
Summary: Dikran Kapoyan analyzes the challenges the Republic of Armenia faces and concludes that Diaspora is the natural ally of Armenia. According to him, Diaspora needs to get organized before being able to support Armenia at full strength. Organizing Diaspora is a difficult task. Traditional Armenian parties, Armenian religious denominations and all Diaspora individuals should understand that time is not in our favor if we do not regroup.
Ո՞վ շահագրգռուած է Հայաստանի Հանրապետութիւնով
Տիգրան Գաբոյեան?
Անզէն աչքով ալ կարելի է նկատել թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը (ՀՀ) կը գտնուի իր համար անբարենպաստ աշխարհաքաղաքական շրջանի մը մէջ: ՀՀի անկախութենէն իվեր հայ քաղաքական միտքին ու կարողականութեան յառաջ՝ դրուած էր այս իրականութիւնը շրջելու կամ նուազագոյնը բարեփոխելու մարտահրաւէրը: Նոյն պարզ տեսաբանութեամբ յստակ էր թէ ՀՀն կարիքը ունէր յաւելեալ տարածքներու, որպէսզի ձեռք բերեր ռազմավարական լծակներ ու վերածուեր շրջանային ուժի (հոս ակամայ կ՝առարկայանայ Հայ ժողովուրդի ազատագրած որեւէ թիզ հող չզիջելու հարցը, նոյնիսկ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան տարածքներէն դուրս):
ՀՀի դրացի երկիրներէն գոնէ երեքը սկիզբէն իրենց ռազմավարութեան մէջ ընդգրկած էին Հայաստանը վերջնականապէս տրորելու նպատակը. Ատրպեճանն ու Թուրքիան ?մէկ ազգ երկու պետութեան մէջ? իսկ Վրաստանը անուղղակի միանալով այդ առանցքին: Պարսկաստանի եւ ՀՀի յարաբերութիւնները չէին կրնար սեպուիլ? գեր-ռազմավարական ու համապարփակ, մեկնած ինքին Պարսկաստանի միջազգային ու մանաւանդ տարածքաշրջանային միակողմանի ուժ չըլլալու հանգամանքէն: ՀՀի անկախութենէն ցայսօր՝ ատելութիւնն ու անհանդուրժողութիւնը ՀՀի հանդէպ աննախադէպօրէն աճ արձանագրած է ու տարածքաշրջանի? ներկայ իրավիճակը արդէն սահմանափակած ՀՀին ամբողջացնող քաղաքականութիւն վարելու հնարաւորութիւնները եւ անոր պարտադրած միակողմանի, ծայրահեղ ընտրանքներ: Պահ մը այն տպաւորութիւնը կը յառաջանայ թէ ոչ մէկը շահագրգռուած է ՀՀով եւ ան միջազգային ու տարածքաշրջանային իրական ու վստահելի աջակիցներ չունի, ոչ պետական, ոչ ալ ժողովրդային մակարդակներով: Քաղաքական պայծառատեսութեան կարիքը չկայ տեսնելու համար՝ Միացեալ նահանգներու կամ Եւրոպական միութեան մը անտարբեր ու անհաղորդ վերաբերմունքը ՀՀին հանդէպ: Անոնց ծրագիրներուն մէջ ՀՀն իր դիրքերը միշտ զիչած է Թուրքիոյ կամ Ատրպեճանին կամ լաւագոյն պարագային Վրաստանին: ՀՀին միակ դաշնակից համարուող Ռուսաստանը նոյնիսկ, ?ընդունուած կարգով?, յաճախ իր կամակատարումներուն մէջ ամէնաշատը վնասող եղած է ՀՀին քան անոր դրացիներուն:
