Tekeyan Cultural Union’s Unity Camp 2010

Tekeyan Cultural Union’s Unity Camp 2010

This year coincides with the 55th anniversary of the Tekeyan Cultural Union in Aleppo.


The birth of this Union in Lebanon back in 1947 was pretty modest and unsightly. But thanks to the patriotic attitude and perseverance of the founders, it developed and spread its activities not only in the Diaspora but also in Armenia.


Along the way, the Tekeyan Union has always tried to instill the Armenian cultural values in the souls of its youth and worked hard into building a link between Armenia and the Diaspora.


One of its most important steps has been creating the scout movement, knowing the positive disciplinary effects it could have on the members. The first camping took place in 1978 in the Syrian village of Kessab, and since 33 years, the tradition still goes on.


This year again, the scouts headed for Kessab  for their annual camping, which  lasted from 21 ? 29 August 2010. It was organized by the Eugene Papazian club administrative members,  under the patronage of the Aleppo committee of the Tekeyan Cultural Union.


116 members got together from 4 different cities (Aleppo, Damascus, Amman and Beirut), they ate, played, danced, sang, attended lectures and prayed together and enjoyed every minute of every day. Harout Baghdasarian was responsible for the countless activities throughout the 8 camping days.


Besides the traditional camping activities, the organizers prepared a program that focused on national and humanitarian issues, which brings us to Saro Blkhian and his lecture about the Armenian issue and the Armenian-Turkish diplomatic protocols, a subject that everyone was interested in listening to.


The camp?s closing ceremony was on Sunday 29 August 2010. It started with a parade by the marching band, which was followed by a beautiful ceremony at the campsite. Later, the torch that was carrying the campfire was passed to the three regional administrative chairmen- Levon Blkian (Aleppo) Kevork Gonjian (Damascus) and Nerses Nersesian (Amman) in order to set on the 33rd campfire.


This camp was named ?Unity camp? because it combined scouts from all regions. They showed enthusiasm about working hand in hand and discussed future plans.


After the singing, playing, recitations and of course the Armenian folk dance, Nerses Nersesyan delivered the closing speech where he mentioned that he highly appreciates this 33 year-old camping tradition and its positive impact on the coming generations.


Then it was time to say goodbye. Everyone gathered around the campfire and sang the emotional farewell song holding hands together. The evening came to an end with a party in Al-Samra restaurant, where the Union?s newly formed pop band also participated.


We should mention that the Armenian Orthodox Church Primate of Damascus Diocese – His Eminency Archbishop Armash Nalbandian paid a visit to the camp on the last day.


Translated by Nanor Mikayelian


Photos: 1) Group photo 2) Archbishop Armash Nalbandian with the regional representatives of Tekeyan Cultural Union 3) Morning flag ceremony.






Original Armenian text is provided by ADLP Press.


ԹԷՔԷԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ?ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ? ԲԱՆԱԿՈՒՄԸ


Հալէպի Թէքէեան Մշակութային Միութեան 55 ամեակն է այս տարի:


Անշուք եւ համեստ էր մեր Մայր Միութեան ծնունդը 1947-ին Պէյրութի մէջ: Սակայն շնորհիւ հիմնադիրներու ազգային խոր գիտակցութեան, մտքի պայծառութեան եւ լուսաշող տեսլականին, ան ծիլեր արձակեց ու դալարագեղ ծառ դարձաւ եւ տարածեց իր գործունէութիւնը ոչ միայն սփիւռքահայութեան, այլ նաեւ մայր հայրենիքի մէջ:


Հայորդիներու սիրտերուն մէջ ան հրահարեց բարիի եւ գեղեցիկի սէրը եւ պանծացուց դարաւոր հայ մշակոյթի յաւերժական արժէքները: Հայ մշակոյթի ջահակրութիւնը ան տարաւ փառքով ու պատուով, դառնալով ոչ միայն մշակութանուէր ազդու գոյութիւն մը, այլեւ ու մանաւանդ, հայրենիք-սփիւռք կապերու շղթայ մը:


Ան հաւատարիմ եղած է իր գաղափարական պատկանելիութեան, անշեղ պահած է իր ուղեգիծը, շարունակելով իր վսեմ առաքելութիւնը հայկական գաղթօճախներուն մէջ, սակայն իր ակնարկը միշտ սեւեռած պահելով յաւերժական Արարատի ձիւնածածկ գագաթին:


Իր բազմաբնոյթ գործունէութեանց զուգահեռ, Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը միշտ ալ քաջալեր հանդիսացած է արիական շարժման, քաջ գիտակցելով անոր դաստիարակչական ու մտա-ֆիզիքական բարերար ներգործութեան երիտասարդական իր շարքերէն ներս ընդգրկուած անդամութեան վրայ:


1978-ին մեկնարկ ստացած է Հալէպի Թէքէեան Մշակութային Միութեան անդրանիկ բանակումը Քեսապի մէջ, եւ ահա 33 տարիներէ ի վեր գեղեցիկ աւանդոյթը կը շարունակուի ամենամեայ դրութեամբ եւ կանոնաւորութեամբ:


Այս տարի եւս, միութեան վերակազմաւորուած ու նոր զարթօնք ապրող Կրտսերաց Շարժումի կրտսերները, միութեան արիները, երէցներն ու պարմանները, իրենց տարեկան բանակումը կատարեցին Քեսապի Սկիւրան գիւղին մէջ 21-29 Օգոստոս ժամանակահատուածին: Սոյն բանակումը կազմակերպուած էր Էօժէն Բաբազեան Ակումբի Վարչութեան կողմէ եւ կը վայելէր հովանաւորութիւնը Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հալէպի Շրջանային Վարչութեան:


Բանակումի ընդհանուր պատասխանատուն էր Ընկ. Յարութ Պաղտասարեանը, որ ձեռնհասօրէն կատարեց իրեն վստահուած դժուարին առաքելութիւնը:


Հալէպէն, Դամասկոսէն, Ամմանէն ու Պէյրութէն 116 բանակողներու մասնակցութեամբ, 21 Օգոստոսին բանակումը մեկնարկ ստացաւ խմբապետութեան կողմէ պատրաստուած ծրագիրով, որ իրագործուեցաւ ամենայն բծախնդրութեամբ:


Առաւօտեան մարզանքները, դրօշակի արարողութիւնները, տեղի ունեցած դասախօսութիւնները, չարքաշ խաղերը, հետախուզական արշաւները, գիշերային գործունէութիւններն ու հարց-պատասխանները, արիներուն հոգեհարազատ թուացող զրոյցի նիւթերը, հաւաքական աշխատանքները, մինչեւ իսկ նախքան ճաշելը բարձրաձայն աղօթելը, մէկ սեղանի շուրջ սեղանակիցներ դառնալը, իւրաքանչիւրը իր համն ու հոտը ունէր:


Դաստիարակչական ծրագիրը կեդրոնացած էր արիական, ազգային եւ համամարդկային նիւթերու վրայ: Այս կապակցութեամբ խիստ գնահատելի եւ ուսանելի էր Թէքէեան Մշակութային Միութեան ջերմ բարեկամ Տիար Սարօ Պըլխեանի մատուցած դասախօսութիւնը որուն ընթացքին ան խօսեցաւ Արեւելեան Հարցի, Հայկական Հարցի և Հայ-Թուրք դիւանագիտական փրոթոքոլներու մասին:


Գնահատելի էր միութեան վերակազմաւորուած ու առողջ ծրագրաւորումով գործող կրտսերաց Շարժումի կրտսերներու գործունէութիւններն ու մասնակցութիւնը բանակումին, իրենց պատասխանատու դաստիարակ՝ Տիկ. Սիլվա Տէլիքտիրեան-Օհանեանի առաջնորդութեամբ:


Բանակումի եզրափակիչ խարուկահանդէսը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 29 Օգոստոս 2010-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին: Ան մեկնարկ ստացաւ կշռութաւոր երաժշտութեան ներքեւ, բոլոր արիներու կողմէ կատարուած տողանցքով մը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ վերջին դրօշակի արարողութիւնը, երբ դրօշակը իջեցնելու պատիւին արժանացան տիպար արիներ Արտաշէս Չոքարեան, Էտի Ոսկերիչեան եւ Նայիրի Օհանեան:


Խարուկահանդէսի մայր ջահի ջահակրութեան պատիւին արժանացաւ օրինակելի արի Ռաֆֆի Պագգալը, որուն ջահէն բոցավառուեցան 12 ջահեր, որոնք գեղեցիկ ու տպաւորիչ կենդանի պատկերով մը մարմնացուցին Ծիծեռնակաբերդի Մեծ Եղեռնի յուշահամալիրը: Ապա ?Միասնականութեան? ջահը փոխանցուեցաւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Արարողութիւնը շրջանակներու Շրջանային Վարչութեանց ատենապետներ՝ Ընկ. Լեւոն Պլըգեանին (Հալէպ), Ընկ. Գէորգ Կէօնճեանին (Դամասկոս) եւ Ընկ. Ներէսէս Ներսէսեանին (Ամման), որպէսզի բոցավառեն Թէքէեան Մշակութային Միութեան ?Միասնականութիւն? անունը կրող 33-րդ բանակումի խարուկահանդէսի խարոյկը:


Այո, ?Միասնականութիւն? անուամբ մկրտուեցաւ այս բանակումը, որովհետեւ երեք շրջանակներուն մօտ ալ առկայ է միասնաբար գործելու բարձր տրամադրութիւնն ու ցանկութիւնը, որուն խօսուն ապացոյցն էր խարուկահանդէսի նախօրէին երեք Շրջանային Վարչութեանց ներկայացուցիչներու միջեւ գումարուած ժողովը, ուր քննարկուեցան ապագայ միասնական նախաձեռնութիւններու ու շրջանային տարողութեամբ իրագործելի ձեռնարկներու հետ առնչուող հարցերը, եւ հիմերը դրուեցան սերտ ու ողջունելի համագործակցութեամբ կառուցելի մշակութային ովասիսի մը, որուն բարիքները պիտի վայելէն վերոյիշեալ հայահոծ զանգուածները:


Խարուկահանդէսի Հայերէն լեզուով բացման խօսքը կատարեց Ընկերուհի Սօսի Պըլխեանը, իսկ արաբերէն լեզուովը Օշին Մանուկեանը (Պէյրութ):


Յայտագիրը կ'ընդգրկէր հայկական նազ ու ուրախ պարեր, եւրոպական պար կրտսերներու կատարմամբ, ասմունք (Վանա Օհանեան), երկու զաւեշտներ ?21-րդ դարու Ախթամարը? եւ ?Հարսս չլսէ?, կիթառի ընկերակցութեամբ երգեր (Նաթալի եւ Սէրլի Սանճեաններ-Ամմանէն), կրտսերներու կողմէ խմբային ասմունք եւ ապա եզրափակիչ հայկական պար մը:


Վերոյիշեալ յայտագիրի գործադրութեան ընթացքին հնչեցին եւ արտասանուեցան ողջոյնի եւ սրտի խօսքեր: Լիբանանի Շրջանակի խօսքը արտասանեց արի Օշին Մանուկեան, Յորդանանի Շրջանակի խօսքը՝ Ընկերուհի Լիլիթ Մելքոնեան, Հալէպի Շրջանային Վարչութեան խօսքը՝ Ընկ. Արմէն Չալեան, Ամմանի Վահան Թէքէեան Ակումբի խօսքը՝ Ընկերուհի Մարալ Ներսէսեան:


Ապա պատկառելի Կեդրոնական Վարչութեան խօսքը արտասանեց Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ընկ. Ներսէս Ներսէսեանը, որ փոխանցելէ ետք ղեկավար գերագոյն մարմնի սրտագին ողջոյնները, բարձրօրէն գնահատեց գօտեպնդիչ այն իրողութիւնը որ ?Հալէպի յաջորդական Շրջանային Վարչութիւնները, աւելի քան կէս դարէ ի վեր, իրենց ազգանուէր եւ կուսակցանուէր սկզբունքներուն եւ գաղափարախօսութեան հաւատարիմ, առաջնորդող դեր ունեցած են Հայրենիքի եւ Սփիւռքի, եւ ի մասնաւորի Հայրենիքի եւ Մերձաւոր Արեւելքի միջեւ հոգեկան կամուրջը անսասան պահելու սրբազան պարտականութեան ի խնդիր?: Ընկ. Ներսէսեան ապա գովեստով արտայայտուեցաւ 33 անընդմէջ տարիներէ ի վեր մեծ յաջողութեամբ կազմակերպուող այս մասին, նկատի ունենալով որ ան կարեւոր օղակ մը կը հանդիսանայ մեր նոր սերունդը ազգային գաղափարանուէր դաստիարակութեամբ օժտելու նախանձախնդրութեամբ ծրագրուած եւ ի գործ դրուած գործունէութիւններու շղթային մէջ:


Խօսքերու բաժինը աւարտեցաւ բանակումի ընդհանուր պատասխանատու Ընկ. Յարութ Պաղտասարեանի ոգեշունչ ելոյթով:


Խարուկահանդէսը իր լրումին հասաւ, բոլոր բանակողներու ճարճատող խարոյկին շուրջ, տպաւորիչ ու յուզիչ ?Ցտեսութիւն? երգի կատարողութեամբ, յաջորդ տարի անգամ մը եւս հաւաքուելու ու հանդիպելու խոստումով:


Յուզիչ էր Թէքէեանական բանակողներու գրկախառնուիլը իրենց երէց պատասխանատու Ընկեր-Ընկերուհիներուն հետ, հիւրերուն եւ իւրաքանչիւր շրջանակի միութենականներու ողջագուրումը իրար հետ, որ անկասկած լաւագոյն արտայայտութիւնն ու դրսեւորումն էր ողջ Թէքէեան Մեծ Ընտանիքին մէջ տիրող սիրոյ, համերաշխութեան եւ առողջ մթնոլորտին ու մէկ բռունցք ու ոգի արտայայտող աննկուն կամքին:


Խարուկահանդէսի ուրախ եւ հաճելի մթնոլորտը շարունակուեցաւ Քէսապի ?Սամրա? ճաշարանէն ներս տեղի ունեցած պարահանդէսով մը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ Միութեան նորակազմ էսդրատային նուգախումբը:


Կարեւորութեամբ հարկ է յիշատակել թէ Հայց. Առաքելական եկեղցւոյ Դամասկոսի Թեմի Առաջնորդ Գեր. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեան, յատուկ ուղեւորութեամբ մը, բանակումի վերջին օրը այցելեց բանակավայր:


Աղբիւր՝ ՌԱԿ Մամուլ (Պ.Պ.)