
Հարցազրոյց Ռիչըրտ Թնկրեանին հետ
Ազատ-Հայ կայքին յատուկ
Աշխարհի մայրաքաղաքը կոչուող այս հսկայ քաղաքին՝ Նիւ-Եորքի մէջ, ուր ամպերուն հետ մրցող, դէպի երկինք սլացող շէնքերը կը շրջապատեն քեզ, մինչ գետնափոր զարմանալի ուղիներ, սլացող գնացքներով կը փոխադրեն անհամար թուաքանակով ու ազգութեամբ՝ խլուրդներու նման վազվզող մարդիկ, կեանքը կը տրոփէ այլազան սրտերու զարկերուն ու ներբաններուն հեւքին հետ։
Գետնուղիէն դուրս գալով կը բարձրացնես գլուխդ բարձրեալին փառք տալու, որ քեզի շնորհած է արեւ, թթուածին ու առատ կանաչութիւն … կը գովաբանես դէպի երկինք սլացող այս շէնքերը ծրագրող ու իրագործող մարդոց ու կը միանաս ?Մանհադըն?ի պողոտաները ողողող մարդոց հոսքին?
Կ՛ըսեն թէ աշխարհի որ անկիւնը երթաս հայ կը գտնես ու ան անպայման ճարտար ձեռքեր կ՛ունենայ, գովելի իմաստութիւն .. նաեւ կը պատմեն թէ հայ մարդ մը երբ աւանդեց հոգին ու թակեց դրախտի դուռը, Գաբրիէլ հրեշտակէն փոխանակ լաւ իջեւան խնդրելու, հարցուց հայու ներկայութեան մասին, որուն հետ կարենայ շարունակել երկրի վրայ տակաւին կիսաւարտ մնացած խմիչքի սեղանը, հայ ազգի յիշատակը պանծացնող կենացները եւ անհատնում զրոյցը կուսակցութիւններու, հայկական հարցի անլուծելիութեան մասին։
Երբ կը դիտէի երկնքասլաց այդ շէնքերը, որոնք մօտաւոր կղզիի տեսադաշտէն մանրակերտներու տեսքը ունէին, ինծի փսփսացին, որ այդ շէնքերուն մէջ հայու մատնահետքեր կան, մանրակերտներ պատրաստող հայու.. Ռիչըրտ (Տիգրան) Թնկրեանն էր այդ անուանի ճարտարապետը, որու գրասենեակին մէջ տասնեակ պաշտօնեաներ իր հսկողութեան ու բծախնդիր հոգատարութեան տակ կը պատրաստեն աշխարհի զանազան նշանաւոր քաղաքներու մէջ իրագործուելիք հսկայական շէնքերու մանրակերտները (models):
Տգնաջան աշխատանք ու յարատեւութիւն, փաստօրէն ճարտարագէտ- արուեստագէտի ձեր վաստակը ամրապնդող ամենասեղմ շրջագիծը, որուն արմատները ծնունդ կ՛առնեն ձեր ընտանիքէն, ձեր միջավայրէն, Հալէպէն, ձեր յաճախած վարժարան-ճեմարանէն, ի՞նչ կը պատմէք այս մասին։
Ամերիկա գաղթած եմ Հալէպէն, յաջողութիւնս կը պարտիմ իմ արմատներուս, ծնողքիս՝ հօրս ու մօրս բծախնդիր հոգատարութեան, Հայկազեան վարժարանին ու Քարէն Եփփէ Ազգ. ճեմարանին, ուր ուսում ստանալու կողքին մշակութային սնունդով ալ կը լիցքաւորուէի, ճեմարանի մէջ ցուցահանդէսներու մասնակից դառնալով, ?Ծիլեր? աշակերտական ամսաթերթին մէջ Գեղարուեստական Խմբագրի պաշտօնը ստանցնելով արուեստի ու գրականութեան ակունքներուն կը ծանօթայի եւ ապագայի ուղիս կը ծրագրէի։
Նիւ-Եորք քաղաքը գործարքի, նորութիւններու, ճարտարարուեստի մեծագոյն կեդրոնը կը համարուի, ուր ապրիլը, գործելը, գրասենեակ ունենալը արեւելքէն գաղթած հայու համար հերոսական ճիգերու կը կարօտին, ի՞նչպէս սկսաւ ձեր երթը այս հսկայ քաղաքին մէջ։
Նախքան Նիւ-Եորք հասնիլս, Հալէպէն Երեւան անցայ ճարտարապետութիւն ուսանելու, տարի մը այդ ճիւղին հետեւելէ ետք հարազատներս զիս հրաւիրեցին Նիւ-Եորք ? հոս մթնոլորտը, հարուստ մշակոյթը, խոստումնալից առիթները տեսնելով այն համոզումը ունեցայ թէ այս քաղաքին մէջ պիտի ունենամ իմ ապագայի յաջողութիւններս։ Երեք ամիսներ ետք արդէն որոշումս կայացուցած էի կայք հաստատել Նիւ-Եորքի մէջ եւ ուսումս հոս շարունակել։
Ամերիկայի մէջ ուսանիլը մեծ ճիգեր կը պահանջէ թէ նիւթական թէ աշխատանքային գետնի վրայ։ Ես որոշումս կայացուցած էի ու առանց տատամսելու, լծուեցայ տգնաջան աշխատանքի ապրուստիս եւ ուսմանս նիւթական ծախսերը ապահովելով … երկար ու ծանր 5 տարիներ էին, բոլոր ուժերս լարած աշխատեցայ յամառօրէն երազս իրականացնելու:
Աւարտելէս ետք յայտնի ուսուցիչներ ինծի գործեր կու տային: Այս մէկը հիանալի առիթ էր տաղանդս փաստելու։ Յարատեւ յաջողութիւններ գտնելով ես առաջ անցայ մարտահրաւէրները դիմագրաւելով ու դժուարութիւնները հաղթահարելով, որքան ալ բարդ ըլլային ինծի վստահուած գործերը կը գտնէի հարմար լուծումները։ Ճարտարապետներու միութեան մօտ լաւ հռչակ կը վայելէի։
Տաղանդին առընթեր յստակ երեք բաներ կան հիմնական այս մարզին մէջ յաջողելու համար՝ անհրաժեշտ իրերը, խաղաղ վայրն ու ճիշդ հաշուուած ժամանակը, ու մարդը հրաշքներ կը գործէ կ՚ըսեն, սակայն անոնցմէ երկուքը շատ անգամ զլացուած են ինծի, բայց մարտահրաւէրի կանչելով ինքզինքս ամէն անգամ, ու Աստուծոյ տուած տաղանդը ի գործ դնելով միշտ ալ տուած արդիւնքս արժանացած է տուեալ օրուան մրցանակներուն ու ճարտարապետական մարզին մէջ պատկառելի անձերու գնահատանքներուն։ Սակայն այս երկրին մէջ որքան որ դժուար ու միաժամանակ հաճելի է բարձունքներ նուաճելը, նոյնքան եւ աւելի դժուարին գործ է ձեռք ձգուած մակարդակը պահպանելը։ Այս դարուս երբ այնքան արագօրէն ամէն գետնի վրայ նորութիւններ կը ծագին, քայլ պահելը նոր ճարտարարուեստին հետ, նոր մէջտեղ եկած մանրակերտերու շինանիւթերուն հետ ինքնին յատուկ աշխատանք է։ Անձնապէս միշտ ալ կարելիս ըրած եմ ապահոված մակարդակս աննկուն պահել ու մանաւանդ դէպի առաջ քայլ նետել։
Մանրակերտներ (model) պատրաստելը եղած է ձեր մասնագիտութիւնը, յաջողած էք արուեստը արհեստի զուգընթացելով գեղեցիկը ներկայացնել, իսկ ձեր մանրակերտները իրագործուած են Ամերիկայի, Տուպէի., Հնդկաստանի, Սինկաբուրի ու մէկ խօսքով աշխարհի մեծագոյն քաղաքներուն մէջ, այս մասին ի՞նչ մանրամասնութիւններ ունիք։
Մանրակերտը շատ կարեւոր միջոց է ճարտարապետին համար իր նախագծածին գաղափարը արտայայտելու գործնական գետնի վրայ, նախքան մեծ ձեռնարկութեան մը կառուցումը անպայման պէտք է անոր մանրակերտը տեսնել ու կարծիք տալ, հոս կ՛ուզեմ շեշտել մանրակերտի բծախնդրօրէն ու կատարեալ պատրաստուելու անհրաժեշտութիւնը, որովհետեւ այդ մէկը պիտի օժանդակէ ճարտարապետի ծրագրին յաջողութեան, ոեւէ անհատ կարելիութիւնը չունի թուղթի վրայ նախագծուածի գեղեցկութիւնը կարդալու եւ պատկերացնելու, մանրակերտի երեք հեռաւորութիւններով ներկայացուիլը հնարաւորութիւնը կու տայ դիտողին տեսնել բոլոր մանրամասնութիւնները, պարզապէս աչքի առջեւ ունենալով նախագծուածին փոքր կազմուածքը։
Ինչպէս բժշկական մարզին մէջ իւրաքանչիւր բժիշկ կ՛ունենայ իր մասնագիտութիւնը, ճարտարապետական մարզին մէջ ալ կայ այս պարագան, օրինակի համար ոմանք միայն մարզական դաշտերու նախագծողներ են, ուրիշներ հիւանդանոցներու, ոմանք բնակարաններու, ուրիշներ տարբեր տեսակի նիւթերու ծրագրի մը մէջ օգտագործելու մասնագէտներ են, իսկ մանրակերտներու բաժնի մէջ ալ մանրակերտ-ճարտարապետները այս ուղղութեամբ կը մասնագիտանան։ Մէկ խօսքով մանրակերտը մեծ ծրագրի մը յաջողութեան առաջին օղակն է։
Ես շատ առիթներ ունեցայ մեծ ծրագիրներու մանրակերտները պատրաստելու, օրինակի համար երբ սեպտեմբեր 11-ի դէպքերը պատահեցան շատ մը միջազգային հռչակ ունեցող ճարտարապետներ ուզեցին աւերակի վերածուած այդ հսկայ շէնքերու վայրին մէջ ապագայի ծրագրի իրականացման մասնակցիլ, հետեւաբար պէտք էր արտայայտէին իրենց գաղափարները։ Գաղափարները ներկայացնեու միակ միջոցը մանրակերտն էր: Որովհետեւ լաւ ճանաչողութիւն ունէի ճարտարապետական շրջապատին մէջ, մեծ թիւով ճարտարապետներէ առաջարկութիւններ ստացայ իրենց ծրագիրներու մանրակերտները պատրաստելու։ Ինչպէս ընդունուած է, Նիւ-Եորքը աշխարհի մայրաքաղաքն է, հոն կը գտնուին մեծ ընկերութիւններ, որոնց գլխաւոր գրասենեակը Նիու-Եորքի մէջ կը գործէ ու կը գործակցի աշխարհի տարածքին ունեցած գրասենեակներուն հետ, որովհետեւ իմ գրասենեակս ալ հոս կը գտնուի, անոնք զիս տեղեակ կը պահեն նորանոր ծրագիրներու աշխատանքներուն մասին,այս ձեւով ես շատ մը մանրակերտներ պատրաստած եմ Տուպէյ, Գորիա, Հնդկաստան, Ֆրանսա (Փարիզ), Մոսկուա, Սինկաբուր, Պրազիլ, Չինաստան, Ճափոն, Ֆիճի կղզիներ, Սէուտական Արապիա, Իտալիա, Անգլիա եւայլն..
Այս մանրակերտները ընդհանրապէս փոքր չեն ծաւալով, անոնց մասնիկները նուազագոյն 2-3 մերթր բարձրութիւն ունին շատ անգամ, որոնք յատուկ տուփերու մէջ կը զետեղուին երբ կը փոխադրուին։ Ընդհանրապէս փոխադրելէ ետք տուեալ վայրը` վերահաւաքման աշխատանքներուն անձամբ կը հսկեմ ցուցադրելու համար զանոնք հանրութեան կամ պետական երեւելի անձնաւորութիւններուն։
Ունեցած էք նաեւ ազգօգուտ գործունէութիւն, Westchester-ի եկեղեցին ձեր նախագծով ու ճիգերով կերտուած է, այդ մասին ի՞նչ կը խօսիք։
Փոքր տարիքէս եկեղեցի յաճախելու սովորութիւնը ունեցած եմ, որովհետեւ ծնողքս յարատեւօրէն ամէն շաբաթ տարած է զիս եկեղեցի։
Երբ Հայաստան գացի 1975-ին մեծ երազ ունէի երթալ Էջմիածին մայր տաճար եւ մասնակցիլ հոգեւոր արարողութիւններուն, ունկնդրել Լուսինէ Զաքարեանի երգեցողութիւնը: Եկեղեցի յաճախելու սովորութիւնը պահած եմ մինչեւ օրս, եկեղեցին ձեւով մը ներշնչումներուս աղբիւրը եղած է, տաղանդիս խթանը, ընդհանրապէս երբ եկեղեցի կ՛երթամ յղացումներս կու գան շարականներ ըմբոշխնելով։
Հայաստանի մէջ երբ ազատ ժամանակ կ՛ունենայի նկարչութեան գործիքը վերցնելով կ՛այցելէի եկեղեցիներ կը նկարէի ու կը սերտէի, շատ տպաւորուած էի եւ երազս էր հայկական եկեղեցի նախագծել։Երբ յաճախեցի ամերիկեան համալսարան համաշխարհային ճարտարապետութեան դասաւանդման ընթացքին Հայկական ճարտարապետութեան բաժնի ներկայացումը շատ հպանցիկ էր, հետեւաբար ճարտարապետական պատմութեան ուսուցչիս հետ խորհրդակցելով անկախ ուսումնասիրութիւն պատրաստեցի Հայկական ճարտարապետութիւն թեմայով։Այսպէսով աւելի խորացայ Հայկական ճարտարապետութիւնը արժէւորելով։
Տարիներ վերջ առիթը ներկայացաւ, Westchester քաղաքի հայկական եկեղեցւոյ կղերական՝ Տէր.Գարեգին Գասպարեան զիս տեղեակ պահեց տեղւոյն հայկական եկեղեցին կառուցելու ծրագրի մասին, ու գործնկերոջս՝ ճարտարապետ Վաչէ Արսլանեանին հետ մեր նախագիծը ներկայացուցինք որ մեծ խանդավառութեամբ ընդունուեցաւ եւ արդէն տասը տարի է Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին կառուցուած է, բախտաւոր ենք նաեւ, որ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը ներկայ էր այս եկեղեցւոյ օծման։
Հայկական վարժարաններուն մէջ հայ մանուկներուն մեր այբուբենը գործնականօրէն սորվեցնելու անհրաժեշտութիւնը նաեւ մտահոգած է ձեզ եւ Յովնանեան վարժարանի մէջ այս գծով ձեր ներդրումը։
Ամերիկայի մէջ հայապահպանումը ազգային դժուար պարտականութիւն է, զաւակները հայօրէն դաստիարակելը, հայ լեզու, պատմութիւն սորվելու առիթը ստեղծելը մեծ ջանքեր կը պահանջէ ? ես բախտը ունեցայ զաւակներուս հայկական վարժարանի մէջ ուսման տալու, անոնք աւարտեցին Յովնանեան վարժարանը, որ Նիու-Ժըրզիի մէջ հայ գաղութին գլխաւոր վարժարանն է։
Ամենուրեք մեր Ա.Բ.Գ ը պատերէն կը կախենք որպէս պաշտամունքի առարկայ,. Յովնանեան Վարժարանի Տնօրէնուհի Տիկ. Անահիտ Կարմիրեանին հետ խորհրդակցաբար ուզեցինք զայն վերածել դաստիարակչական գործիքի, զայն դրոշմել փոքրիկներու մտքին ու հոգիին մէջ, որպէսզի հաճոյքով ընդունին մեր այբուբենը, հետեւաբար պատրաստեցի տառերը յատուկ նիւթով մը որ մութին մէջ ալ կը փայլի, իւրաքանչիւր տառի յատկացնելով տարբեր գոյն։ Զանոնք զետեղեցինք Յովնանեան դպրոցի այն սրահին պատին վրայ, ուր աշակերտները ե՛ւ կը ճաշեն եւ տարբեր գործնական դասեր կը կատարեն ու հիւրեր կ՚ընդունին. հետեւաբար անոնք ինքնաբերաբար կը դիտեն ամբողջ պատի տարածութիւնը գրաւող այս տառերը, այս ձեւով փոքրիկներուն մտապատկերին մէջ մեր այբուբենը անուղղակիօրէն կը թափանցէ ու միշտ վառ կը մնայ։ Այս տառերը սերտուած բարձրութեամբ զետեղուեցան, որպէսզի աշակերտները կարենան խաղեր ալ ընել։ Պէտք է ըսել, որ առաջին օրը երբ աշակերտները սրահէն ներս կը մտնեն տպաւորութիւնը այնքան մեծ կ՛ըլլայ, որ փոխանակ ?Հայր մեր?ը աղօթելու կ՛երգեն այբուբենը ..
Իր ուղին որոնող նորաւարտ պատանի-երիտասարդ սերունդին ձեր խօսքը։
Յաջողութիւն գտնելու համար, պետք է առաջնահերթ նպատակ ունենան, գիտնան ինչ կը սիրեն, ինչ կը փնտռեն, հետեւաբար առանց ափսոսալու զոհեն իրենց կեանքէն քանի մը տարիներ, իրենց լաւագոյնը ներկայացնելու չափսոսան, ազդեն շրջապատին վրայ ու վստահութիւն շահին, նաեւ չյուսահատին, եթէ կրցան այս մէկը իրագործել յաջողութիւնը զիրենք պիտի հալածէ։
Մէկ խօսքով ծանր ու յարատեւ աշխատանքով դէպի իրենց երազը անկասկած կը հասնին յաջողութեան։
Հարցազրոյցը վարեց՝ Պերճուհի Աւետեան
Սեպտեմբեր 2008
Նիու-Եորք
Լուսանկարներ՝
1) Քոմքասթ Կեդրոնի շէնքի մանրակերտը- Ֆիլատելֆիոյ բարձրագոյն շէնքը, Ռապըրթ Սթըրն ճարտարապետական գրասենեակի ծրագրումով։
2) Ուեսթչեսթըրի Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին։
3) Ներքին տեսարան