Աշխարհագրական դիրքի կողքին, ՀՀի տկարութեան հիմնական պատճառներէն են՝ ժողովրդագրական վտիտ պատկերը եւ փտածութիւնն ու անժողովրդավար համակարգը. վերջին երկուքը ինչքան ալ կործանիչ ըլլան Հայաստանի պայմաններով երկրի մը համար, երբեմն տեղ մը կրնան համարուիլ ենթակայական պատճառներ, նկատի առած պատերազմային ու շրջափակութեան չանցողիկ իրավիճակը: Ինչքան ալ ՀՀն մեկուսացած, մինակ ու խաբուած ըլլայ, հակադարձաբար՝ ընկերային? եւ քաղաքա-հոգեբանական ու իրաւական դրուածքներով ան աւելի հզօր է քան իր դրացիները, միաժամանակ ան աւելի ներուժը ունի զարգացման քան բոլոր իր հակառակորդները: ՀՀի առաջին իշխանութեան օրոք կար տեսութիւն մը որ կ՝ըսէր՝ թէ ՀՀի պաշտպանուածութիւնը իր անպաշտպանուածութեան մէջ է, բայց միջազգային յարաբերութիւններու ներկայ զարգացումները (երբ բեւեռներու վերադասաւորումներով՝ փոքր ուժերուն? կ՝ընծայուի գաղտագողի առիթներ զինուելու) եւ մասնաւորաբար Միջին արեւելքի ու Անդրկովկասի հակասական ու սուր բախումները նկատի առնելով, կրնանք եզրակացնել, որ? ՀՀի պաշպանուածութիւնը չէ երաշխաւորուած ոչ մէկ գործօնով: Պարզուած տժգոյն խորապատկերին վրայ Հայաստանի ուժականութեան աղբիւրը ի սկբանէ՝ առաւելաբար իր գիտա-մտաւոր կարողութեան եւ հայկական Սփիւռքին մէջ կը կայանար: Գիտա-մտաւոր կարողութիւնը ցարդ մեծ նուաճումներ չէ ապահոված ՀՀին, ինչը կ՝առաջադրէ լուրջ վերադասաւորումներու անհրաժեշտութինը: Սփիւռքը իր կարգին հրաշքներ չէր կրնար գործել առաջին օրէն (ՀՀի պիւտճէն հասցնելով նուազագոյն 10 միլիառ տոլարի սահմանին), բայց ճիշտ այստեղ է ուր Սփիւռքի լոպիիստական, քաղաքական ու ֆինանսական աջակցութեան աւելի մեծ հանգրուան նուաճելու յոյժ կարեւորութիւնը ի յայտ կուգայ:
ԳԵՐ-ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ Սփիւռք մը ամենամեծ ուժն է ներկայ պայմաններուն մէջ գտնուող Հայաստանի մը համար ու բնականաբար Սփիւռքը ինքնըստինքեան, իր ջանքերով պէտք է հասնի կազմակերպչական այդ? մեծ մակարդակին՝ Հայաստանի հովանաւորութեամբ, նոյնիսկ եթէ այդ հովանաւորութիւնը ըլլայ խորհրդակցական կամ համադրողական: Կեդրոնանալով այս կէտին վրայ պէտք է յիշել թէ Սփիւռքի նախարարութեան կատարած գործը գնահատելի է, բայց ինք իր մէջ Սփիւռքը պէտք ունի նոր վերադասաւորման ու նորութիւն յայտնած չենք ըլլալ երբ ակնարկենք սփիւռքեան գերագոյն մարմին մը ստեղծելու կարեւորութեանը (շատեր զայն կ՝անուանեն սփիւռքեան Քոնկրէս): Արդի ժամանակները կը պահանջեն այդ մէկը, քանի հայկական Սփիւռքը նոր ձեւային ու խորքային խմորումներու մէջ է, որոնցմէ պէտք է առաւելագոյնը քաղել վասն ՀՀի զարգացման եւ հայ դատի նոր յաղթանակներու կերտման: Հայ իրականութեան մէջ նոր զանգուածներու ընդգրկումը, ստուար չափով անհատ մտաւորականութեան փոխ-համարկումն ու այդ փոխ-համարկումէն ծնած հայ մտաւոր ներուժի առաւելագոյն գործուղումը դէպի հայկական հարցեր՝ յոյժ կարեւոր խնդիրներ են, որոնք Սփիւռքի երեք յարաւանութիւններուն ու չորս մեծ կազմակերպութիւններուն միացեալ ու նպատակասլաց աշխատանքով կը կատարուին: Հայ աւանդական երեք կուսակցութիւններն ու ՀԲԸՄը պէտք չէ սփիւռքեան գերագոյն մարմնի յառաջացման մէջ տեսնեն իրենց գործունէութեան դաշտի սահմանափակում, այլ բուն համահայկական հասկացողութեան մարմնաւորման պարարտ հող պէտք է համարեն այդ մէկը, քանզի ակամայ՝ ապագային բոլոր մեծ ու փոքր հայկական կազմակերպութիւնները (յատկապէս Սփիւռքի մէջ), որոնք? ինքնամփոփ են ու նուազագոյն չափով չեն համարկուած համահայկականութեան մէջ, ամլացում պիտի ապրին ու պիտի կորսնցնեն իրենց նպատակասլացութիւնը:
Սփիւռքեան գերագոյն մարմնի յառաջացման մեքանիզմին ու կառուցուածքին շուրջ գրուած է յաճախ, միայն կ՛արժէ ընդգծել թէ ենթադրեալ այդ մարմինի յառաջացման պարագային, անոր գլխաւոր առաքելութիւններէն պէտք է ըլլայ՝ մինչեւ հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակ, պատրաստել պահանջատիրութեան անբողջական թղթածրարը եւ այդ թղթածրարէն բխած առաջադրանքները գործընթացքի մէջ դնել (հոս անյետաձգելիօրէն կը պարզուի ամենակարեւորը՝ հայ ժողովուրդի ժողովրդագրական պատկերի ու քանակի շատացման առաջադրանքը, նամանաւանդ Հայաստանի մէջ):
Հայ մօտակայ քաղաքական փորձէն ելած կրնանք եզրակացնել թէ բոլոր հայկական յաղթանակները ձեռք բերուած են համահայկական մեծ աշխատանքով: Հայ ժողովուրդի քաղաքական ու ընկերային պայմանները՝ մեծ Սփիւռք ու տեւական թշնամիներով շրջապատուած հայրենիք, կը հաստատեն? թէ համահայկականութեան կարիքը անժամանցելի է, նոյնինքն ազգային անվտանգութեան հայեցակարգով (անկախ ՀՀի ժողովրդավարական աստիճանէն կամ ամէնայն անաչառ ընտրութիւններու արդիւնքներէն), այդ ամէնօրեայ կարիքին պէտք է գիտակցին բոլոր հայ ուժերը եւ ըստ այնմ գործեն: Հայ իրականութիւնը իր բոլոր յուսալի ու պտղաբեր այլազանութեամբ ժամանակ վատնողի դերին մէջ կ՝ըլլայ եթէ չգործէ համահայկական չափանիշներով կամ եթէ որեւէ հայկական կողմ մենաշնորհային ու հնամենի գործելաոճով առաջնորդուի: Համահայկական չափանիշները կարճ համարդրութեամբ՝ հայ դատի պայքարն ու ՀՀի պետականութեան հզօրացման գործունէութիւնն են (այստեղ կարելի է անդրադառնալ ?Հայաստան? հիմնադրամի օրինակին):
Ներկայ համաշխարհային պայմանները կ՝ընձեռնեն այն բացառիկ առիթը՝ համահայկական իսկական ու արդար համակարգ ստեղծելու, ինչը կրնայ ճանբայ հարթել ՀՀի լիակատար ժողովրդականացման (յիշեցնելով թէ ժողովրդականացումն ու պետականութեան վերջնական կայացումը փոխ-կապակցուած արժէքներ են ու ժամանակային առումով իրար լրացնող են, ոչ իրար կանխող կամ յաջորդող): ՀՀի պետականութեան հզօրացման կարեւորագոյն ազդակ կրնայ հանդիսանալ սփիւռքեան համընդհանուր ներկայացուցչական մարմին մը, իսկ Սփիւռքի լիարժէք կազմակերպմամբ՝ հնարաւորութիւնը կ՝ընձեռնուի միջազգայինօրէն ճանչցուած եւ մեծ ազդեցութիւն բանեցնող իրաւատիրական կառոյց ունենալու:
Իրականութիւն համարելով հանդերձ Հայաստանի հանդէպ միջազգային անտարբերութիւնը եւ այդ անտարբերութենէն դաս չքաղած հայ քաղաքական դաշտի քաշքշուքները, ժամանակը հասած է հիմնակէտ ունենալ կատարելագործուած եւ ինքնավստահ Սփիւռքի յառաջացումը:
Հայաստանի գեր-հզօրացումը սկիզբ կ՝առնէ Սփիւռքի ամբողջական կազմակերպումէն ու այդ կազմակերպումէն բխած անբողջական ու միահամուռ սփիւռքեան ներդրումէն: Հայաստանի ուժը Սփիւռքն է. հասունցած է պահը համահայկականութեան կարողութեան հանդէպ տածած՝ հայ ժողովուրդի բաղձալի հաւատքն ու սպասելիքները իրականացնելու:
Սփյուռքը պետք է կազմակերպել որ նա կարողանա բացահայտել իրեն որպես ուժ ներսում, քանի որ մշակույթներ որտեղ եք ապրում ձեզ մղում է մոռանալ անցյալը, հատկապես լեզուն: