• Home
  • About
  • YouTube
  • Contact
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Յարդը գնում է, ցորենն է մնում…

May 19, 2011
A+ A-
Email Print
<FONT face=Sylfaen>Յարդը գնում է, ցորենն է մնում…</FONT>

Antranik AshdjianIn this article published in Artsakank on 13 May 2011 Arto Tavitian accuses Antranik Ashdjian (candidate for the position of the Representative of Armenian Religious Group in the Cyprus House of Representatives) for being unrealistic. “You are referring to your old friends in sarcasm and you express regret that they have turned their backs on you. You have first turned your back on your old friends and your old party first… for the sake of securing a seat. If you are talking about your departure from Dashnaktsutyun as a praise-worthy act, why you will expect support from your old friends?”, he asks.


Tavitian accuses Ashdjian for misrepresenting the Armenian reality and depicting it as a divided one, while in fact, the community has never been in harmony as today. “It was the most peaceful five-year term in the history of the community”, he emphasizes.
He accuses Ashdjian for being influenced by people in his surrounding “who have not get rid of anti-Dashnak propaganda of Soviet times”. Amongst others, Ashdjian is supported by Hunchak party. 


Գրեց՝ Արթօ Դաւիթեան


Սիրելի Անդրանիկ,


Եղած ենք երկար տարիներու գործակիցներ, ընկերներ եւ բաւական մօտէն ճանչցած իրար։ Միշտ գնահատած եմ արժանիքներդ եւ հարկ եղած պարագային չեմ վարանած անկեղծօրէն արտայայտուելու զանազան հարցերու մասին, նոյնիսկ՝ անձնական։


Համայնքի ներկայացուցիչի պաշտօնին տիրանալու բուռն փափաքդ շատոնց յայտնի էր եւ թեկնածութիւն դնելուդ պարագան բնաւ չզարմացուց զիս։ Զարմացուցին եւ նեղացուցին սակայն կարգ մը արտայայտութիւններդ, որոնք ի յայտ եկան ընտրապայքարի ընթացքին։ Պիտի անդրադառնամ անոնցմէ մի քանիին, որոնք արդացի ?Ազատ Ձայն?ի հարցազրոյցիդ մէջ։


?Պարզապէս Լաւագոյնը?


2005-ին Դաշնակցութիւնը առաջադրեց թեկնածութիւնդ եւ ոգի ի բռին աշխատեցաւ իր թեկնածու ընկերոջ յաղթանակին համար։ Այո՛, այդ ատեն ?Պարզապէս Լաւագոյնը? էիր, բաղդատմամբ ա՛յդ ատենուայ մրցակիցիդ հետ, որ կ'երեւի ներկայիս ինք ալ համակերպած է այդ իրողութեան։ Այդ ընտրութիւններուն ապահովեցինք քուէներուն 44 առ հարիւրը, մեր դէմ ունենալով այն բոլոր ?Ճակատ?ներն ու ?Շարժումներ?ը, որոնք հիմա գրկեր են քեզ, որպէս ?երկինքէն ինկած մանանայ?։


?Պայքարիլ ու այրիլ??


Կ'ըսես, որ Դաշնակցութիւնը 2005-ին քեզի քաջալերեց, որ ?պայքարիս ու այրիս?? Այս ի՞նչ առասպել է, սիրելի Անդրանիկ։ Երբ այդ ատեն Դաշնակցութիւնը թեկնածութիւնդ առաջադրեց, կարծեմ զօռով ու պարտադրանքով չէր, որ ենթարկուեցար այս որոշումին, այլ ընտրապայքարի իջնելու տենդը արդէն վարակած էր քեզ։ Սակայն իրականութեան մէջ հիմա՛ է, որ պիտի այրիս։ Յիշեցնեմ՝ երբ անցեալ աշնան բոլոր ճակատ-մակատներուն հետ բանակցելէ ետք բարեհաճեցար Դաշնակցութեան կոմիտէին հետ ալ հանդիպում ունենալ, քեզի ըսուեցաւ ?Անդրանիկ մի՛ իջներ, որովհետեւ չենք ուզեր, որ այրիս?։


?Բարոյականութիւն?


Հարցադրող ու պատասխանող միասին կ'ընդվզիք, որ ?բարոյական? բառը գործածուած է ՀՅԴ Ներկայացուցիչին կողմէ։ Ես ալ իմ կարգիս հարց տամ։ Ո՞րքան բարոյական կը գտնես մէկու մը արարքը, որ իր պատւոյն վրայ, նոյնիսկ կեանքին գնով հայրենիքին ծառայելու եւ կազմակերպութեան մը կանոններուն ենթարկուելու հանդիսաւոր երդում տալէ ետք, գեղեցիկ օր մը կ'որոշէ հրաժարական ներկայացնել, օտարածին գաղտնի ուխտի մը անդամագրուելու պատճառաբանութեամբ։ Անշուշտ ամէն մարդ ազատ է ուզածը ընելու, սակայն կ'ենթադրուի, որ գաղութ կառավարելու ելած հասուն եւ ուսեալ երիտասարդ մը այս բոլորը նախապէս մտածած կ'ըլլայ, եւ պարագաներու բերմամբ իր համոզումները չի փոխեր եւ երդումին չի դաւաճաներ։


?Հին Ընկերներ?


Հեգնանքով կ'արտայայտուիս հին ընկերներուդ մասին եւ կ'ափսոսաս, որ անոնք կռնակ դարձուցեր են քեզի։ Բայց? Ո՞վ առաջ կռնակ դարձուց իր ընկերներուն եւ կուսակցութեան? աթոռի մը ետեւէն վազելու համար։ Այսօր, երբ դուն որպէս բարենիշ կը ներկայացնես Դաշնակցութենէն հրաժարած ըլլալդ, ալ ինչու՞ հին ընկերներէդ զօրակցութիւն կ'ակնկալես։


?Համերաշխութիւն, Միասնութիւն?


Շատեր շահագործեր են այս խեղճ բառերը, հիմայ ալ դուն սկսեր ես զանոնք ծամել-ծամծըմելու։ Հարցազրոյցին մէջ երկուքով միասին կ'ահազանգեք, թէ գաղութին մէջ անմիաբանութիւն կը տիրէ, համերաշխութիւն չկայ։ Ո՞ր գաղութին մասին կը խօսիք բարեկամներ։ Կիպրահայութիւնը իր պատմութեան ամենահամերաշխ ու խաղաղ հնգամեակը բոլորած է եւ նպատակ չունի հին օրերու անիմաստ պայքարներուն վերադառնալու։


Ինչ կը վերաբերի Դաշնակցութեան, հին բարքերու էջը ան շատոնց դարձուած է եւ մենք օրն ի բուն ?ընտրապայքարով?, ?սպառնալիքներով?, ?սարսափով? ու ?բամբասանքներով? չէ որ կը զբաղինք ինչպէս կը պնդես, այլ պարախումբով, թատերախումբով, մամուլով, կայքէջով, Հայ Դատի աշխատանքներով, բարեսիրական ձեռնարկներով եւ մարզական խաղերով կը զբաղինք, ինչպէս կը վկայեն վերջին ամիսներու մեր միջոցառումները։


Կը հասկնամ՝ ընտրապայքարի իջած ես եւ յաջողելու յոյս ունենալու համար պէտք է վերակենդանացնես հին վէճերը, ոխերը եւ ?ճակատ?ները, պէտք է ցոյց տաս որ կողմերուն միջեւ անհանդուրժողութիւն կը տիրէ, որպէսզի կարենաս յայտարարել՝ ?Ե՜ս պիտի միացնեմ??։


?Անկա՜խ թեկնածու?


Երբ Վարդգէս Մահտեսեան իր թեկնածութիւնը կը յայտարարէ ու Դաշնակցութիւնը անոր կը զօրակցի, զայն անմիջապէս դաշնակցական կը մկրտէք։ Երբ Անդրանիկ Աշճեան իր թեկնածութիւնը կը յայտարարէ եւ Հնչակեան Կուսակցութիւնը անոր կը զօրակցի, ան կ'ըլլայ ?Անկա՜խ?։ Չեղաւ։ Ինչո՞ւ որպէս թերութիւն կը ներկայացնես Դաշակցութեան զօրակցութիւնը վայելելը։


Այո, շրջապատիդ մէջ հիմայ կան այնպիսի անձեր, որոնց մտքերը դեռ չեն ձերբազատուած Դաշնակցութեան նկատմամբ սովետական քարոզչութենէն։ Անոնց համար մահացու մեղք է Դաշնակցութեան հետ որեւէ գործակցութիւն եւ ցաւալի է, որ դուն ալ համակերպեր ես այդ մտայնութեան։
Ափսոս?


