար ըլլալ։


Յոյսը չի մեռնիր, մեր նախնիներուն ապրելու կամքը եւ լաւատես ըլլալու ծիները ժառանգականութեան օրէնքով մեզի հասած են: Պէ՛տք է լաւատես ըլլալ…





Տիկ. Զարմինէի աչքերուն խորը յոյսի շողին հետ խառնուած տխրութիւն կը կարդամ … նայուածքս կը պտըտցնեմ շուրջս… փոքրիկ- կոկիկ հայկական կրթօճախ է այս շէնքը, պատերուն վրայ զետեղուած նկարները հայկականութիւն կը բուրեն, ուսուցչուհիները մեղուներու պարտաճանաչութեամբ կ՛աշխատին, դպրոցի ուսումնական կազմին մաս կազմող տիկին մը եկած է կամաւորաբար օժանդակելու, ան թուղթերը կը դասաւորէ ու կը ժպտայ գոհունակ…?


?Երկու շաբաթ ետք այս շէնքը պիտի խայտայ հայ փոքրիկներու ճռուողոյններով? կը մտածեմ դէպի ելքի դուռը ուղղուելով, պատին վրայ ժպտացող շրջանաւարտներու լուսանկարներ կան, կեանքով լեցուն աչուկներով… հրաժեշտի ժպիտս կը լայնայ, մինչ անհաճոյ մտածում մը ասուպային արագութեամբ կը տանջէ հոգիս։


?Հադիպած բոլոր հայ փոքրիկներուն նման ասոնք ալ հայերէն չե՞ն փափաքիր խօսիլ??


Թերեւս, բայց կրնա՛ն լաւ հայեր ըլլալ կը սփոփուիմ, կոկորդս կը սեղմուի…


Տիկ. Զարմինէի մտքի ու սրտի զրոյցը տարբեր խոհերու տուն տուած է նաեւ: ?Նուիրեալ հայ ուսուցիչներու կազմը արդէն կը նոսրանայ?: Սրբոց Նահատակաց եկեղեցիին առջեւ քայլերս կը դանդաղին, կը խաչակնքեմ ու ի սրտէ կը խնդրեմ բարձրեալէն, որ մեր վարժարաններն ու անոնց նուիրեալ կրթական մշակները անսասան պահէ։


Սեպտեմբեր 2008
Նիու-Եորք – Հալէպ


Սրբոց Նահատակաց Ազգային Վարժարանի կայքէջը
Holy Martyrs Armenian Day School (HMADS): www.hmads.org?


Լուսանկարներ՝


1, 2) Նախագահ Սերժ Սարգիսեանին այցը վարժարան՝ 2008-ի Սեպտեմբերին:


3) Հաւաքական լուսանկար Քաղաքապետարանի սանդուղներուն վրայ:







Holy Martyrs Armenian Day School (HMADS)Holy Martyrs Armenian Day School (HMADS)

  1. Thanks for posting Ms. Avedian's interview I hope it brings awareness to the importance of Armenian Education in Diaspora I would like to make a correction on one of the captions; The President was greeted at St. Vartan Cathedral Plaza – He did not visit the school. Thanks again to Ms. Avedian. Thanks to Azad-Hye for making it accessible to all interested. Zarmine Boghosian

Comments are closed.