?Ազատ Ձայն?ի հարցազրոյցիդ մէջ՝ կիպրահայութեան ներկայ վիճակին մասին ներկայացուցած պատկերդ իրականութեան չի համապատասխաներ եւ ընթերցողը մոլորեցնելու կը միտի։ Պէտք չէ մոլորեցնել, նամանաւանդ՝ մոլորիլ։


Մեր համբերութիւնը երկար է ու աշխատելու եռանդը՝ անսպառ։ Յաղթահարելով դժուարութիւնները, անտեսելով արուեստական իրարանցումները, պիտի շարունակենք մեր երթը վստահ ըլլալով, որ ճշմարտութիւնը կը յաղթանակէ։


Եւ Մայիս 22-ին ճշմարտութիւնը անպայման պիտի յաղթանակէ։


Source: Artsakank, 13 May 2011
http://artsakank.com.cy/am/news/gibrahay/2011/arte-knovm-tsorenn-mnovm


Photo: Antranik Ashdjian, candidate for the position of the Representative of Armenian Religious Group in the Cyprus House of Representatives.

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostLife in the Armenian quarter
Older PostKomitas Vardapet, forgotten folk hero

POPULAR

item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Essam Nagy’s documentary “In The Beginning Was Armenia” (Interview)

January 11, 2020
item-thumbnail

Anna Dolabjian: I feel life coaching as a dream coming true

January 18, 2018

LATEST

item-thumbnail

Armenians of Iraq: A Community on the Brink

April 18, 2025
item-thumbnail

Camp Bjni launched in Armenia

March 26, 2025
item-thumbnail

The Nagash Ensemble of Armenia

March 8, 2025
item-thumbnail

The Armenian Genocide and Legal Paths to Resolution

April 14, 2024
item-thumbnail

The legacy of Berj Aprahamian

February 6, 2024

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations
Helen Ray Harrington on From 1979 until the formation of Micromania Group

Categories

  • American Armenians
  • Applications
  • Armenia
  • Art
  • Books
  • Business
  • Celebrations
  • Chinese Armenians
  • Courses and Camps
  • Culture
  • Cyprus Armenians
  • Diaspora Armenians
  • Documentaries
  • Education
  • Egyptian Armenians
  • Energy
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Festivals
  • French Armenians
  • Genocide
  • Greek Armenians
  • Heritage
  • History
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Jerusalem Armenians
  • Language
  • Lebanese Armenians
  • Media
  • Middle East Armenians
  • Music
  • Poetry
  • Politics
  • Religion
  • Research
  • Rural Armenia
  • Saudi Arabia Armenians
  • Science
  • Social Platforms
  • Syrian Armenians
  • Tourism
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • YouTube
  • Contact

RANDOM POSTS

item-thumbnail

Սփյուռքի նախարարությունում տեղի ունեցավ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրման 100 ամյակին նվիրված նամականիշի մարում և գիտաժողով

item-thumbnail

Tactical Print launches donation drive for advanced 3D printing lab

item-thumbnail

Nana Aramyan’s art and her exceptional inspiration

TAG CLOUD

Applications Appstore Ararat Province Armenian Americans Armenian Art Armenian Design Armenian Fashion Armenian Genocide Armenian Language Army Art Center Athens Basra Armenians Camps Chinsurah COAF Diaspora Armenians Diaspora Topics Donations Education Egyptian Armenians Essam Nagy Genocide Ghukasavan History Immigration Iraqi Armenians Istanbul Kevrok Mourad Kolkata Krikor Jabotian Lebanese Armenians Momjian Nutrition Play Store Printing Research Rural Armenia Summer Camps Syrian Armenians Turkish Armenians UAE Armenians Vartine Ohanian West Bengal Western Armenian

Search this website

© 2026 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll